ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ ՎԵՐՅԻՇԵՑ ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՏԻԳՐԱՆ ԷՖԷՆՏԻ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԸ
Գարակէօզեան Տան ընտանիքը երէկ ոգեկոչեց վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիրը՝ երախտաշատ ազգային բարերար Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանը։ Առաւօտուն, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ հոգելոյս Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Եկեղեցւոյ արարողութիւններէն վերջ, յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տրուեցաւ հանգուցեալ Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի Շիշլիի գերեզմանատան շիրիմը։ Այստեղ ալ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով, բիւր յարգանքով ոգեկոչուեցաւ դպրոցի երախտաշատ բարերարը։ Գարակէօզեանցիները գերեզմանատան մէջ բարոյական պարտք համարեցին նաեւ իրենց խոնարհումը բերելու դպրոցի երբեմնի վաստակաշատ տնօրէնուհի Սիրանոյշ Ֆէրուհխանի շիրմին առջեւ։
Գարակէօզեան ընտանիքի ներկայացուցիչները աւելի վերջ անցան դպրոց, ուր ճաշարանին մէջ մէկտեղուեցան սիրոյ սեղանի մը շուրջ։ Սա, միեւնոյն ժամանակ, լուսահոգի Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի տարեկան խորհրդանշական հոգեճաշն է։ Սեղանը օրհնեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, որու կողքին էր Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Դպրոցի երջանկայիշատակ հիմնադրի ոգեկոչման արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան, դպրոցի տնօրէնուհի Նարօտ Քուրուղօղլու, Գարակէօզեան Տան յարակից մարմիններու պատասխանատուներ, կրթական մշակներ, աշակերտներ եւ հիւրեր։ Մասնակիցներու շարքին էր նաեւ ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։