ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Հայկական խորապատկերը այնքան մթագնած է, որ իրերուն, զարգացումներուն ու յատկապէս՝ մօտիկ գալիքին կապուած ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը նետուի օտարներուն վրայ։ Կարծէք բոլորը փողոցը կանգնած են, շարքի կեցած ու մէկը միւսին ետեւէն պատասխանատու մը կը փնտռէ։

Մօտաւոր անցեալին նոյն այդ իրավիճակին ականատես եղանք, երբ ամերիկացիք՝ անտեսելով ամէն սկզբունք եւ հիմնուելով իրենց իսկ ստեղծած փաստերուն վրայ (որոնք փաստէ զատ ամէն բանի կը նմանէին), արշաւեցին դէպի Իրաք։ Տխուրն այն էր, որ ո՛չ միայն արշաւեցին, այլ աւերեցին Իրաքը եւ գետնի հաւասարեցուցին անոր բոլոր գլխաւոր քաղաքները։

Այսօր նոյն այդ ոճին դիմած են՝ հայ ժողովուրդին համար շատ սիրելի ռուսերը, որոնք յար եւ նման ամերիկեան կայսրութեան իրենց «գործընկերներուն»՝ սկիզբը դրած են հրէշաւոր պատերազմի մը, որուն վերջը մինչեւ այս պահը չ՚երեւիր։

Աշխարհը՝ մանաւանդ արեւմտեան աշխարհը, որ հետեւելէ անդին լծուած է այս մեծ հրդեհին յաւելեալ ածուխ հայթայթելով, չի մտածեր պատերազմի հետեւանքներուն մասին։ Զէնք, պարէն, զինամթերք, դեղօրայք, մեծ տիպի զէնքեր, չտեսնուած զէնքեր եւ նմանօրինակ «օժանդակութիւնները» մէկդի նետած են՝ խաղաղութեան հասնելու միտուած բոլոր մակարդակի ճիգերը։ Խաղաղութենէն բացի, երեւելի է նաեւ, որ այս մեծ խաղին մէջ իրենց ըսելիքը ունեցող կողմերը արդէն իսկ դրած են յստակ կանոններ։ Կան, ուրեմն, կարմիր գիծեր ու այդ գիծերով ճշդուած են նոյնիսկ խաղացողներուն համար յայտնի եւ յաճախ ալ աներեւելի սահմաններ։

Այս պատկերը, անշուշտ, ունի տարբեր երեսակներ, կան արտաքնապէս անտեսանելի դրուածքներ, որոնց միացումով ալ պարզ կը դառնայ, որ ամէն ինչ որոշ չափով, ինչ-որ պահու մը համար եւ ինչ-որ շահերու համար արդէն վերահսկելի է։ Օրինակ, վերահսկելի է այս մոլորակի բնակչութեան՝ ողջ մարդկութեան թիւ մէկը համարուող հացահատիկի խնդիրը։ Վերահսկելի է «Զապորոժիա» աթոմակայանին անվտանգութիւնը։ Վերահսկելի է դէպի Խրիմ ճանապարհին անվտանգութիւնը։ Վերահսկելի է Ուքրայնայի մայրաքաղաք Քիեւի աննուաճելի ըլլալու փաստը։ Վերահսկելի է՝ «Արեւմտեան արդի զէնքը մի քանի գլուխ աւելի ազդեցիկ է՝ քան ռուսական զէնքը» չափանիշը։ Վերահսկելի է, որ ՆԱԹՕ-ն ուղղակի բախման մէջ պիտի չմտնէ Ռուսաստանի հետ։ Վերահսկելի է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ բացարձակապէս դէմ է միջուկային որեւէ պատերազմի։ Վերահսկելի է, անշուշտ, որ Ուքրայնան մեծ հաշուով պէտք է դառնայ փլատակ երկիր մը։ Ու տակաւին վերահսկելի պէտք է ըլլայ ցուցակը այն մեծ ընկերութիւններուն, որոնք առաջինը պիտի հասնին Ուքրայնա ու մասնակցին այդ երկրի վերակառուցման մեծ աշխատանքներուն։

Այս բոլորը վերահսկելի են ու անվերջանալի է ցուցակը այն բաներուն, որոնք մաս կը կազմեն «վերահսկելիութեան» սահմանումին ըլլա՛յ ներկայ ժամանակով, կամ ըլլայ ապառնի բայերով։ Ու այս բոլորով հանդերձ, պատերազմը կը շարունակուի ու պիտի շարունակուի, որովհետեւ այս պատերազմի իրական քարտէսը գծողները, որոնք մեզի համար երեւելի դէմքեր ալ չեն, գիտեն՝ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս պէտք է կանգնի այս հրէշաւոր ծրագիրը։

Ամէն պարագայի, այս բոլորը շարադրուած է պարզապէս փորձելով պատասխանել այն հարցադրումին, թէ արդեօք այսօր գոյութիւն ունի՞ «միջազգային հանրութիւն» կոչուած դրոյթ մը։ Պատասխանը՝ ո՛չ է։ Ու աւելի տխուր է, որ շատեր, շատ յաճախ յարգելի անուններ տակաւին կը շարունակեն վազել այդ բառակապակցութեան ետեւէն։ Եթէ կ՚ուզես ամբողջ աշխարհը զարմացնել, եթէ կ՚ուզես նոյնիսկ աղիողորմ հառաչանքներով լալ կամ նոյնիսկ արիւնիլ, այդ հանրային կեցուածքը անդրդուելի է։ Ան՝ միջազգային հանրութիւնը կ՚ապրի, կը շարժի, կը խօսի, կը շնչէ եւ մանաւանդ՝ կ՚որոշէ միայն իր կանոններով։

Ամենատխուրն է, որ այսօրուան «հայկական մեծ պատկեր»ին առջեւ, ուր 120 հազար հայեր պաշարուած կը մնան Արցախի մէջ, մենք՝ հայերս նոյն խղճուկ եւ նոյն կոտրուած թեւերով կը շարունակենք աշխարհին գութը հայցել։ Ու այդ ալ չէր բաւեր, կը շարունակենք դիտարկել նոյն միջազգային հանրութիւնը, կը մտածենք անոր մասին. ո՛ւր որ է պիտի գայ ու փրկէ մեր պատիւը եւ մեր հայրենակիցները։

ԱՆՀԵՏԱՔՐՔԻՐ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՀԱՄԱՐ

Միջազգայնագէտ Սուրէն Սարգսեան կը գրէ. «Գործող աշխարհակարգը ճաքեր տուած է, սակայն, դեռ չէ փլած: Նոր աշխարհակարգը սաղմնային փուլի մէջ է, սակայն, դեռ չի շտապեր ծնիլ»: Այսինքն, աշխարհակարգը իսկապէս փոխուած է, սակայն, ձեւականօրէն տակաւին գոյութիւն ունի Բ. աշխարհամարտի եւ Խորհրդային Միութեան փլուզման հետեւանքով ստեղծուած իրաւակարգը: Միջազգային իրաւունքի որոշ հիմնասիւներ. ինչպէս՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, միջազգային դատարանը, Հելսինքեան մարմինը, ԵԱՀԿ-ը եւ այլ կառոյցներ, կը բխին միջազգային քաղաքականութենէն ու անոր հիմքերը չեն։

Այս կերպարանափոխութիւններուն հետեւանքով միջազգային համաշխարհային հիմնարկները. օրինակ՝ ՄԱԿ-ը, Առեւտուրի կամ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնները, յայտնուած են ճգնաժամի մէջ: Ընդարմացման մէջ յայտնուած են զանազան կառոյցներ. ինչպէս՝ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը, պաշտօնական կամ անպաշտօն տասնեակ դաշինքները:

Գործող աշխարհակարգը վերածուած է համաշխարհային անկարգութեան։ Այս բոլորին պատճառներն են իսկապէս ձեւաւորուած բազմաբեւեռ աշխարհը, որ արդէն յանգեցուցած է համաշխարհային դրամագլուխի փաստացի բաշխման: Համաշխարհային դերակատարներու գործողութիւնները Ուքրայնայի մէջ, մինչ այդ ալ Աֆղանիստանի, Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ կամ այլուր, ըստ էութեան, կը նշանակեն երրորդ համաշխարհային պատերազմ։ Սակայն, ժամանակակից աշխարհին բնորոշ՝ նոր տեսակի աշխարհամարտը ունի նորագոյն դրսեւորումներ. ինչպէս՝ «փրոքսի», «հիպրիտ» պատերազմները, տնտեսական պատժամիջոցները, համացանցի, ճարտարարուեստի եւ տնտեսական պատերազմները եւ այլն: Համաշխարհային դերակատարներու գործողութիւններուն բերումով կ՚աշխուժանան նաեւ գերտէրութիւնները եւ տարածաշրջանային գերտէրութիւնները. օրինակ՝ Թուրքիա, Հնդկաստան, Փաքիստան։ Այս բոլորին հետեւանքով միջազգային հանրութիւնը, որ աւանդապէս կ՚ընկալուի որպէս արեւմտեան հանրութիւն կամ յառաջադէմ աշխարհ, կ՚ուզէ, թէ Եւրոպայի խնդիրները ըլլան աշխարհի խնդիրներ, բայց աշխարհի խնդիրները չըլլան իրենները:

Այսօր Արցախի մէջ շրջափակում է: Սա ոչինչով կը տարբերի Հիթլերի կողմէ Լենինկրատի շրջափակումէն: Սակայն, սա միջազգային հանրութեան համար հետաքրքրական խնդիր մը չէ: Գուցէ, նաեւ մեր հանրութեան մեծ տոկոսին համար ալ առանձնապէս հետաքրքրական չէ…։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023