ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԶՈՀ՝ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆԻՆ
Ազգի մը մէջ ամենէն մեծ դժբախտութիւնը սկիզբ կ՚առնէ ա՛յն ժամանակ, երբ հաւաքական շահը կը սկսի իր տեղը զիջիլ անհատականին ու մարդ հաւաքականութեան շահերով առաջնորդուելու փոխարէն աւելի նախամեծար կը նկատէ իր անձնական շահերը: Հաւաքականը անհատականին զիջելուն արդիւնքները ամենայն յստակութեամբ կրնանք տեսնել հայոց պատմութեան էջերուն մէջ՝ սկսելով Մերուժան Արծրունիէն, Վասակ Սիւնիէն, Վեստ Սարգիսէն հասնելով մինչեւ Յարութիւն Մկրտչեան, Դհերցի Դաւիթ եւ ուրիշներ, որոնք հաւաքական շահերը զոհելով հանդերձ անհատականին մէջ եւս յաջողութիւն մը չունեցան:
Մեր հասարակութեան մէջ պաշտօնի կոչուող գրեթէ ամէ՛ն անհատ միշտ ալ անհատականն ու հաւաքական շահերը կը շփոթէ եւ պաշտօնի կոչուած հաստատութեան, կուսակցութեան կամ կազմակերպութեան ծառայելու եւ այդ հաստատութիւններուն հաւաքական շահերն ու նպատակները հետապնդելու փոխարէն սկիզբ կ՚առնէ անհատական քարոզարշաւ մը՝ անհատական շահերուն գոհացում տալու նպատակով: Այս ախտը մենք կ՚ապրինք գրեթէ բոլո՛ր ոլորտներու պարագային՝ ազգային թէ հոգեւոր, կուսակցական թէ բարեսիրական բոլոր կազմակերպութիւններուն մէջ: Յաճախ կը մոռնանք, որ պաշտօնի կոչուող իւրաքանչիւր անձ իր անունը անմահացնելու մարդկային տկար գաղափարով առաջնորդուելու փոխարէն առաջնահերթ պէտք է նկատէ հաստատութեան կամ կազմակերպութեան անունը անմահացնել եւ անոնց առաքելութեան հաւատացողները ո՛չ թէ իր՝ այլ անոնց կապէ:
Աւելի յստակ ըլլալու համար տանք օրինակներ իրական կեանքէ վերցուած.-
- Հայ Առաքելական եկեղեցիներէն մէկուն մէջ երիտասարդ մը դպրապետութեան պաշտօն ստանձնած էր եւ յաջողած էր մի քանի տասնեակ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ հաւաքել իր շուրջ եւ սիրուն պատարագի երգեցողութիւն մը կատարել: Մի քանի տարի ծառայելէ ետք երիտասարդը որոշեց դուրս գալով դպրապետութեան պաշտօնէն ու մեկնիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Երիտասարդ դպրապետին մեկնելէն շաբաթ մը ետք մի քանի տասնեակ երիտասարդներէն մնացած էին միայն երեք-չորս հոգի: Մի քանի տասնեակ երիտասարդ-երիտասարդուհիները եկեղեցւոյ հանդէպ կապուածութիւն մը ունենալու փոխարէն կապուած էին երիտասարդ դպրապետին, մոռնալով որ անձերը գնայուն են, իսկ այլ արժէքներ մնայուն:
- Լիբանանի Հայկական ակումբներէն մէկուն մէջ մի քանի տարի սկաուտներու պատասխանատու նշանակուած էր Սարգիս անունով երիտասարդ մը. ակումբի երիտասարդներու թիւը քիչ չէր. բոլորն սիրելով ու նուիրումով կու գային ակումբ: Երկու շրջան պատասխանատուի պաշտօնը ստանձնելէ ետք՝ օրէնքներու կարգով պաշտօնը տրուեցաւ այլ երիտասարդի մը: Մինչեւ այդ օր ակումբ յաճախող երիտասարդները որոշեցին ակումբ չգալ մի քանի տարի՝ մինչեւ որ դարձեալ Սարգիսին յանձնուի պաշտօնը: Վերջաւորութեան ի յայտ եկաւ, որ Սարգիս ի՛նք համոզած էր երիտասարդները այդ որոշումը կայացնելու համար: Փաստօրէն երիտասարդներ ո՛չ ակումբին եւ ո՛չ ալ անոր գաղափարախօսութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն կամ նուիրում ունէին. իրենց համար կարեւոր էր Սարգիսը:
Կարելի է նման հազար ու մէկ դէպք յիշել մեր հայկական իրականութենէն ներս, որովհետեւ մենք անձը գործէն եւ անձը կազմակերպութենէն կամ հաստատութենէն զատորոշելու դժուարութեամբ կը տառապինք:
Այսօր կազմակերպութիւններու, ակումբներու եւ գրեթէ՛ բոլոր հաստատութիւններու մէջ՝ ներառեալ պետական կառոյցներու մէջ կողոպուտ ու գողութիւն կը կատարուի եւ այս բոլորին դիմաց կը լռեն բոլոր անոնք՝ որոնք նոյնպէս շահ եւ ակնկալիք ունին այդ կողոպուտէն. որովհետեւ հաւաքական շահերը ոտնակոխ ընելով բոլորն ալ կը նախընտրեն անձնական շահերը մեծարել՝ քան հաւաքական շահերու համար պայքարիլ:
Տակաւին երկար ժամանակի կարիքը ունինք հասկնալու համար, որ կազմակերպութեան մը ներկայացուցիչը եւ կազմակերպութիւնը կարելի չէ նոյնացնել. եթէ այսօր Գարեգին կամ Արամ Վեհափառները չես սիրեր, իրաւունք չունիս չսիրելու Էջմիածինն ու Անթիլիասը, որովհետեւ անձերը ժամանակաւոր են եւ հաւաքական շահը կազմակերպութեան յաւերժութիւնը ապահովելն է եւ ո՛չ անձերու: Եթէ այսօր կուսակցութեան մը գլուխը գտնուողը չես սիրեր, իրաւունք չունիս կուսակցութիւնը չսիրելու: Այնպէս ինչպէս այսօր Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանը չսիրողները Հայաստանը չեն ատեր՝ այլ անոր գլուխը գտնուող իշխանութիւնը, նոյնպէս ալ պէտք է գիտնալ անձը զանազանել հաստատութենէն եւ հաւաքականը զատորոշել անհատականէն:
Հաւաքականը անհատականին համար զոհողներու կողքին հայ ժողովուրդը ունեցած է անհատականը հաւաքականին համար զոհողներ եւս. օրինակ մը տալու համար յիշենք Սերժ Թովմասեանը, որ տասնեակ երիտասարդներու կեանքը փրկելու սիրոյն, առանց իսկ վայրկեան մը տատամսելու կամ մտածելու ինքնակամ պառկեցաւ սխալմամբ բացուած ռումբին վրայ եւ նախընտրեց իր կեանքի գնով փրկել տասնեակ այլ երիտասարդներ:
Այսօր մեզմէ քանի՞ հոգի պատրաստ է հայ ժողովուրդին եւ անոր շահերուն համար թէ՛ իր անհատական շահերը եւ թէ՛ ինքզինք զոհելու... Խօսքով բոլո՜րս ալ պատրաստ ենք:
Մաղթենք, որ չուշանայ այդ գիտակցութեան օրը, որպէսզի կարենանք յստակ զանազանութիւն դնել անձին եւ հաստատութեան միջեւ, հաւաքական շահին եւ անհատականին միջեւ, որպէսզի հաւաքական շահերը հետապնդելով՝ նոյնիսկ անհատական վնասներու գնով տեսնենք մեր ազգի բարձրացումը՝ փոխան մեր անձերուն:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -151-
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրապետ եղած ժամանակ իր ձայնին «վստահող» եւ գրեթէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ շապիկ հագուող կին մը ինքնավստահութեամբ հետեւեալը ըսաւ. «Բոլոր դպրապետները մի՛շտ կը զանգեն որպէսզի երթամ իրենց եկեղեցին շապիկ հագուիմ եւ երգեմ... դուն ինչո՞ւ չես զանգեր...»:
Պատասխանս յստակ էր.
-Եթէ պիտի գաս, շապիկ հագուիս ու երգես ո՛չ թէ ինծի՝ այլ Աստուծոյ համար պիտի ընես այդ մէկը, հետեւաբար եթէ պիտի գաս Աստուծոյ համար եկուր եւ ո՛չ թէ կախեալ եղիր իմ ըսելէս:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024