ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒԹԻՒՆԸ

Ինքնաճանաչութիւնը՝ առաջին քայլն է մարդուն իր շրջաապատը ճանչնալու եւ յետոյ ճանչնալու ամբողջ տիեզերքը եւ անոր Ստեղծիչը՝ գերագոյն Կամքը։ Արդարեւ, այս ճշմարտութեան կը վկայէ Պիւթագոր երբ կ՚ըսէ. «Ճանչցի՛ր ինքզինքդ, եւ պիտի ճանչնաս աստուածներու տիեզերքը»։ Ինքնաճանաչութիւնը, ուրեմն, էական պայման է ըմբռնելու Տիեզերքը իր ամբողջութեան մէջ։

Արդարեւ, ինքնաճանաչութեան այս առաջին քայլին՝ կեանքը կը պարզուի իր բովանդակ էութեանը մէջ, միտքը թռի՛չք կ՚առնէ ժամանակի անանջրպետ եւ անծայրածիր միջոցի մը մէջ, խանդերու եւ սքանչացումներու անհորիզոն երկինքներու ընդմէջէն, թափ տալով սրտի յուզումներուն, տրոփումներուն եւ բաղձանքներուն։ Խորհրդաւորին քօղը կը պատուի եւ մարդը՝ համադրուած իր գաղափարականի (idéal) վեհութեամբ՝ կը տիրանայ իր կոչո՛ւմին։

Եւ ահաւասի՛կ, այս պահուն կը ներշնչուի մարդը. ներշնչումը «deus ex machina» մը՝ «մեքենայական աստուած» մը չէ՛, ինչպէս կը կարծեն կամ կ՚ըմբռնեն ամէն անոնք՝ որոնք «ազատ կամք»ի ջիղը կը վերածեն կտորներու եւ անկապ կը թողուն մարդուն մէջ՝ ի նպաստ աստուածային բռնաւոր եւ եսապաշտ կամեցողութեան մը՝ որ առանց նկատի առնելու տիեզերական կարգուսարքի պահպանման պէտքը՝ իմաստուն եւ յաւիտենականութիւնը թուագիտական ճշդութեամբ մը չափող իմացականութեամբ հիմնադրուած Օրէնքին միջոցով՝ իր քմահաճոյքին խաղալիք կը դարձնէ ե՛ւ բնութիւնը ե՛ւ Օրէնքը՝ արտակեդրոն շեղումներու մէջ դնելով զանոնք։

Ասիկա բացարձակապէս անհնար է։

Ներշնչումը՝ ենթակայական եւ առարկայական է միանգամայն։ Բնութիւնը ինքն տուն կու տայ մարդուն, որ սակայն իրերու ներքինէն աւելի արտաքինին յարելով, հոգիէն աւելի նիւթին կառչելով՝ կը կորսնցնէ իր կոչումին յատկութիւնը, կուրանալով այն ճոխ եւ պերճ յայտնութեան հանդէպ՝ զոր գերագոյն Հոգին կը պարզէ՝ դարե՜րու ընթացքին մէջ աստիճանաբար, մարդկային հոգիին մէջ…

Ներշնչումը՝ իր վերլուծական եւ ստուգաբանական առումովը, առարկայական (objectif) յայտնութեան մը (révélation) եւ ենթակայական (subjectif) յայտնատեսութեան մը (intuition) դէպի մարդը գործակցութեան հոգեխօսական (psychologique - հոգեբանական) խորհրդաւոր արտայայտութիւն մըն է՝ մարգարէական կամ տեսանողական թափանցած շունչով մը ոգեւորուած։

Գերագոյն Եսին, կամ գերազանց Տեսլականի մը կենսականութեամբ մարդկային «ես»ին շնչաւորումն է այն, որ անհատական հզօր կամեցողութեամբ, մարդկային «ես»ին ընդառաջ կ՚ենթակայանայ։

Այս ներշնչումը առաւել կամ նուազ ուժգնութեամբ մը՝ հասարակաց է բոլոր կրօններու խորհրդագէտներուն եւ յատկապէս Իսրայէլի յստակատես «նապի»ներուն՝ որոնք կրօնը նիւթականացնող միջոցի եւ ժամանակի պայմաններէն զերծ՝ արթուն եւ խոր գիտակցութեան մը լոյսով նախագուշակները եւ ռահվիրաները եղան Յայտնութեան մեծ Կրօնին…։

Արդարեւ, մարդուն համար կատարելութեան ճամբուն լոյսը եւ ուղեցոյցն է ինքնաճանաչումը։ Այն որ գիտէ ինքզինք, գիտէ նաեւ իր ճամբան, քանի որ կեանքի ճամբուն վրայ ան կը քալէ գիտակցաբար, քայլերը ուղիղ կ՚ըլլան անոր, որովհետեւ իր անձին համեմատ են անոնք։ Մարդ երբ գիտէ իր թերութիւնները՝ ըստ այնմ կը շարժի, մարդ երբ գիտէ իր տկարութիւնները՝ ըստ այնմ կը վարուի։ Ան գիտէ զանազանել չարը եւ բարին, վնասակարը եւ օգտակարը։ Այս իմաստով ինքնաճանաչումը առաքինութիւն մըն է՝ որ կը չափաւորէ մարդը իր զգացումներուն եւ մտածումներուն մէջ, եւ կը կանոնաւորէ կեանքը։

Հոգեւոր արարած ըլլալով՝ մարդը, Աստուծոյ հետ իր ունեցած «բարեկամութիւն»ը կրնայ ապրիլ միայն Աստուծոյ նկատմամբ ազատ հնազանդութեան ձեւին տակ։ Ասոր արտայայտութիւնն է «բարի»ին եւ «չար»ին գիտութեան ծառէն ճաշակելու մարդուն վրայ դրուած արգելքը, «որովհետեւ այն օրը որ ուտես անկէ, պիտի մեռնիս». (ԾՆՆԴ. Բ 17)։

«Բարիին եւ չարին գիտութեան ծառը». (ԾՆՆԴ. Բ 17) խորհրդանշականօրէն կը յիշեցնէ անանցանելի սահմանը՝ զոր մարդը իբր արարած պարտի ազատօրէն ընդունիլ եւ ամենայն վստահութեամբ յարգել։

Մարդը կախում ունի Արարիչէն, ան ենթակայ է արարչութեան օրէնքներուն, արարչագործութեան ծրագրին եւ բարոյական կանոններուն, որոնք կը կանոնաւորեն ազատութեան գործածութիւնը։

Ահաւասիկ, այս կէտին, կարեւորութիւնը կը տեսնուի ինքնաճանաչութեան։ Մարդ իր ազատութիւնը կարենալ վայելելու համար, նախ պէտք է ինքզինք վայելէ։ Մարդուն ամենամեծ զօրութիւնը ինքզինք ճանչնալը եւ ինքզինք վայելելն է, այսինքն վարուիլ իր ուժերուն, իր յատկութիւններուն համեմատ եւ այն ատեն ահաւասիկ ան արժանի կ՚ըլլայ իր կոչումին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 25 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023