ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԸՆՏԻՐ ՄՇԱԿ ԸԼԼԱԼ
Վաղուան Ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 61.10-62.9:
Պօղոս առաքեալին Տիմոթէոսին ուղղած երկրորդ նամակէն 2.15-26:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 6.15-21:
Պօղոս առաքեալ իր աշակերտին՝ Տիմոթէոսին ուղղած երկրորդ նամակին մէջ այսպէս կը յանձնարարէ անոր.
«Ջանա՛ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ, այնպիսի մշակ մը՝ որ իր գործերուն համար ամչնալիք բան մը չունի, որպէս մէկը՝ որ ուղիղ կերպով կ՚ուսուցանէ Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամը։
Հեռո՛ւ կեցիր հաւատքի ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող պարապ վիճաբանութիւններէ, որոնք հետզհետէ մարդիկը Աստուծմէ հեռացնելու կը ծառայեն միայն։ Այդպիսի խեղաթիւրող վիճասէրներ էին Հիմենէոս եւ Ֆիլետոս, որոնք ճշմարտութենէն շեղեցան եւ շատերու հաւատքը քանդեցին, ըսելով՝ թէ մեռելներու յարութիւնը արդէն տեղի ունեցած է։ Բայց Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը կանգուն կը մնայ։ Անոր վրայ գրուած է. «Տէրը կը ճանչնայ անոնք՝ որոնք Իրն են», եւ «ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայ անիրաւ գործերէ»։
Մեծ տունի մը մէջ միայն ոսկիէ եւ արծաթէ անօթներ չեն ըլլար, այլ նաեւ փայտէ եւ կաւէ անօթներ։ Յստակ է՝ թէ առաջինները թանկագին են, իսկ միւսները՝ անարժէք։ Արդ, ով որ ինքզինք մաքրէ նման մեղքերէ, Տիրոջ համար թանկագին անօթ մը կը դառնայ, մաքուր եւ պատրաստ՝ ամէն տեսակի բերրի ծառայութիւն մատուցանելու։
Երիտասարդական ցանկութիւններէն փախչէ՛, եւ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան եւ սրբութեան հետամուտ եղիր, անոնց պէս՝ որոնք մաքուր սիրտով կ՚աղօթեն Աստուծոյ։ Յիմար եւ անօգուտ վէճերէ հրաժարէ՛, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծագին։ Աստուծոյ ծառան պէտք չէ կռուի, այլ պէտք է հեզ ըլլայ բոլորին հանդէպ, կարող ըլլայ Աւետարանը սորվեցնելու, ներողամիտ ըլլայ՝ որպէսզի քաղցրութեամբ խրատէ հակառակողները, որովհետեւ Աստուած միշտ ալ առիթ կու տայ, որ անոնք դառնան իրենց սխալէն եւ ճշմարտութիւնը ճանչնան, եւ զգաստանալով՝ դուրս գան Սատանային որոգայթներէն, որոնց մէջ բռնուած՝ անոր կամքը կը կատարեն»:
Սրբազան Պօղոս առաքեալը այս հատուածին մէջ Տիմոթէոսին կը խօսի, թէ ի՛նչպիսին պէտք է ըլլայ ընտիր մշակ մը եւ մանրամասն թելադրութիւններ կու տայ անոր:
Արդարեւ, այս խօսքերը ճիշդ է, որ ուղղուած են Տիրոջ սպասաւորներուն, սակայն միաժամանակ ուղղուած են իւրաքանչիւր քրիստոնեայի, որովհետեւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ խորքին մէջ Տիրոջ համար սպասաւոր է եւ այդպիսին պէտք է ըլլայ:
Այսօր, մանաւանդ մեր հոգեւորականներու դասը կարիքն ունի լաւապէս կարդալու, սերտելու, ըմբռնելու եւ խորհրդածելու Պօղոս առաքեալին տուեալ հատուածը, որով եւ վերարժեւորելու իրենց բռնած ուղին եւ որդեգրած մարտավարութիւնը, քանի որ այսօրուան աշխարհը այնքան գայթակղալից է, որ բոլորն ալ իր գայթակղութեան յորձանուտին մէջ կուլ կու տայ, եւ հոգեւորականները մանաւանդ, եթէ ուշադիր եւ զգաստ չըլլան, կրնան գայթակղութեան պատճառ դառնալ ու շատերը գայթակղեցնել, եւ իրենք իրենց բերել այն վայը, որ Տէր Յիսուս կ՚ըսէ. «Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան: Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին, քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր» (Ղկ 17.1-2). հետեւաբար պէտք է զգուշանալ գայթակղութեան պատճառ չդառնալու ուրիշներուն:
Անցնինք Առաքեալի խրատներուն:
ա. Ջանա՛ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ, այնպիսի մշակ մը՝ որ իր գործերուն համար ամչնալիք բան մը չունի, որպէս մէկը՝ որ ուղիղ կերպով կ՚ուսուցանէ Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամը. իւրաքանչիւր հոգեւոր սպասաւոր պէտք է ամէն ջանք գործադրէ, որպէսզի Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլայ, այսինքն՝ իւրաքանչրիւր սպասաւոր պէտք է լաւագոյն կերպով կատարէ իր սպասաւորութիւնը: Ինչպէս երբ դպրոցէ կամ համալսարանէ ներս քննութեան կը պատրաստուինք, եւ կամ ինչպէս աշխատանքի ընդունելութեան քննութեան կը պատրաստուինք, ամէն տեսակի զգուշաւորութիւն կը ձեռնարկենք, լաւապէս կ՚ուսումնասիրենք պարագաները, թելադրուած դասերը լաւապէս կը պատրաստենք, եւ նո՛ր միայն կը ներկայանանք քննութեան՝ յաջողութեան հասնելու ակնկալիքով, նոյն ձեւով եւ աւելիով նաեւ պէտք է վարուինք մեր Երկնաւոր Հօր հետ, Անոր աչքին ըլլալով ընտիր մշակ, որ իր գործերուն համար ամչնալիք բան մը չունի:
Մարդ որպէսզի իր գործերուն համար ամչնալիք բան չունենայ, ապա պէտք է նախ եւ առաջ ինք գործադրէ այն բաները, որոնց մասին կ՚ուսուցանէ կամ կը պատրաստուի ուսուցանել ուրիշներուն: Լաւագոյն օրինակը, արդարեւ, կենդանի տիպարն է, այսինքն՝ իր քարոզած խօսքերուն՝ իր գործերով կենդանի վկայութիւն եղողը:
բ. Հեռո՛ւ կեցիր հաւատքի ճշմարտութիւնները խեղեթիւրող պարապ վիճաբանութիւններէ, որոնք հետզհետէ մարդիկը Աստուծմէ հեռացնելու կը ծառայեն միայն. երկրորդ կէտով Առաքեալը կը թելադրէ Տիմոթէոսին հեռու մնալ հաւատքի ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող պարապ վիճաբանութիւններէն, որոնք միայն մարդը Աստուծմէ հեռացնելու կը ծառայեն: Այսօր ինչքա՜ն մեծ է թիւը այսպիսիներուն: Բազմաթիւ հոսանքներ յառաջացած են, այսպէս կոչուած Աստուծոյ եկեղեցի անունին տակ, մէջտեղ ելած են բազմաթիւ «քարոզիչ»ներ, որոնք Աստուածաշունչի մէկ-մէկ գիտուններ ներկայանալով, բազմաթիւ մարդոց գայթակղութեան պատճառ կը դառնան, զանոնք հեռացնելով Աստուծմէ: Արդարեւ, այդ ինքնակոչ քարոզիչները Աստուածաշունչ կը քարոզեն՝ Աստուածաշունչը յարմարեցնելով իրենց կեանքին, եւ ո՛չ թէ իրենց կեանքը յարմարեցնելով Աստուածաշունչին: Երբ այս քարոզիչներուն հետ խօսքի բռնուիք, ապա յանկարծ կը ջղագրգռուին, կը բարկանան, կը կարմրին, բարձրաձայն կը սկին խօսիլ, փորձելով ազդեցութիւն գործել դիմացինին վրայ: Շատ յաճախ կը յաջողին իրենց այս խաբէութիւններուն մէջ, սակայն երբ փորձէք հակառակիլ անոնց, ապա այնպիսի կատաղութեամբ կը յարձակին իրենց խօսակիցին վրայ, որ անպայմանօրէն մարդ կը ստիպուի վիճիլ անոնց հետ. ահա այս եւ նման վէճի տանող խօսակցութիւններէն է, որ կը զգուշացնէ Առաքեալը, յորդորելով չտարուիլ նման վիճաբանութիւններէ, որոնք մարդուն հաւատքը կը խեղաթիւրեն եւ զինք օր օրի, սակաւ առ սակաւ Աստուծմէ կը հեռացնեն:
գ. Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը կանգուն կը մնայ։ Անոր վրայ գրուած է. «Տէրը կը ճանչնայ անոնք՝ որոնք Իրն են», եւ «ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայ անիրաւ գործերէ». Աստուծոյ համար Իր ընտրեալները ճանաչելի են եւ Ան լաւապէս կը ճանչնայ Իրեն հաւատացողներն ու Իր կամքով ապրողներն ու առաջնորդուողները: Այս ճանաչումին լաւագոյն օրինակը Տէր Յիսուս Ինք կու տայ՝ հովիւի եւ ոչխարներու օրինակով, երբ կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ իրաւ հովիւը։ Կը ճանչնամ ոչխարներս եւ անոնք ալ զիս կը ճանչնան, այնպէս՝ ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ եւ Ես՝ Հայրը։ Ես կեանքս կու տամ ոչխարներուս համար։ Տակաւին ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս փարախէն դուրս են. պարտաւոր եմ զանոնք եւս ներս բերել։ Անոնք ալ Ինծի մտիկ պիտի ընեն, եւ պիտի ըլլան մէկ հօտ՝ մէկ հովիւով։ Հայրը զիս կը սիրէ, որովհետւ կեանքս կու տամ՝ վերստին առնելու համար զայն։ Ոչ ոք կրնայ կեանքս Ինձմէ խլել։ Ես Իմ կամքովս կեանքս կու տամ։ Իրաւունք ունիմ զայն տալու, ինչպէս նաեւ իրաւունք ունիմ զայն կրկին առնելու։ Ահա այսպէս պատուիրեց Հայրս Ինծի» (Յհ 10.14-18):
Իսկ երկրորդ հատուածով Առաքեալը հետեւեալ թելադրութիւնը կը կատարէ. «Ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայ անիրաւ գործերէ». բոլոր անոնք որոնք Տիրոջ անունը՝ քրիստոնեայ, կը կրեն, պարտաւոր են հեռու մնալ անիրաւ գործերէ, որովհետեւ Տիրոջ մէջ անիրաւութիւն չկայ, իսկ բոլոր անոնք որոնք անիրաւութիւն կը գործեն, կ՚աղարտեն իրենց մէջ եղող աստուածային նմանութիւնն ու պատկերը, միաժամանակ կ՚անարգեն իրենց կրած անունը:
Հետեւաբար մարդ պէտք է անիրաւութենէ եւ անիրաւութիւն գործելէ հեռու մնայ, որպէսզի անաղարտ պահէ Աստուծոյ անունը եւ զերծ մնայ Աստուծոյ բարկութենէն, քանի որ ըստ Սարգիս Շնորհալի Վարդապետին՝ «Ուր որ անիրաւութիւն եւ զրկողութիւն կայ, այնտեղ է նաեւ Աստուծոյ բարկութիւնը»:
դ. Մեծ տունի մը մէջ միայն ոսկիէ եւ արծաթէ անօթներ չեն ըլլար, այլ նաեւ փայտէ եւ կաւէ անօթներ։ Յստակ է՝ թէ առաջինները թանկագին են, իսկ միւսները՝ անարժէք։ Արդ, ով որ ինքզինք մաքրէ նման մեղքերէ, Տիրոջ համար թանկագին անօթ մը կը դառնայ, մաքուր եւ պատրաստ՝ ամէն տեսակի բերրի ծառայութիւն մատուցանելու. մարդ պէտք է աշխատի, որ միշտ Աստուծոյ աչքին թանկագին ըլլայ, թանկագին ըլլալով՝ մաքուր եւ պատրաստ՝ ամէն տեսակի բերրի ծառայութիւն մատուցանելու: Իսկ մարդ որպէսզի միշտ մաքուր եւ պատրաստ ըլլայ, ինչպէս նաեւ՝ թանկագին, ապա կարիք ունի ծոմապահութեան, աղօթքի կեանքի, հսկումներու, Աստուածաշունչի եւ հոգեւոր գրականութեան ընթերցանութեան:
ե. Երիտասարդական ցանկութիւններէն փախչէ՛, եւ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան եւ սրբութեան հետամուտ եղիր, անոնց պէս՝ որոնք մաքուր սիրտով կ՚աղօթեն Աստուծոյ. կը յորդորէ երիտասարդները, որպէսզի հեռու մնան, եւ ո՛չ միայն հեռու մնան, այլ՝ փախչին երիտասարդական ցանկութիւններէ, որոնք մարդս կը տանին դէպի անդունդ, դէպի կորուստ, դէպի տարտարոս: Փախչիլն ալ միայն բաւարար չէ, այլ անհրաժեշտ է կառչիլ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան եւ սրբութեան, նմանելով անոնց՝ որոնք մաքուր սիրտով կ՚աղօթեն Աստուծոյ: Ի՞նչ կը նշանակէ մաքուր սիրտով աղօթել Աստուծոյ, այսինքն՝ մաքուր ու դատարկ աղտեղութիւններէ, անիրաւ գործերէ, մեղքերէ, երիտասարդական ցանկութիւններէ եւ աշխարհիկ ամէն տեսակի կախուածութիւններէ:
զ. Յիմար եւ անօգուտ վէճերէ հրաժարէ՛, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծագին։ Աստուծոյ ծառան պէտք չէ կռուի, այլ պէտք է հեզ ըլլայ բոլորին հանդէպ, կարող ըլլայ Աւետարանը սորվեցնելու, ներողամիտ ըլլայ՝ որպէսզի քաղցրութեամբ խրատէ հակառակողները, որովհետեւ Աստուած միշտ ալ առիթ կու տայ որ անոնք դառնան իրենց սխալէն եւ ճշմարտութիւնը ճանչնան, եւ զգաստանալով՝ դուրս գան Սատանային որոգայթներէն, որոնց մէջ բռնուած՝ անոր կամքը կը կատարեն. վերը խօսեցանք վէճերէ զգուշանալու անհրաժեշտութեան մասին. այստեղ Առաքեալը անգամ մը եւս կը շեշտէ այդ հանգամանքը, ա՛լ աւելի մանրամասնելով ու թուելով, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլայ Աստուծոյ մշակը, Աստուծոյ խօսքը քարոզողը:
Առաքեալին այս գրածէն կրնանք առանձնացնել հետեւեալ կէտերը, որոնցմէ պէտք է զգուշանայ Աստուծոյ խօսքի քարոզիչը.
1. Հրաժարիլ յիմար եւ անօգուտ վէճերէ:
2. Զգուշանալ կռիւէ, որովհետեւ Աստուծոյ ծառան պէտք չէ կռուի:
3. Բոլորին հանդէպ պէտք է հեզ ըլլայ:
4. Կարող ու ատակ պէտք է ըլլայ Աւետարանը ուսուցանելու:
5. Ներողամիտ պէտք է ըլլայ, որպէսզի կարենայ քաղցրութեամբ խրատէ հակառակորդները:
6. Պէտք է լա՛ւ գիտնայ, թէ Աստուած միշտ առիթ կու տայ, որպէսզի Աստուծոյ հակառակորդները դառնան իրենց սխալ ճանապարհէն, սատանային որոգայթներէն, ու ճշմարտութիւնը ճանչնան, ճշմարտութեան զինուորներ դառնան ու Աստուծոյ կամքը կատարեն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
24 յունուար 2023, Վաղարշապատ