ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՔՈՒԷՅԹԻ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԻՆ ՀԵՏ

Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութիւններու ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի եւ տարածաշրջանի երկիրներուն մօտ Վատիկանի դեսպան Իւժէն Արք. Նիւճենթի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Քուէյթի արքեպիսկոպոսի պաշտօնարանին մէջ։ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան պապական նուիրակի նկատառման յանձնեց Աստուածաշունչի ընկերութեան լայնածաւալ առաքելութիւնը Արաբական ծոցի երկիրներէն ներս։ Այս շրջանակին մէջ մասնաւորապէս ընդգծուեցան բանուորներու դժուար պայմանները եւ անհրաժեշտութիւնը՝ Աստուածաշունչը հասանելի դարձնելու բոլոր ազգութիւններուն, որոնք կ՚ապրին այդ տարածաշրջանէն ներս։

Հանդիպման աւարտին Հրայր Ճէպէճեան բարձրաստիճան հոգեւորականին նուիրեց իր կողմէ հեղինակուած անգլերէն աստուածաբանական գիրքերէն մէկուն օրինակը։ Այդ գիրքը կը կոչուէր՝ «Աստուածաշունչի յանձնառութիւնը. վերագտնել հաւատք, յոյս եւ անձ»։

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2023