ԵՐԵՒԱՆ ՑԱՒԱԿԻՑ

Երեւանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ արձագանգեց սաստիկ երկրաշարժին, որու ծանր հետեւանքներու լոյսին տակ զօրակցութեան եւ վշտակցութեան պատգամներ հնչեցուց Անգարայի եւ Դամասկոսի ղեկավարութիւններուն։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկան համապատասխան գրառումներով։ «Վշտացած եմ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ պատահած աւերիչ երկրաշարժով, որ այնքան շատ մարդկային կեանքեր խլած է։ Մեր խորին ցաւակցութիւնները զոհերու ընտանիքներուն, իսկ վիրաւորներուն կը մաղթենք շուտափոյթ ապաքինում։ Հայաստան պատրաստ է օգնութիւն տրամադրելու», նշուած է վարչապետ Փաշինեանի գրառման մէջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, աւելի ուշ, երեկոյեան ժամերուն, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեանն ալ երկրաշարժի ծանր հետեւանքներուն կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ «Հայկական կողմը արդէն իսկ յայտարարած է երկրաշարժէն տուժած Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ համար աջակցութիւն տրամադրելու իր պատրաստակամութիւնը։ Այժմ կը քննարկուի տուժած երկիրներուն մարդասիրական ու փրկարարական օգնութեան տրամադրումը», նշեց բանբերը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2023