ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ
Թուրքիոյ արեւելքի, հարաւի եւ հարաւ-արեւելքի քաղաքները ցնցած երկրաշարժին հետեւանքով յառաջացած ընդհանուր պատկերը հետզհետէ կը դառնայ աւելի ծանր եւ ցնցիչ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու կողմէ հրապարակուած վերջին տուեալներուն, երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասած է 6957-ի։ Այս պահու դրութեամբ կայ 38 հազար 224 վիրաւոր։ Միակ մխիթարութիւնը այն է, որ փլատակներու տակէն շուրջ 8 հազար հոգի փրկուած է։ Կացութիւնը իսկապէս ողբերգական համեմատութիւններու կը հասնի Քահրամանմարաշի, Հաթայի եւ Մալաթիայի մէջ։
Միւս կողմէ, երկրաշարժէն ազդուած եւ աղէտի գօտի դարձած Թուրքիոյ տասն քաղաքներուն մէջ հռչակուած է երեք ամիսով արտակարգ դրութիւն։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ ստորագրուած համապատասխան հրամանագիրը արդէն ուժի մէջ մտած է՝ Պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակման զուգահեռ։