Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
ԿԵՍԱՐԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նորընտիր ծխական խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Զատիկ Թոքէրի։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց թաղականները եւ շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։ Իրենց կարգին, թաղականներն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ շեշտեցին, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։ Անոնք յետվաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութիւնը տուին Պատրիարքարան՝ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու համար։
Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական օրհնութիւնը տուաւ ծխական խորհուրդի անդամներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց արդիւնաւէտ գործունէութեան համար։
Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2023