ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գարակէօզեան Տան նորընտիր խնամակալութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց խնամակալներն ու շնորհաւորեց անոնց ընտրութիւնը։ Այցելուներ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ շեշտեցին, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։ Անոնք յետվաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութեամբ եկած էին Պատրիարքարան՝ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու համար։ Տեսակցութեան աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հայրական օրհնութիւնը տուաւ խնամակալութեան անդամներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց կրթանուէր գործունէութեան համար։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2023