ՀԱՍԿՑՈՒԻ՛Լ ԿԱՄ ՉՀԱՍԿՑՈՒԻԼ
«Մարդիկ առաւել եւս կ՚ուզեն հասկցուիլ՝ քան սիրուիլ», ըսած է Ճորճ Օրուէլ։ Ճշմարիտը կ՚ըսէր ան։ Սէրը կրնայ յառաջանալ կեանքի որեւէ փուլին, սէր կը զգանք՝ ծնողին, երեխային, կեանքի ընկերոջ, սիրահարին, մինչեւ իսկ ընտանի կենդանիի հանդէպ: Եւ սա երբեմն կը յառաջանայ՝ նոյնիսկ առանց ջանքի։ Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի «հասկցուած» ըլլալու: Որքա՞ն կը հասկցուինք մենք: Ի՞նչ բաներ կը զոհենք, որպէսզի մեզ հասկնան: Արդեօք մեր կեանքի բուն նպատակը մեզ հասկցող մէկը գտնե՞լն է։ Գրողները ա՞յս պատճառով կը գրեն։ Արդեօք բեմադրիչները ա՞յս նպատակով կը նկարահանեն։ Արդեօք նկարիչ մը ա՞յս պատճառով կը նկարէ: Որքա՞ն հասկցուեցանք մեր կարճատեւ կեանքի տեւողութեան:
Ի հարկէ, ես կ՚ուզէի բարի լուր մը տալ Օրուէլին, որ իր մահէն 70 տարի անց շատ բան փոխուած է։ Այնուամենայնիւ, այսօր, այստեղ, 2023 թուականին, յոյսով կը կրկնեմ «կը հանդիպինք տեղ մը, ուր խաւար չկայ» արտայայտութիւնը, ինչպէս ան ըսած էր իր գիրքերէն մէկուն մէջ։
Ինչպէս Օրուէլ իր կեանքի 48 տարուան ընթացքին փորձեց «լռութենէն» ազատիլ, այնպէս ալ մենք դեռ կը փորձենք «հասկցուիլ»՝ գոնէ մեր ամենահարազատներու կողմէ։ Ի հարկէ, կ՚ուզէի բարի լուր մը եւս տալ Օրուէլին, որ իր մահէն յետոյ շատ բան փոխուած է այս առումով: Բայց եւ այնպէս, մենք չենք լսեր զիրար, չենք ուզեր լսել եւ չենք հասկնար։ Աշխարհի տարբեր անկիւններէն զանազան գրողներ կ՚ենթարկուին նոյն ճնշումներուն, որոնց ենթարկուած էր նաեւ Օրուէլը: Մինչդեռ գիրի մարդը կարեւոր է, մեծ է, ան եւ անոր գրածները կ՚ազդեն լայն ժամանակներ։ Ան իր աջ ձեռքը կը նետէ դարու մը, իսկ ձախ ձեռքը՝ միւսի մը։ Ի հարկէ, անպայման, ոեւէ մէկը, որեւէ տեղ կը հասկնայ այդ գրագէտը եւ կը տարածէ անոր գաղափարները։
Այնուամենայնիւ, կ՚ուզեմ Օրուէլը նորութեան մը մասին տեղեկացնել: «1984» վէպը, որ ան գրած էր 1949 թուականին եւ ի սկզբանէ զայն անուանած էր՝ «Եւրոպայի վերջին մարդը», մինչ օրս լայն շրջանակի մը կողմէ կը կարդացուի ամբողջ աշխարհի վրայ եւ երբեմն ընթերցողը կ՚ըսէ. «Վէպը ճիշդ մեր օրերը նկարագրած է»։ Վէպը երբեմն նիւթ կը դառնայ քաղաքական վէճերու, երբեմն համալսարաններու մէջ կը հետազօտուի եւ հազարաւոր օրինակներով կը վաճառուի՝ որպէս ամենալաւ նմոյշներէն մին՝ «տիսթոփիայի գրականութեան»։ Կը զարմանա՞ր արդեօք Օրուէլ այս բանին։ «Մեծ եղբայր»ը տակաւին կը հսկէ մեզ, կը կարծէ, որ եթէ մեր միտքը վերահսկուի, իրականութիւնը նոյնպէս կը վերահսկուի եւ եթէ բոլոր մարդիկ միաժամանակ հաւատան նոյն բանին, սա կը դառնայ անոնց նոր ճշմարտութիւնը: Ըստ էութեան, տակաւին թարմ է ճշմարտութիւնը փոխելու եւ մարդոց վերահսկուելու պարագան, որոնք Օրուէլի վէպի հիմնական տարրերն են։ Իսկ ազատ կամքի մասին՝ կարիք չկայ նշում ընելու…
Մարդիկ կը բեւեռացուին, մարդիկ զիրար չեն հասկնար, մարդիկ զիրար կ՚ատեն, մարդիկ զիրար չեն սիրեր։ Մէկու մը սխալը քննադատելէ ետք նոյն սխալին զոհը կը դառնան։ Մէկու մը թերութիւնները ընդգծելէ ետք նոյն թերութիւններու ծուղակը կ՚իյնան։ Եւ բոլորս դեռ ակամայ կ՚արտաբերենք այն նախադասութիւնը, որ Օրուէլ ըսած է «Կենդանական ագարակ» վէպի վերջաւորութեան. «Տասներկու ձայն միանգամայն բարկութենէն կը բղաւէին եւ բոլորը իրարու կը նմանէին: Այլեւս կարիք չկար հարցնելու, թէ ի՛նչ պատահած էր խոզերու դէմքերուն: Դուրսի կենդանիները նախ կը նայէին խոզերուն, յետոյ մարդոց։ Անհնար էր զանոնք տարբերել»:
Այնուամենայնիւ, մենք յոյս ունինք, կը փորձենք պահպանել սէրը: Մենք կը կարդանք, կը մտածենք, կը գրենք ինչպէս Օրուէլ՝ հակառակ քաոսին, խառնաշփոթութեան, անորոշութեան, պատերազմներուն եւ ամենակարեւորը՝ չհասկցուած ըլլալուն, կանգուն պահած էր յոյսն ու շարժած էր գրիչը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ