Ո՛Չ ԱՄՉԿՈՏ, ԲԱՅՑ ԻՆՔՆԱՄՓՈՓ ՄԱՐԴԻԿ
Ինքնամփոփ (ներքնամէտ=introvert) մարդիկ յաճախ սխալ կը հասկցուին եւ ներքնամէտ ըլլալը կը ներկայացուի այնպէս, կարծէք անոնք ինքնահաւան, պարծենկոտ կամ գոռոզ են: Բայց այդ մարդիկ յաճախ կ՚ըլլան հիանալի ընկերներ եւ անզուգական գործընկերներ:
Այս մարդիկ առաջին հերթին կը սիրեն առանձին մնալ։ Անոնք ունին իրենց յատուկ ոլորտները, սահմանները, անոնցմէ քիչեր կ՚ընդունին մարդկային հիմնական փիլիսոփայութիւնը: Այս պատճառով, շատ դժուար է մտերմանալ անոնց հետ, բայց եթէ յաջողիք, կ՚ունենաք անկեղծ բարեկամ, որովհետեւ եթէ անոնք մտերիմ յարաբերութիւններ հաստատած են մէկու մը հետ, մեծ ջանք կը գործադրեն այդ բարեկամութիւնը տեւականացնելու համար:
Անոնք առհասարակ մարդոց իրենց մասին տուած գնահատականներուն կամ քըն-նադատութիւններուն կարեւորութիւն չեն ընծայեր։ Իբր այդ, յաճախ յաջողութեան կը հասնին: Արդարեւ, անոնք արտաքին «հաստատումներու» կարիք չունին, երջանիկ են իրենց ներաշխարհին մէջ: Անոնք սակաւաթիւ բարեկամներ ունին։
Անոնք շատ կը կարդան, քանի որ կը սիրեն ինքնուրոյն ժամանակ անցընել։ Այդ պատճառով անոնց զգացական հմտութիւնները զարգացած են: Անոնք մեծ ուշադրութեամբ կը լսեն երբ իրենց երկխօսը բան մը կը պատմէ, կը յիշէ նոյնիսկ աննշան թուացող մանրամասնութիւններ։ Անոնց հետ զրուցելը շատ զուարճալի է, քանի որ դուք ձեզ կը զգաք՝ որպէս կարեւոր անձնաւորութիւն։
Անոնք չեն սիրեր, նոյնիսկ չեն գիտեր իրենք զիրենք մեծարել եւ խղճահարութեամբ կը նային այն մարդոց, որոնք հակամէտ են նման վիճակներու։ Որովհետեւ անոնք չեն սիրեր ուշադրութիւն գրաւել, բայց կը շարժին մեծ պատասխանատուութեամբ։ Եթէ բան մը ընել խոստանան, անպայման կը կատարեն, բայց զայն բարձրաձայնեու կարիք չեն զգար։
Անոնք վստահութեան որոշ խնդիրներ ունին: Անոնց համար շատ դժուար է ուրիշի մը հետ կիսուիլ իրենց անձնական աշխարհը։ Անոնց աշխարհը իրենց ամենամեծ գաղտնիքն է եւ եթէ անոնք բանան իրենց ներաշխարհը մէկու մը, կը կարծեն, թէ դաւաճանած են իրենք իրենց: Այս ինքնամփոփ մարդիկը կը ճանչնան միայն քանի մը հոգի, որոնք կ՚ըլլան անոնց ամենասիրելին:
Անոնք շրջապատի կողմէ յաճախ շատ սխալ կ՚ընկալուին: Իրականութեան մէջ անոնք բաւական նուրբ են ու զգայուն, միշտ կը փորձեն ընել լաւագոյնը։ Անոնք ուրիշները վրդովեցնելու կամ ձանձրացնելու նպատակ չունին, բայց կարգ մը պատճառներով, աշխատանքի մը վերջաւորութեան, սովորաբար իրենք կը զզուին։ Մի գուցէ իրերը գեղեցիկ դարձնելու անոնց նպատակը զիրենք կը դարձնէ գերծանրաբեռնուած։
Ինքնամփոփները իսկապէս լաւ կը ճանչնան մարդիկը՝ շնորհիւ իրենց դիտարկելու ընդունակութեան եւ լաւ ընկալելու մարդոց «վէրքերը»։ Կը փորձեն ո՛չ թէ ճնշել, այլ աջակցիլ։ Այս յատկանիշները շատ հազուադէպ են մարդոց մօտ: Հետեւաբար, անոնք կը նախընտրեն յաճախ վերապահ ըլլալ։ Մէկ խօսքով, անոնք բարի մարդիկ են, ոչ մէկուն վնաս կը հասցնեն եւ ինչպէս կը կարծուի՝ ամչկոտ ալ չեն։
Ինքնամփոփները ընդհանուր առմամբ կ՚ընկալուին՝ որպէս բարդ, խրթին մարդիկ, բայց իրականութեան մէջ անոնք պարզապէս կը նախընտրեն հաւասարապէս, հաւասարակշռուած վերաբերիլ բոլորին հետ եւ պաշտպանել իրենց ներաշխարհը: Իսկ եթէ վիրաւորէք այս մարդիկը, յետոյ կը փակեն իւրաքանչիւր դուռ եւ կը վերադառնան իրենց ներաշխարհը, երբեմն անդառնալիօրէն…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ