ՅՈՒՇԵՐ՝ ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԸՆԷ
Սիրահարներու օրը անցաւ, վերջը անդրադարձայ: Յանցաւորը ես չեմ, մեր հոգիներէն սրբեցին մեր բոլոր տօները: Իսկ տօնը կը բխի քու ներսէդ: Եթէ քու մէջ տօն չկայ, կը պակսի տօնական զգացումը, տրամադրութիւնը, անկարող ես զայն ապրելու:
Այս շաբաթ տօնեցինք Տեառնընդառաջը, այնուհետեւ սիրահարներու տօնը: Բոլոր օր մոռցայ, որ այդ օր մեր տօնն է՝ իմ ու Արիին: Զիրար չշնորհաւորեցինք: Միայն յաջորդ օրը անդրադարձայ. «Գիտես Արի, երէկ մեր տօնն էր: Թող Աստուած աւելցնէ մեր սէրն ու յարգանքը իրարու նկատմամբ: Ամուր ու անբաժան պահէ մեր ընտանիքը, հեռու ամէն տեսակ փորձանքներէ ու փորձութիւններէ»: Այս բարեմաղթանքներու փունջը կարծես փոխարինեց ամէն տեսակ նուէրի՝ ահաւասիկ ամենէն թանկ նուէրը:
Տօներէն իմ մէջ կ՚ապրին Սուրբ Ծնունդն ու Սուրբ Զատիկը, նաեւ զաւակներուս տարեդարձները:
Անդրադառնալով սիրահարներու օրուան, կ՚ուզեմ պատմել տարիներ առաջ իմ ապրած գեղեցիկ օրուան մասին: Այդ օրուընէ անցան 18 գարուններ: 14 տարեկան էի՝ ութերորդ դասարանի աշակերտուհի: Յաճախ կը զգայի ինծի ուղղուած հայեացքները, սակայն իմ ամօթխածութիւնը կ՚արգիլէր աչքերս գետինէն բարձրացնել:
Փետրուարի 14-ն էր: Դպրոցի մէջ դասի էինք: Չեմ յիշեր որերորդ դասաժամէն վերջ, ինծի մօտեցաւ մեր տեղեկատուական երիտասարդ ուսուցչուհին եւ ըսաւ, որ համակարգչային դասարանի մէջ ինծի համար նուէր կայ: Ուսուցչուհիիս անունը Արեւիկ էր, մականունը այսօր չեմ յիշեր: Ան շատ երիտասարդ էր ու անփորձ: Բոլոր աշակերտները զինքը շատ կը սիրէին եւ հաճոյքով կը մասնակցէին անոր դասերուն: Իւրաքանչիւրիս կը ժպտար, կը բաշխէր սէր ու ջերմութիւն: Գնահատելու մէջ ալ բաւական առատաձեռն էր, բոլորիս բարձր գնահատականներ կը նշանակէր: Դասամիջոցներու ընթացքին, միջանցքներու մէջ յաճախ կը հանդիպէի վերջինիս այս կամ այն աշակերտի հետ զրոյցի բռնուած՝ մինչեւ կը հասնէր ուսուցչանոց, յաջորդ դասի զանգը կը հնչէր:
Ուսուցչուհիիս ըսածը զիս շատ հետաքրքրեց, սակայն զանգը հնչեց եւ ես չհասցուցի երթալ իմ նուէրի ետեւէն: Դասի ընթացքին զգացի իմ դասընկերուհիներու հայեացքները: Անոնք բաներ մը կը շշնջային, աչքի տակէն ինծի նայելով կամացուկ մը կը խնդային: Ինքզինքս անհանգիստ զգացի, սակայն տակաւին չէի հասկնար, թէ ինչ կը կատարուի: Իմ կեանքի մէջ առաջին անգամ խորհրդաւոր անծանօթի մը կողմէ պիտի ստանայի նուէր մը:
Երբ զանգը հնչեց, անմիջապէս բարձրացայ վերեւ. տեսայ կարմիր վարդերով ծաղկեփունջ մը եւ գեղեցիկ ծրարուած նուէր մը։
-Այս ի՞նչ է, շուարած հարցուցի իմ ուսուցչուհիին:
-Արեւիկ, այսօր սիրահարներու օրն է: Իմ սիրելի աշակերտներէն մին, որ անտարբեր չէ քեզի հանդէպ, խնդրեց, որ այս նուէրը փոխանցեմ քեզի: Աւելի վերջ ան պիտի յայտնուի, պատասխանեց իմ երիտասարդ ուսուցչուհին:
-Ո՞վ է, անունը ի՞նչ է:
-Չեմ կրնար հարցիդ պատասխանել:
-Ներողութիւն, ես չեմ կրնար այս նուէրը ընդունիլ: Ես անծանօթներէ նուէր չեմ ընդունիր, պատասխանեցի եւ ինքզինքս դուրս նետեցի այդ դասասենեակէն: Ամօթէն կարծես գետինը պիտի մտնէի. կարծես բոլոր դպրոցը ինծի կը նայէր, աննկարագրելի պահեր ապրեցայ: Չէի կրնար պոկել իմ հայեացքը գետինէն: Շատ ամչցայ: Իսկ միւս կողմէ, մինչեւ այսօր զիս կը հետաքրքրէ, թէ ինչ նուէր կար այդ գեղեցիկ տուփին մէջ: Երանի կարենայի աննկատ բանալ զայն ու փակել՝ բաւարարելու համար իմ հետաքրքրութիւնը:
Ի հեճուկս ինծի, այդ օրը մինակ պիտի հասնէի տուն՝ իմ ընկերուհիները կը բացակայէին: Մեր դպրոցի դարպասներուն մօտ զգացի ինծի ուղղուած զոյգ մը փայլուն աչքեր: Այնուհետեւ զգացի ինծի հետեւող զոյգ ոտքեր. «Ո՞վ է արդեօք... Ա՞ն է... Սակայն ինչպէ՞ս... Անկարելի է...»: Շուտով զոյգ ոտքերը հաւասարեցան իմ քայլերուն։
-Բարեւ Արեւիկ: Վայրկեան մը կրնաս կենա՞լ:
-Ո՛չ, կոշտ ու կոպիտ պատասխանեցի ես ու շարունակեցի իմ ուղին:
-Կ՚աղաչեմ, մտիկ ըրէ զիս:
Ես կը շարունակէի քայլել: Ո՛չ անոր երեսը կը նայէի, ո՛չ ալ կը պատասխանէի:
-Շատ յուզուեցայ, որ իմ նուէրը չ՚ընդունեցիր: Ես զայն մեծ սիրով պատրաստած էի քեզի համար: Կ՚աղաչեմ, որ ընդունիս:
-Ես անծանօթներէն նուէր չեմ ընդունիր:
-Եկուր, ծանօթանանք:
-Չեմ ուզեր, հանգիստ ձգէ զիս, պատասխանելով արագացուցի իմ քայլերը:
Ան նոյնպէս: Մինչեւ մեր փողոցը եկաւ: Այդպէս ամէն օր: Ուր որ երթայի կու գար իմ ետեւէն: Այդ տարիներուն դպրոցէն վերջ ես կը յաճախէի երաժշտական դպրոց, թատերական խումբ: Գիտնալով այդ մասին, ան ալ սկսաւ յաճախելու: Ամէն բան կ՚ընէր իմ ուշադրութեան արժանանալու համար:
Սուրիկը մեր դպրոցի ամենագեղեցիկ ու հմայիչ տղաներէն մին էր: Ան ինձմէ մեծ էր մէկ տարի ու կ՚ուսանէր ռուսական խումբի մէջ: Դասերէն վերջ մեր քաղաքի նորաբաց լաւագոյն ճաշարաններէն մէկուն մէջ կ՚աշխատէր որպէս սպասեակ: Ան այնքան գեղեցիկ ու հմայիչ էր, որ բոլոր աղջիկները կը սիրահարուէին իրեն, բացի ինձմէ: Երբեմն ծանօթ ու անծանօթ աղջիկներ մօտենալով ինծի կը խնդրէին, որ զիրենք ծանօթացնեմ անոր հետ։ Ես ալ սիրով կը համաձայնէի: Այսպէս քանի մը ամիս զիս անդադար անհանգստացնելէ վերջ, օր մը յանկարծ անհետացաւ: Ան չդիմացաւ իմ փորձութիւններուն, յոգնեցաւ ու անյայտացաւ...
Իսկ իմ Արին կը դիմանայ, կը հանդուրժէ, կը հասկնայ ու կը սիրէ զիս՝ փոխադարձաբար: Թող սէրը չպակսի մարդոց սիրտերէն:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան