ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈԻՇԵԱՆԻՆ

Ֆրանսական նշանաւոր «լ՚Իւմանիթէ» ամսագիրը փետրուար 16-ին յատուկ թողարկում մը նախատեսած է՝ ի յիշատակ հայ բանաստեղծ, ֆրանսական դիմադրութեան շարժման մարտիկ, հակաֆաշական գործիչ եւ Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանին: Այս մասին գրած է «լ՚Իւմանիթէ»ն՝ նշելով, որ թողարկումը նուիրուած է Միսաք Մանուշեանի աճիւնը Փարիզի Ազգային պանթէոն փոխադրելու ջանքերուն, որ կը տարուին Ֆրանսայի մէջ: Այդ արարողութիւնը նախատեսուած է 2024 թուականին՝ Մանուշեանի մահուան 80-ամեակին առթիւ եւ նոյն թուին 80-ամեակն է նաեւ Ֆրանսայի ֆաշականներէն ազատագուրելուն: Արդէն երկար ժամանակէ ի վեր ֆրանսական դիմադրութեան շարժման հայ գործիչին եւ այդ շարժման եւս քանի մի անդամներուն Պանթէոնի մէջ վերայուղարկաւորելու քարոզչութիւն կ՚իրականացնեն բազմաթիւ անձեր, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ: Անցեալ տարի «Europe1.fr»ը յղում ընելով Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահի մերձաւոր շրջանակներուն՝ գրած է, որ այդ գործը յառաջ տանելու թղթապանակը Էմմաննիւէլ Մաքրոնի սեղանին է եւ ան լրջօրէն կը մտածէ այդ մասին: «լ՚Իւմանիթէ»ն, յատուկ թողարկում նուիրելով Միսաք Մանուշեանին, ծանուցումին մէջ կը գրէ. «Ան մահացաւ, որ Ֆրանսան ապրի»:

Իրաւ, Միսաք Մանուշեան անունը թերեւս աւելի թանկ ու փնտռելի է Ֆրանսայի մէջ, ուր ան, տակաւին 37 տարեկան երիտասարդ, ձերբակալուցաւ, տանջանքներու ենթարկուցաւ եւ երեք ամիս անց՝ 1944 թուականի փետրուար 21-ին, իր խումբի աւելի քան քսան անդամներուն հետ մահապատիժի ենթարկուեցաւ Փարիզի Սիւրրէն արուարձանի Ֆորթ Մոն-Վալերիէն ամրոցին մէջ:

Ամէն տարի փետրուարի այս օրերուն Ֆրանսայի հայ համայնքի զանազան միութիւններ Ֆրանսայի բոլոր հայաշատ քաղաքներուն մէջ կը կազմակերպեն Միսաք Մանուշեանի եւ անոր մարտական ընկերներու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւններ: Կը յիշուի ոչ միայն դիմադրութեան շարժման մարտիկը, այլեւ՝ Մանուշեան գրողը, խմբագիրը, թարգմանիչը, որ անցեալ դարու սկիզբին, մինչ համայնավարութեան շարքերուն անցնիլը, նշանակալի ներդրում ունեցած է ֆրանսահայ գրական, հասարակական կեանքին մէջ:

1906 թուականին Ատըեամանի մէջ ծնած Մանուշեան հոն ապրած է մինչեւ անցեալ դարասկիզբի դէպքերը, որոնցմէ փրկուելով՝ եղբօր հետ անցած է Սուրիա, ապա Լիբանան: 1920 թուականին, Լիբանանի Ճիւնի քաղաքի Հայ Ազգային որբանոցը կ՚ըլլայ կրթութեան առաջին օթեւանը Միսաքին ու իր աւագ եղբօր՝ Կարապետին։ Լիբանանի մէջ ալ կը սորվին ֆրանսերէնը: 1925 թուականին անոնք կը տեղափոխուին Ֆրանսա, սկիզբը՝ Մարսէյլ, ապա կը հաստատուին Փարիզ, ուր Միսաք Մանուշեան կ՚աշխատի գործարանի մը մէջ, իբրեւ բանուոր եւ կը զբաղի ինքնակրթութեամբ: 1930 թուականին ան եղած է «Ֆրանսացի հայ նորագոյն գրողներու ընկերութեան» հիմնադիրներու շարքին։ Իր հայրենակից Սեմային (Գեղամ Աթմաճեան) հետ հիմնադրած է համայնավարական ուղղութիւն ունեցող երկու գրական ամսագիր՝ «Ջանք» եւ «Մշակոյթ», որ կը քարոզէին ձախակողմեան գաղափարներ եւ հայկական մշակոյթի պահպանման ջանքեր կը տանէին տեղւոյն հայերուն մէջ: Միաժամանակ Մանուշեան զբաղած է թարգմանական գործունէութեամբ՝ հայերէնի թարգմանելով ֆրանսական գրականութիւն: Սորպոնի համալսարանին մէջ ալ գրականութեան, փիլիսոփայութեան, պատմութեան ու այլ դասախօսութիւններու յաճախած է:

1934 թուականին Միսաք Մանուշեան կը դառնայ Ֆրանսայի Համայնավարական կուսակցութեան անդամ: 1935-1937 թուականներուն ան խմբագրած է հայերէն «Զանգու» ձախակողմեան շաբաթաթերթը, որ կը քարոզէր խորհրդային գաղափարներ:

Նոյն թուականներուն Մանուշեան գործած է Հայաստանի Օգնութեան կոմիտէին մէջ եւ կոմիտէի կազմակերպած երեկոներէն մէկուն ժամանակ ալ ծանօթացած է իր ապագայ կնոջ՝ պոլսահայ Մելինէ Ասատուրեանին հետ: Յետագային կնոջ հետ ալ մասնակցած է Ֆրանսական դիմադրութեան շարժման, ընդդէմ ֆաշական նուաճողներու:

1939 թուականին, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի յայտարարման օրը Ֆրանսայի իշխանութիւնները արգիլած են կուսակցութեան գործունէութիւնը եւ ձերբակալած է բազմաթիւ անդամներ, այդ կարգին՝ Մանուշեանը, որ ղրկած են Սանտէ բանտը։ Մանուշեանի բնակարանին մէջ կատարուած խուզարկութեան ժամանակ առգրաւուած ու ոչնչացուած են անոր բազմաթիւ ձեռագիրները։ Մանուշեանը ղրկած են Նորմանտի, սակայն կրկին անցած է Ֆրանսա, վերադարձած Փարիզ, կնոջ՝ Մելինէին կանչով, որ պատասխանատու էր Ֆրանսայի Համայնավարական կուսակցութեան մէջ: Հոս ան իր շուրջը խմբած է հայ մտաւորականներ՝ նպատակ ունենալով կազմակերպել միջազգային ջոկատ՝ ֆրանսական դիմադրութեան շարժման մասնակցելու եւ հակաֆաշական քարոզչութիւն ծաւալելու համար։ 1941 թուականին Մանուշեան կրկին կը ձերբակալուի՝ այս անգամ խմբաւորման անդամներուն հետ, կ՚աքսորուի, ուր կը շարունակէ պայքարը, հիմնելով ընդյատակեայ կազմակերպութիւն։ Մանուշեան փախած է ճամբարէն, մասնակցած է զինեալ գործողութիւններու:

1943 թուականին ան կը ղեկավարէր երեք ջոկատ, որոնց մէջ ընդհանուր առմամբ շուրջ յիսուն մարտիկներ կային: Անոնք շուրջ երեսուն յաջող յարձակումներ կատարած են գերմանական նուաճողներուն վրայ, սակայն Մանուշեանին խումբը վարկաբեկելու նպատակով գերմանական ղեկավարութիւնը 15 հազար օրինակով տպագրած է նշանաւոր «Կարմիր պաստառ»ը, ինչ որ ցոյց կու տար, թէ գերմանացիներուն դէմ կը պայքարին ոչ-ֆրանսացիներ: Այդ պաստառին վրայ գրուած էր. «Մանուշեան, խումբի ղեկավար, հայ, 56 յարձակում, 150 զոհ, 600 վիրաւոր»։ Սակայն արշաւը հակառակ արդիւնքը կ՚ունենայ՝ յիշեցնելով ազատութեան մարտիկներու յաղթանակին մասին: Պաստառներուն տակ կը յայտնուէին ծաղիկներ, մարդիկ կը գրէին. «Զոհուած են Ֆրանսայի համար»։

Ֆրանսացի գրող եւ քաղաքական գործիչ Լուի Արակոն բանաստեղծութիւն գրած է «Կարմիր պաստառ» խորագրով, որ յետոյ երգի վերածուած է: Այդ մէկը դարձած էր սիրած երգը բազմաթիւ ֆրանսացիներու, որոնք անով իրենց երախտիքը կ՚արտայայտէին Ֆրանսան ազատագրողներուն:

Մանուշեան կը ձերբակալուի 1943 թուականին, անոր կինը կը յաջողի փախուստի դիմել, բայց հեռակայ կարգով մահուան կը դատապարտուի, ըլլալով փնտռուող: Միսաք Մանուշեան եւ խումբի անդամները մահապատիժի կ՚ենթարկեն մէկ տարի յետոյ:

Յայտնի է նաեւ, որ Մանուշեանի ձերբակալութենէն յետոյ Մելինէ Մանուշեանը իրենց տունին մէջ թաքցուցած է Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքը՝ վտանգելով իրենց իսկ ընտանիքին կեանքը: Մելինէ Մանուշեանի յուշերուն հիման վրայ ֆրանսահայ բեմադրիչ Ռոպէր Կէտիկեան ուշագրաւ շարժանկար մը նկարահանած է՝ «Ոճրագործութեան բանակը» խորագրով, ուր ցոյց կը տրուի Մանուշեաններու կեանքէն մանրամասնութիւններ:

Գնդակահարութենէն առաջ Մելինէին գրած նամակին մէջ Միսաք Մանուշեան կնոջը կը յորդորէ ամուսնանալ եւ երջանկանալ: Մելինէ Մանուշեան տարիներ յետոյ կը ներգաղթէ Խորհրդային Հայաստան, կ՚աշխատի համալսարանին մէջ, սակայն կրկին Փարիզ կը դառնայ եւ հոն ալ կը մահանայ 1989 թուականին: Ան իր յուշերուն մէջ գրած է, որ չի պատկերացներ, թէ ամուսինէն զատ մէկը ի վիճակի էր երջանկացնել զինք, եւ այդպէս ալ չէ ամուսնացած:

Մանուշեանին եւ իր խումբին անունով փողոցներ եւ հրապարակներ կոչուած են Փարիզ, Մարսէյլ, Վալանս եւ ֆրանսական այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Երեւան, ուր պուրակ մը, փողոց մը եւ դպրոց մը անուանուած է ի պատիւ Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանին: Փարիզի մէջ դրուած է անոր յուշարձանը, յետմահու հրատարակուած են գրութիւնները, որոնցմէ մին՝ «Իմ երգը» խորագրով, թարգմանուած եւ տպուած է Երեւանի մէջ:

Միսաք Մանուշեանի վերջին նամակին բնօրինակը՝ գրուած Մելինէին, կը պահուի Քոնկրէսի գրադարանին մէջ:

ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ՝ ԻՐ ԿՆՈՋ

21 փետրուար 1944 թուական,
Ֆորթ Մոն-Վալերիէն

Իմ սիրելի Մելինէ՛, իմ շատ սիրելի որբո՛ւկս.

Քանի մը ժամէն այլեւս պիտի չըլլամ այս աշխարհին մէջ: Շուտով, այս կէսօրէ ետք, ժամը 15-ին պիտի գնդակահարուինք: Ինծի կը թուի, թէ ասիկա պատահականութիւն է իմ կեանքիս մէջ, ես ասոր չեմ հաւատար, բայց նաեւ գիտեմ, որ այլեւս երբեք պիտի չտեսնեմ քեզ:

Ի՞նչ կարող եմ քեզ գրել, իմ մէջս ամէն ինչ անորոշ է եւ միաժամանակ շատ պայծառ: Ես մտած էի ազատութեան բանակ որպէս կամաւոր զինուոր մը եւ ահա կը մեռնիմ յաղթականիս եւ նպատակիս շատ մօտ, բայց՝ չհասած: Երջանկութի՜ւն բոլոր անոնց, որոնք պիտի ապրին մեզմէ ետք եւ պիտի վայելեն գալիք խաղաղութեան եւ ազատութեան քաղցրութիւնը:

Ես վստահ եմ, որ Ֆրանսայի ժողովուրդը եւ ազատութեան համար բոլոր պայքարողները արժանավայել կերպով պիտի պատուեն մեր յիշատակը: Մեռնելուս սա պահուն ես կը յայտարարեմ, որ ոչ մէկ ատելութիւն ունիմ գերմանացի ժողովուրդին հանդէպ եւ ոչ ոքի դէմ, ամէն մարդ կը ստանայ իր արժանի պատիժը կամ ալ՝ պարգեւը: Պատերազմէն յետոյ, որ այլեւս երկար պիտի չտեւէ, գերմանացի ժողովուրդը եւ միւս բոլոր ժողովուրդները պիտի ապրին խաղաղ եւ եղբայրաբար: Երջանկութի՜ւն բոլորին:

Խորապէս ցաւ կ՚ապրիմ քեզի երջանկութիւն պարգեւած չըլլալու համար: Ես շատ կը փափաքէի քեզմէ զաւակ մը ունենալ, ինչ որ դուն ալ մշտապէս կը փափաքէիր: Կը խնդրեմ քեզմէ՝ պատերազմէն յետոյ անպատճառ ամուսնանալ եւ զաւակ մը ունենալ իմ պատուիս համար եւ իմ վերջին կամքս կատարած ըլլալուն համար: Ամուսնացիր մէկու մը հետ, որ քեզ կ՚երջանկացնէ: Իմ բոլոր ունեցածներս կը կտակեմ քեզի, քու քրոջդ եւ անոր զաւակներուն:

Պատերազմէն ետք, իբրեւ իմ կինը, դուն պահանջէ պատերազմական թոշակ, որովհետեւ ես կը մեռնիմ որպէս Ֆրանսայի ազատագրութեան բանակի կամաւոր զինուոր: Պատերազմէն յետոյ, բարեկամներուս օգնութեամբ, անոնք, որոնք պիտի ուզեն յարգել իմ յիշատակս, հրատարակել տուր իմ քերթուածներս եւ այն գրուածքները, որոնք արժանի են ընթերցուելու: Եթէ հնարաւոր է, իմ յիշատակներս տար Հայաստան՝ իմ ազգականներուս:

Քիչ ետք ես իմ 23 ընկերներուս հետ կը մեռնիմ քաջութեամբ եւ հոգիի անդորրութեամբ, կը մեռնիմ իբրեւ մարդ մը, որուն խիղճը շատ հանգիստ է, որովհետեւ ոչ ոքի վնաս հասցուցած եմ եւ եթէ ըրած ալ եմ, ապա այդ մէկը ըրած եմ առանց ատելութեան:

Այսօր արեւոտ օր է, արեւին եւ իմ այնքան սիրածս գեղեցիկ բնութեան նայելով է, որ մնաք բարով կ՚ըսեմ կեանքին եւ ձեզի բոլորիդ, իմ շատ սիրելի կին եւ իմ շատ սիրելի բարեկամներ:

Ես կը ներեմ բոլոր անոնց, որոնք ինծի վնաս հասցուցած են կամ ուզած են ինծի վնասել, բացառութեամբ անոնց, որոնք մեզ դաւաճանեցին իրենց կաշին փրկելու համար, եւ անոնց, որոնք մեզ ծախեցին:

Ուժգին կը համբուրեմ քեզ, ինչպէս նաեւ քոյրդ եւ բոլոր բարեկամները, որոնք կը ճանչնան զիս հեռուէն կամ մօտէն, կուրծքիս կը սեղմեմ բոլորդ: Մնաք բարեա՜ւ:

Քու բարեկամդ, քու ընկերդ, քու ամուսինդ՝
Մանուշեան Միշէլ (քու ջանիկդ)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2023