ՄԻՒՆԻԽԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ, ԻՐԱԿԼԻ ՂԱՐԻՊԱՇՎԻԼԻ ԵՒ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ ԱՅՍՕՐ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԱՍՈՒԼԻՍԻ ՄԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ
Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովը, որ այս տարի 59-րդ անգամ կազմակերպուած է, այսօր կը մէկտեղէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին։ Համաժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած է՝ Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ ասուլիս մը։ Տարածաշրջանի երեք երկիրներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ նախատեսուած այս քննարկումը կը վարէ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտթ։
Նիկոլ Փաշինեան, որ համաժողովին մասնակցելու համար մեկնած է Միւնիխ, ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ։ Այսպէս, վերջին օրերուն ան իրերայաջորդ տեսակցեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի, Իրաքի վարչապետ Մուհամմէտ Շիասուտանի, Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանիի, ինչպէս նաեւ Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի նախագահ Մարիանա Սփոլիարիչի եւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտթի հետ։ Ի դէպ, Շարլ Միշել համաժողովի շրջանակներէն ներս երկկողմանի հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միւնիխի մէջ Փաշինեան եւ Մաքրոն կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն շուրջ։ Համաժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Մաքրոն յայտնեց, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ ըլլալ Հայաստանի կողքին։
Միւս կողմէ, այսօր Միւնիխի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն կը մէկտեղէ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը։ Անշուշտ, այս շը-փումը ունի բացառիկ նշանակութիւն։ Արդարեւ, աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր Ատրպէյճան պաշարած է Արցախը՝ Լաչինի միջանցքը փակ պահելով ան կը խզէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի եւ համայն աշխարհի հետ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, առաջին անգամ է որ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ նոյն մթնոլորտին մէջ պիտի գտնուին եւ ամերիկեան կողմի միջնորդութեամբ պիտի արժեւորեն ստեղծուած իրավիճակը։
Լաչինի միջանցքի փակուելէն վերջ, Հայաստան հրաժարած էր Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպման մը մասնակցելէ։ Ռուսական կողմը երկար ժամանակէ ի վեր վերապահութիւն կ՚արտայայտէ, անհանգստութիւն կը բարձրաձայնէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ, ընդհանրապէս Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն շուրջ Արեւմուտքի՝ մանաւանդ Ուաշինկթընի ստանձնած միջնորդական դերակատարութենէն։ Մոսկուա բոլորովին վերջերս տեղեկացուցած էր, որ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու համար կը շարունակէ մնալ պատրաստակամ։ Մինչ այդ, սպասումները կը շարունակուին, այսօր արդէն ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփում մը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ՝ Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ։
Փաշինեան-Պլինքըն-Ալիեւ այսօրուան հանդիպումը կը նախորդէ Հայաստանի մէջ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ Եւրոմիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան սկիզբին, որ նախատեսուած է այս երկուշաբթի։