«ՀԱՆՔԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԸ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆ Է»

Երկար տարիներէ ի վեր հանքարդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս գնահատելի աշխատանք տարած է Վիգէն Աբրահամեան, որու կարծիքը շօշափեցինք սոյն ոլորտէն ներս իր գործունէութեան եւ դիմագրաւուած հարցերուն շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայցնենք մեր հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Ներկայիս ձեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի հանքարդիւնաբերութիւնը Հայաստանի մէջ։

-Հանքարդիւնաբերութիւնը ոլորտ մըն է, ճարտարարուեստ մըն է, որ գոյութիւն ունի Հայաստանի մէջ։ Այս ոլորտը Կովկասի մէջ ստեղծուած է մօտաւորապէս երկու հարիւր տարի առաջ։ Ցարի ժամանակներէն այս հանքերը սկսան օգտագործուիլ։ 1800-ականներուն, մինչեւ իսկ անցեալ դարու սկիզբը ֆրանսացիները կանչուեցան, որպէսզի օգնեն այս աշխատանքը իրականացնելու։ Անոնք մինչեւ իսկ ձուլարաններ շինեցին, որպէսզի հանքի մետաղները զտուին, մաքրուին։ Ցարի կայսրութեան պղինձի մեծ տոկոսը Հայաստանի հանքերէն կ՚արտահանուէր։

-Դուք բաւական երկար տարիներէ ի վեր կը շփուիք Հայաստանի այս ոլորտի ձեր գործընկերներուն հետ: Այսօր Հայաստանի մէջ այս ոլորտը ապահո՞վ ոլորտ մըն է՝ թէ՛ քաղաքներու մաքրութեան եւ թէ՛ բնակչութեան առողջութեան իմաստով։

-Ես առաջին անգամ Հայաստան այցելեցի 1997 թուականին։ Սկիզբին առիթ ունեցայ շփուելու Ճարտարագիտական համալսարանին հետ։ Այն ժամանակ կ՚աշխատէի գանատական «Քլէնքոր կրուփ»ի հետ, որ հանքարդիւնաբերութեան միջազգային ամենամեծ ընկերութիւններէն մին էր։ Տարրալուծարանին մէջ հետազօտական աշխատանք կ՚ընէի։ Ուրիշ հայ մըն ալ կար հետս։ Մտածեցինք, որ Ճարտարագիտական համալսարանին առաջարկենք ու պայմանագիրով հետազօտութիւն կատարենք պղինձի հանքերուն վերաբերեալ։ Այդ թուականէն սկսեալ շփումի մէջ եմ Հայաստանի հետ։ Մեծ աշխատանք պէտք է տարուի ժողովուրդին բացատրելու եւ ներկայացնելու համար այս ոլորտի առաւելութիւնները, ճիշդ եւ ապահով օգտագործման ձեւերը, որպէսզի ճիշդ ընկալեն ու այս ոլորտէն չվախնան։ Պէտք է բացատրենք, թէ հանքարդիւնաբերութիւնը ի՛նչ կը բերէ երկրին, եթէ միջազգային չափանիշներ օգտագործուին։ Ի վերջոյ, այս ոլորտը առիթ կ՚ընծայէ, որ միջազգային ընկերութիւններ Հայաստան ժամանեն եւ օգտագործեն այդ հանքերը՝ իրենց գիտելիքները, փորձառութիւնը բերելով, նաեւ պատճառ դառնալով, որ հանրութիւնը սկսի այլ կերպով ընկալել այս ոլորտը։

-Ձեր հիմնած կազմակերպութեան մասին ի՞նչ կրնաք պատմել։ Որո՞նք են ձեր գործընկերները եւ ամենակարեւորը՝ ի՞նչ են ձեր ծրագիրները։

-Բարեկամ մը ունիմ՝ Սեւան Պետրոսեան, որ եւս Օթթաուա կը բնակի եւ ինծի նման մետաղամշակմամբ կը զբաղի։ Մտածեցինք 2018-ին կապ հաստատել Հայաստանի հետ։ 2013-ին ես անձնապէս կապ հաստատած էի Ամերիկեան համալսարանին հետ եւ երկու օր խտացեալ դասախօսութիւն տուած էի ձուլարանի մասին։ Ես եւ բարեկամս մտածեցինք Հայաստանի մէջ գիտաժողով մը կազմակերպել եւ հայ գիտնականներու, ճարտարագէտներու եւ հանքագործներու հետ ծանօթանալ ո՛չ միայն ակադեմական մակարդակով, այլեւ ճարտարարուեստի ոլորտին ծանօթանալով։ 2019-ին եկայ Հայաստան եւ Ճարտարագիտական համալսարանին մէջ թանկարժէք մետաղներու մասին դասախօսութիւն մը տուի։ Յետոյ հանդիպումներ ունեցայ սոյն ոլորտէն անհատներու հետ։ 2020-ին համաճարակը սկսաւ, հետեւաբար «zoom»ով սկսանք ներկայացնել դասախօսական շարք մը, ինչպէս նաեւ առցանց հանդիպումներ ունեցանք։ Սեւան Պետրոսեանին հետ ուսումնասիրեցինք եւ սկսանք Գանատայի մէջ փնտռել լայն առումով այս ոլորտով զբաղող անհատներ։ Մեզի մօտեցան երկու անհատներ, որոնք պատրաստ էին ու գաղափարներ ներկայացուցին։ Որոշեցինք հիմնել այս ոլորտով զբաղող սփիւռքահայերու խումբ մը, որպէսզի կարենանք մեր գիտելիքներով եւ փորձառութեամբ օգտակար դառնալ Հայաստանին։ Այս խումբով, փետրուարին ներկայացանք Հայաստանի ծանօթներուն՝ Ճարտարագիտական, Ամերիկեան համալսարաններուն, Պետական համալսարանի կենսաբանութեան ֆաքիւլթէին եւ մեծ ընկերութիւններուն հետ. օրինակ՝ «Վալէքս»ին, «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային համակցում»ին հետ։ Անոնց ներկայացուցինք մեր գաղափարները եւ առաջարկեցինք մեր գիտելիքները իրարու փոխանակել։ Անոնց ալ ակնկալութիւնն էր գիտելիքներ ստանալ կայուն զարգացման, կառավարման, բնապահպանական ապահովութեան եւ առողջապահութեան առումներով: Այդ ամիսներու ընթացքին փորձեցինք զանազան անգամներ հանդիպիլ, դասախօսութիւններ ներկայացնել։ Նաեւ հանդիպում ունեցանք Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպանին՝ Անահիտ Յարութիւնեանին հետ: Ան նախարարութեան յայտնեց մեր ծրագիրներուն մասին։ 2020-ին մեզի միացաւ պոլսահայ Սրապ Օրթասլան, որ հանքարդիւնաբերութեան միջազգային մասնագէտ մըն է եւ կայուն զարգացման մասին խօսեցաւ։ Այդ ձեռնարկէն ետք շատեր սկսան մեզի մօտենալ եւ յայտնեցին խորհրդատու մարմին ստեղծելու մասին։

-Դուք իրօք ինչպէ՞ս կը դիտարկէք Հայաստանին ունեցած հարստութիւնները։ Մենք պէ՞տք է դուրս հանենք։ Այս հարցը կը մտահոգէ՞ ձեզ, թէ՞ կը կարծէք, որ որքան հանքարդիւնաբերութեան վերաբերեալ զարգացում, գործ ըլլայ, այնքան աւելի կը բարելաւուի Հայաստանի տնտեսութեան վիճակը:

-Ինծի համար առաջին քայլը կրթական բաժինն է։ Ժողովուրդը պէտք է հասկնայ, անոր պէտք է բացատրութիւն տրուի, թէ հանքարդիւնաբերութիւնը ի՛նչ է։ Անոնք պէտք է գիտնան, թէ Հայաստանի համար ինչու տեղեկատուութեան փորձագիտութեան (IT) եւ զբօսաշրջութեան ոլորտները բաւարար չեն տնտեսութեան աճ ապահովելու համար։ Հանքարդիւնաբերութիւնը զօրութիւն, ծանրութիւն կը բերէ, ինչ որ միւս ոլորտները չունին։ Օրինակ՝ IT-ի ոլորտը, մէկ օրէն միւսը կրնան փակել եւ այլ երկիր տանիլ, բայց հանքարդիւնաբերութեան պարագան նոյնը չէ։ Հանքը երկրին մէջ է, երկրին քարն է։ Իսկ որպէսզի որոշենք, թէ շրջանի մը մէջ ո՞ւր հանք կայ, կ՚արժէ՞ փորել եւ հանել, պէտք է ուսումնասիրել, շրջակայքը քննել, որպէսզի որոշում կայացուի՝ փորե՞լ, թէ՞ ոչ։ Պէտք է նաեւ նայինք ապագայի առումով, թէ աշխարհը դէպի ո՞ւր կ՚ուղղուի, արդիւնաբերութիւնը քարիւղէն, նաւթէն, կազէն հեռանալու ճամբուն վրա՞յ է, թէ՞ ոչ։ Իսկ եթէ արեւային ջերմութեան հովահարներու ուղղութեամբ կ՚ուղղուինք, այդ պարագային ալ մենք անպայման կարիքը պիտի ունենանք մետաղներու։ Պղինձը այս մետաղներէն մէկն է։ Շատ մը ուրիշ մետաղներ ալ կան, որոնք առանցքային արժէք կը ներկայացնեն։ Բջիջային հեռախօսներու, համակարգիչներու մէջ գործածուող մետաղները առանցքային կարեւորութիւն ունին։ Նոյնիսկ փոքր հանքերը կարեւոր են, քանի ապագային մետաղներուն գիները աւելի պիտի բարձրանան։ Օրինակի համար՝ Չինաստան շատ հանք չունի, բայց ձուլարաններ ունի։ Այս ձուլարաններուն մէկ մասը չի գործեր, որովհետեւ հանքեր չկան։ Պէտք եղած մետաղներու մեծ մասը Չինաստան կը ներածէ Չիլիէն եւ Փերուէն։ Իսկ Հայաստան իր հանքաքարերը կը ղրկէ առաւելաբար Արեւելեան Եւրոպայի շուկայ։ Հայաստանի նոյնիսկ փոքր հանքերը մեծ պաշար ունին։ Հայաստանը պղինձէն զատ ունի արճիճաքար (մոլիպտէն), հռենիոն (ռենիոմ) եւ այլ մետաղներ. արժէքներ, որոնցմէ կարելի է անպայման օգտուիլ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2023