ԼԱՒՐՈՎ ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը նախատեսէ այցելել Պաքու, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ ռուս նախարարին պաշտօնական այցելութիւնը տեղի ունենայ փետրուարի 27-28-ին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումերով, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ մանրամասնութիւններ հրապարակեց մօտալուտ այս այցելութեան կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, Լաւրով Պաքուի մէջ կ՚ընդունուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններ կը վարէ իր պաշտօնակցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ըստ Զախարովայի, հանդիպումներուն ընթացքին յատկապէս ուշադրութիւն կը կեդրոնացուի Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի համաձայնագրերու իրականացման վրայ։

«Որքան ալ լարուած ըլլայ իրավիճակը տարածաշրջանէն ներս, այդ պատրուակով բանակցութիւններու սառեցումը կը համարենք անարդիւնաւէտ։ Նման հռետորաբանութիւնը կը յետաձգէ Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան հաստատումը», նշեց Զախարովա, որ, միեւնոյն ժամանակ, կոչ ուղղեց կողմերուն, որպէսզի շուտափոյթ վերականգնեն համատեղ աշխատանքը։ Ռուսական կողմը պատրաստակամ է աջակցիլ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եւ սահմանազատման յանձնաժողովներու հերթական նիստերը կազմակերպելու, արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման բանակցութիւններու նոր փուլերը հիւրընկալելու, ինչպէս նաեւ նպաստելու քաղաքացիական հասարակութեան, փորձագիտական շրջանակներու, խորհրդարանականներու մակարդակով երկխօսութեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2023