ՄԱՐԻՆԱ ԵՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ԾՆՆԴԵԱՆ 85-ԱՄԵԱԿ
Ռուսական ծագումով խորհրդային նշանաւոր բանաստեղծ, թատրոնի եւ շարժանկարի դերասան, երգերու հեղինակ Վլատիմիր Վիսոցքի դարձաւ 85 տարեկան: Ան կեանքէն հեռացած է 42 տարեկանին, մինչ այդ՝ դարձած էր կուռքը Խորհրդային Միութեան երկիրներու երիտասարդներուն, որոնք անոր երգերուն մէջ ազատութեան, արդարութեան եւ անկեղծութեան շունչը կը տեսնէին: Վիսոցքի տաղանդաւոր էր իբրեւ դերասան եւ նոյնքան տաղանդաւոր՝ իբրեւ երգիչ: Արուեստագէտը, սակայն, ընդունուած չէր խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ, նոյնիսկ հալածուած էր: Ծնած եւ ապրած է Մոսկուայի մէջ, իսկ կենդանութեան օրօք իր բանաստեղծութիւններէն միայն մէկը տպագրուած տեսած է: Մահուընէ յետոյ եւ վերջապէս Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ է միայն, որ Վիսոցքի ըստ արժանւոյն գնահատուած է, ստացած է մրցանակներ, կոչումներ. բան մը, որ իրեն համար առանձնապէս նշանակութիւն չունէին ապրած տարիներուն: Նոյն խորհրդային իշխանութիւնները վստահ էին, որ գործ ունին տաղանդաւոր մարդու մը հետ, որ առաւել ընդունուած էր արտասահմանի մէջ, սակայն խորհրդային գոց վարչակարգը չէր արտօներ աւելի տեղ տալու Վիսոցքիի ազատութեան: Վիսոցքի գրած եւ կատարած է շուրջ 700 երգ, որոնք մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէին: Այդ երգերուն նիւթերը շատ բազմազան են եւ օրին յաճախ կը խախտէին խորհրդային գրաքննութեան արգելքները: Արուեստագէտի մահուան, յուղարկաւորութեան մասին խորհրդային թերթերը գրեթէ չէին յայտնած (ան մահացած է 1980 թուականին), իշխանութիւնները ամէն կերպով կը ջանային արագ յուղարկաւորել այլախոհ արուեստագէտը եւ մեծ աղմուկ չհանել, սակայն այնքան մարդ հաւաքուած էր փողոցը, որ արարողութիւնը տեւած է ժամեր շարունակ: Կը պատմեն, որ Մոսկուայի շէնքերու մեծ մասին պատուհաններէն բարձր միացուած էին անոր երգերը:
Վլատիմիր Վիսոցքի բարդ անձնական կեանք ունեցած է. ան քանի մը անգամ ամուսնացած է, իր կողքին ունեցած է բազում կիներ, իսկ իր վերջին սէրը եւ կինը եղած է ռուսական արմատներով ֆրանսացի նշանաւոր դերասանուհի Մարինա Փոլեակովա-Պայտարովան: Դերասանուհին 1967 թուականին Մոսկուա հիւրախաղերու գացած է, եւ Վիսոցքի տեսնելով սիրահարուելով գեղեցկուհի ֆրանսացիին, անմիջապէս յայտնած է իր զգացումները: Ան ծանօթ էր Մարինայի շարժանկարներուն, Մարինան ալ անոր մասին լսած էր տակաւին Ֆրանսա եղած ատեն, սակայն որոշ ժամանակ անց միայն սկսած է անկեղծ զգացումներ տածել հանդէպ Վիսոցքին: Ան վերցուցած է Վիսոցքիի անուան մէկ մասը եւ իր համար մականուն դարձուցած, մինչեւ հիմա ալ յայտնի է Մարինա Վլատի անունով: Անոնք միասին ապրած են տասներկու տարի, այդ ընթացքին քանի մը անգամ բաժնուած են, քանի որ Մարինա չէր դիմանար Վիսոցքիի թմրամոլութեան եւ գինեմոլութեան եւ երբեմն կը հեռանար…
Դերասանուհին ի սկզբանէ գիտէր այդ մասին, եւ յոյս ունէր օգնել տաղանդաւոր մարդուն՝ դուրս հանել այդ ճիրաններէն, բայց աւա՜ղ, այդ մէկը չյաջողեցաւ… Ան մնաց Վիսոցքիի կեանքին մէջ իբրեւ մեծ ու անփոխարինելի սէր, ու հաւասարապէս տառապեցաւ անոր հետ, կիսեց հալածանքները, գոց համակարգին յարուցանած դժուարութիւնները, հիւանդութիւններու պատճառած տանջանքը եւ այլն…
Մարինա Վլատի նաեւ երգչուհի է (ան մէկն էր Շարլ Ազնաւուրի «Քեզ համար, Հայաստան» երգի կատարողներէն): Քանդակագործութեամբ եւ գրականութեամբ ալ կը զբաղի, Վիսոցքիի մասին գիրք գրած է՝ պատմելով իրենց կեանքի հետաքրքրական դրուագները եւ բոլոր այն փորձութիւնները, որոնց միջով անցած են երկու արուեստագէտները: Գիրքը մեծ ընդունելութիւն գտած է բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր ծանօթ էին այս երկու արուեստագէտներու կեանքին եւ մանաւանդ՝ Վիսոցքիի արուեստին:
Այժմ Մարինա Վլատի կը բնակի Ֆրանսա եւ անոր 85-ամեակը նոյնպէս կը լրանայ այս տարի: Ան ու Վիսոցքին հասակակիցներ էին, նաեւ նոյն գաղափարները, արուեստի նոյն հակումները ունէին: Մարինան գիրքին կը սկսի իրենց առաջին հանդիպումէն, երբ Մոսկուայի մէջ բեմին վրայ առաջին անգամ տեսած է Վիսոցքիի խաղը, որուն յաջորդած է դերասաններու եւ հիւրերու համար կազմակերպուած ընթրիքը:
ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ՝ «ՎԼԱՏԻՄԻՐ ԿԱՄ ԸՆԴՀԱՏՈՒԱԾ ԹՌԻՉՔ»ԷՆ
- «Բեմին վրայ մոլեգնօրէն կը պոռար, կը ցնցուէր կիսամերկ մարդ մը: Գօտկատեղէն մինչեւ ուսերը ան փաթթուած էր շղթաներով: Սարսափելի տեսարան մըն էր: Բեմը թեքուած էր դէպի յատակը, եւ շղթաները, որոնք չորս մարդ մէկ կողմէն կը քաշէին, ո՛չ միայն կը կաշկանդէին անոր մէջ գերեվարուածը, այլեւ՝ չէին ձգեր, որ ան իյնայ: Ինչպէս ողջ դահլիճը, ես ալ ցնցուած էի դերասանի ուժով, խելայեղութեամբ, անոր անսովոր ձայնով: Ան այնպէս մը կը խաղար, որ միւս գործող անձերը աստիճանաբար կը մնային ստուերի մէջ: Բոլորը յոտնկայս կը ծափահարէին»:
- «Ներկայացումէն ետք ընթրիք կազմակերպուած է: Մենք կը սկսինք ընթրիքի: Ես կը սպասեմ այն հրաշալի դերասանին, կ՚ուզեմ շնորհաւորել, բայց կ՚ըսեն, թէ ան տարօրինակ բնաւորութիւն ունի եւ, հնարաւոր է, որ ընդհանրապէս չգայ ալ: Ես սրտնեղած եմ:
Աչքիս պոչով կը նկատեմ, որ դէպի մեզ կու գայ ոչ բարձրահասակ, անշուք հագուած երիտասարդ մը: Ես հպանցիկ կը նայիմ անոր, ու բաց մոխրագոյն աչքերն են միայն, որ պահ մը կը գրաւեն իմ ուշադրութիւնս: Բայց սրահին մէջ հնչող բացագանչութիւնները կը ստիպեն ընդհատել իմ պատմութիւնս ու շրջիլ անոր կողմը: Ան կը մօտենայ, լուռ կը վերցնէ իմ ձեռքս ու երկա՜ր չի ձգեր, յետոյ կը համբուրէ զայն, կը նստի իմ դիմացս ու աչքը այլեւս ինձմէ չի կտրեր: Անոր լռութենէն ես նեղութիւն չեմ զգար, մենք այնպէս մը կը նայինք իրարու, կարծես միշտ ծանօթներ եղած ենք: Ես գիտեմ, որ այդ դուն ես: Բնաւ նման չես ներկայացման մէջ մռնչացող հսկային, բայց քու նայուածքիդ մէջ այնպիսի ուժ մը կը զգացուի, որ ես կը վերապրիմ այն ամէն ինչը, ինչ որ զգացի թատրոնին մէջ: Իսկ մեր շուրջ վերսկսուած է խօսք ու զրոյցը: Դուն չես ուտեր, չես խմեր, դու կը նայիս ինծի...»:
- «-Վերջապէս հանդիպեցայ Ձեզի,- կ՚ըսես դուն: Կ՚ըսես նաեւ, որ կ՚ուզէիր հեռանանք այստեղէն, որպէսզի երգես ինծի համար: Կ՚որոշենք երեկոյին մնացած մասը անցընել «լ՚Իւմանիթէ»ի թղթակից Մաքս Լէոնին քով: Ինքնաշարժին մէջ կը շարունակենք լուռ նայիլ իրարու: Քու դէմքիդ մերթ լոյս է, մերթ՝ ստուեր: Ես կը տեսնեմ քու քնքոյշ ու ճառագուն աչքերը, կարճ խուզած մազերը, յոգնածութենէն փոս ինկած այտերը: Դուն գեղեցիկ չես, քու արտաքինդ ոչ մէկ բանով աչքի կը զարնէ, բայց նայուացքդ անսովոր է: Անմիջապէս, որ կը հասնինք Մաքսին քով, կը վերցնես կիթառը: Զիս կ՚ապշեցնէ քու ձայնդ, քու ուժդ, քու ճիչդ: Ու նաեւ այն, որ նստած ես ոտքերուս քով ու կ՚երգես ինծի համար միայն: Ես աստիճանաբար կը սկսիմ ըմբռնել քու երգերուդ իմաստը, անոնց դառն զաւեշտն ու խորութիւնը: Դուն կը բացատրես, որ թատրոնը քու արհեստդ է, իսկ բանաստեղծութիւնը՝ կիրքդ: Եւ տեղւոյն վրայ, առանց որեւէ անցումի, կ՚ըսես որ վաղուց կը սիրես զիս»:
- «Մէկ ուրիշ հանդիպման ժամանակ խորտկարանը մարդաշատ է, բոլոր կողմերէն շրջապատած են զիս, բայց երբ դուն կը յայտնուիս, կը ձգեմ իմ ծանօթներս ու մենք կ՚երթանք պարելու: Դուն կը կենաս ոտքերուդ ծայրերուն վրայ եւ իմ ականջիս խելացնոր խօսքեր կը շշնջաս: Ես կը խնդամ, իսկ յետոյ արդէն միանգամայն լրջօրէն կ՚ըսեմ, որ դուն անսովոր մարդ ես, քեզի հետ շփուիլը հետաքրքրական է, բայց ես ընդամէնը քանի մը օրով եկած եմ, իմ կեանքս շատ բարդ է, երեք երեխայ ունիմ, ունիմ աշխատանք, որ լիակատար նուիրում կը պահանջէ, եւ Մոսկուան ալ հեռու է Փարիզէն... Դուն կը պատասխանես, որ դուն նոյնպէս ընտանիք ու երեխաներ ունիս, աշխատանք ու փառք ունիս, բայց այդ ամէն ինչը չի խանգարեր, որ ես քու կինդ ըլլամ: Նման լկտիութենէն ապշած՝ ես կը համաձայնիմ յաջորդ օրն ալ հանդիպիլ քու հետդ»:
- «...Երկուքս ալ տակաւին երեսուն տարեկան չկանք, ես բաժնուած եմ, դուն կը բաժնուիս. Իսկ մեր առջեւը ամբողջ կեանք մըն է: Զգուշօրէն կ՚ըսեմ. «Լաւ, ըսենք, թէ ամէն ինչ կարգին է, բայց ես քեզի սիրահարուած չեմ»:
-Կարեւոր չէ, կ՚ըսես դուն,- ես կը կարողանամ քեզ գրաւել, կը տեսնես»:
- «Նախ՝ քնքշալի նամակ մը կը ստանամ Մոսկուայէն: Յետոյ, ճիշդ նոյն ժամանակ, երբ կը մտածեմ, թէ ի՞նչ կը կատարուի իմ հետս, ինչո՞ւ այսպէս կը տխրիմ, հեռախօսազանգը կ՚ընդհատէ իմ տխուր խոհերս: Դուն ես: Կը լսեմ քու սրտառուչ ձայնդ, կոկորդս կը սեղմուի: Խօսակցութենէն ետք կը դնեմ լսափողն ու կը հեկեկամ: «Դուն սիրահարուած ես, աղջի՛կս»,- կ՚ըսէ մայրս: Ես կը ջանամ ուրիշ բացատրութիւն գտնել՝ գործս շատ է, յոգնած եմ, բայց հոգուս խորքին մէջ կը հասկնամ, որ ան իրաւացի է: Ես անհամբեր կը սպասեմ մեր հանդիպումին:
Մոսկուա կու գամ իմ մօրս եւ պզտիկներուս հետ: Դուն մեկնած ես հեռաւոր Սիպերիա՝ նկարահանումներու: Կ՚ըսեն, թէ պիտի վերադառնաս երկու ամիս յետոյ միայն: Երեխաները կը տեղաւորեմ «Մոսֆիլմի» աշխատողներու ճամբարին մէջ: Կը սկսին նկարահանումներուն աշխատանքները, որոնք շուրջ մէկ տարի պիտի տեւեն:
Այդպիսի երեկոներէն մէկուն ժամանակ դուն կը յայտնուիս շեմին, եւ լիակատար լռութիւն կը տիրէ: Կը մօտենաս իմ մօրս, կը ներկայանաս եւ յանկարծ բոլորին աչքին առջեւ կը գրկես զիս: Ես նոյնպէս յուզմունքս պահել ի վիճակի չեմ: Մայրս կը շշնջայ. «Ի՜նչ համակրելի երիտասարդ է, եւ գեղեցիկ ալ անուն ունի»: Երբ մինակ կը մնանք, կ՚ըսես, թէ այդ ամբողջ ժամանակ չես ապրած, թէ ամիսները տանջալի կերպով երկար թուացած են քեզի...»:
- «...Յետաձգուած ներկայացումներ, բեմադրիչներուն հետ վէճեր ու կռիւներ, քամիին տուած դրամներ, կորսուած կամ պատառոտած հագուստ, քերծուածքներ ու կապտուկներ, դանակի վէրքեր, ճանապարհային բազմաթիւ պատահարներէ տուժած ընկերներ, իմ ընդհատուած նկարահանումները, իմ տագնապը եւ վիրաւորական այն խօսքերը, որ դուն ըսած ես ինծի… Եւ այդ պարագաներուն անհրաժեշտ է քեզ հանգստացնել, զայրոյթս զսպելով՝ ներել քեզ, որովհետեւ դուն կ՚ամչնաս ու քանի տակաւին չեմ գրկած, երեխայի պէս չեմ օրօրած, չես մխիթարուիր...
Միայն երկու անգամ իմ մէջ ուժ չգտայ այդպէս վարուելու: Առաջին անգամ՝ մեր համատեղ կեանքի ամենասկիզբը, երբ զառանցանքի մէջ ուրիշ անունով դիմեցիր ինծի: Երկրորդ անգամ՝ երբ զիս նետեցիր միջանցք ու գոցուեցար լոգարանին մէջ, որպէսզի ձեռքիդ շիշը պարպես: Զայրոյթէն շնչահեղձ ըլլալով՝ ես դուռը շրխկացուցի ու առանձին ձգելով, հեռացայ: Երկու անգամն ալ, բնականաբար, դուն դժոխային տանջանքներու մէջ էիր: Ես՝ նոյնպէս»:
- «Քեզի կը յաջողի մեր ամուսնութիւնը գրանցող գիրուկ կինը համոզել, որ ձեւակերպումը կատարէ ոչ թէ մեծ, ծաղկազարդ դահլիճին մէջ, ուր երաժշտութիւն ու լուսանկարիչ կայ, այլ՝ պարզապէս իր առանձնասենեակը: Ան կը համաձայնի:
Պատճառը իրավիճակի անպատշաճութիւնն է. երկուքիս համար ալ այս մէկը երրորդ ամուսնութիւնն է:
-Վեց ամուսնութիւ՜ն, հինգ երեխա՜յ, ընդ որում՝ տղաներ,- կը բացագանչէ կինը:
-Կը վստահի՞ք, արդեօք ձեր զգացումներուն: Ձեզի հաշիւ կու տա՞ք արդեօք՝ այսպիսի լուրջ քայլի մը դիմելով: Յուսամ՝ այս անգամ ամէն ինչ լաւ կշռադատած էք:
Ե՛ւ ծիծաղս, ե՛ւ լացս կու գայ: Բայց կը տեսնեմ, որ ուր որ է՝ դուն կը պոռթկաս ու կը զսպեմ ինքզինքս: Արագ կը ստորագրենք նշուած տեղերը, ու րոպէներ անց արդէն ամէն ինչ աւարտած էր:
Դուն ամուսնութեան վկայականը բռնած ես, ինչպէս թատրոնի՝ այս պահուն նոր գնուած տոմս, ինչ որ մեծ դժուարութեամբ ձեռք ձգած ես՝ բազմութեան վրայէն ձեռքդ երկարելով: Քայլերգի ներքոյ, ճերմակ քօղերով հարսնացուներուն միջով, գրկախառնուած դուրս կ՚ելլենք: Մենք ամուսնացած ենք»:
- «Եօթանասունվեց թուականի օգոստոս: Եուկոսլաւիա ենք, Սւետր-Ստեֆանօ փոքրիկ կղզիին մէջ: Դուն կը նկարահանուիս այստեղ: Եկած եմ քեզի հետ: Փարիզէն կը զանգահարէ քոյրս: Ան կը խնդրէ, որ նստիմ, մինչ սարսափը կը պատէ զիս, իսկ յետոյ կը յայտնէ, որ տունը կողոպտած են: Այն ամէն ինչը, որ ես գնած եմ քսան տարուայ աշխատանքով, անհետացած է: Թանկարժէք իրեր, արծաթեղէն, մուշտակներ, տեսախցիկներ, ձայնասփիւռային սարքեր… Իմ վերաբերմունքս խիստ կը շփոթեցնէ քրոջս: Ես կը սկսիմ քրքջալ, յետոյ շունչ քաշելով՝ կ՚ըսեմ. «Ընդամէնը այդքա՞նը»:
Ես կը վախնայի, որ տղաներէս որեւէ մէկուն դժբախտութիւն մը պատահած է: Եւ իսկապէս, ի՞նչ է իրերուն կորուստը իմ ապրած սարսափին համեմատ: Այդ լուրը քեզի կը յայտնեմ ուրախ՝ ինչպէս զուարճալի պատմութիւն մը: Իսկ դուն չափազանց վրդովուած ես: Քու աչքիդ գանձեր են բոլոր այդ իրերը: Ստիպուած եմ քեզ սփոփել: Անշուշտ, ցաւալի է այդ ամէնը. գողցուած զարդեղէնին մէջ էին նաեւ իմ մօրս փոքրիկ մատանիները, զորս ան կը կրէր ամբողջ կեանքի ընթացքին: Իմ հետս ատոնք չվերցուցի, վախնալով, որ ծովը լողալու ժամանակ կը կորսնցնեմ: Ինչ կը վերաբերի մնացածին, կարելի է նորէն գնել, եւ, ի վերջոյ, ես կարող եմ հրաշալի ապրիլ առանց արծաթեայ սպասքի, առանց թանկարժէք զարդերու ու միւս իրերու: «Բայց մուշտակները,- կ՚ըսես դուն,- ձմրան ատոնց կարիքը շատ կը զգաս Մոսկուայի մէջ, ատկէ զատ, ատոնք քու միակ, պերճանքդ էին»:
Ո՜չ, միակը չէ, ես նաեւ կօշիկներ կը սիրեմ, իսկ կօշկեղէնին չեն դպած: Կը խոստովանիմ, որ կը ցաւիմ ջրաքիսէ մեծ մուշտակին համար, որուն մէջ ինծի այնքան տաք կը զգայի ու կը նմանէի իսկական ազնուազարմ տիրուհիի: Բայց գոյութիւն ունին հրաշալի փքաբաճկոններ, յաճախ ես անոնք լեռներու մէջ հագած եմ: Եւ, ընդհանրապէս, կարեւոր չէ այդ ամէնը, երեխաները ողջ ու առողջ են, մենք երջանիկ ենք, կ՚աշխատինք, կեանքը հրաշալի է»:
- «…Խրիմի աստղադիտարանի աստղագէտները Հրատ ու Լուսնթագ մոլորակներու ուղեծիրներուն միջեւ յայտնաբերած նոր մոլորակը անուանած են Վլատիմիր Վիսոցքի:
Մոլորակներու միջազգային մատեանին մէջ այն 2374 համարին ներքոյ է: Ես յաճախ կը նայիմ աստղերուն ու կը ժպտիմ այն միտքէն, որ անթիւ մոլորակներուն շարքը, վիթխարի Ծիրկաթինին մէջ փոքրիկ կէտ մը կը թափառի եւ երկնային յաւերժ այդ մարմինը իմ ամուսինիս անունը կը կրէ»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ