ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑ՝ ԱՆԹԱԼԻՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան մեկնեցաւ Անթալիա՝ կիրակնօրեայ պաշտամունքի եւ տեղւոյն հայ համայնքի հաւատացեալներուն հետ մէկտեղուելու համար։ Իրեն ընկերացան ուրարակիր դպիրներ Հերման Քըր եւ Սարվէն Թուղլա, նաեւ դպիրներ Արեգ Քըր եւ Դանիէլ Գափլան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախաձեռնութեամբ ապահովուած էր յունաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի հրամանը ու Փիսիտիայի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Յոբ Մետրոպոլիտի արտօնութիւնը: Ուստի, կիրակի առաւօտ, Անթալիայի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հայածէս Ս. Պատարագ։
Նախքան Տէրունական աղօթքը, հայր սուրբը փոխանցեց օրուան պատգամը եւ ըսաւ, թէ այսօր թէ՛ Անթալիայի հայ համայնքի եւ թէ ներկայ հոգեւորականներու համար ուրախալի ու պատմական օր մըն է, որովհետեւ դարձեալ Ս. Պատարագ կը մատուցուի Անթալիայի մէջ: Հայր սուրբը շեշտեց, որ Անթալիայի մերազն ժողովուրդն ալ նոյնքան թանկագին է եկեղեցւոյ համար:
Հայր սուրբը քարոզը շարունակեց «Մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ» բնաբանով։ Ան նշեց, որ այս կիրակին անուանուած է Անառակի կիրակի, որուն կարեւորութեան անդրադարձաւ։ Հայր սուրբը ըսաւ. «Սոյն առակը բոլորիս ծանօթ է, որովհետեւ մենք ալ կը նմանինք անառակ որդիին, կ՚ուզենք մեր բաժինը առնել Աստուծմէ եւ ապա հեռանալ իրմէ։ Սակայն պէտք է գիտնանք, թէ մենք կոչուած ենք Աստուծոյ որդիներ եւ Աստուած ինչ որ ալ ընենք, միշտ պատրաստ է մեզ ներելու եւ մեզ ընդունելու։ Ուրեմն եկէք անառակ որդիի նման ծունկի գանք Աստուծոյ առջեւ եւ ըսենք՝ ով Երկնաւոր Հայր, մեղք գործեցի քու առջեւդ եւ կը խոստովանիմ եւ կ՚ուզեմ դարձեալ կոչուիլ քու զաւակդ»։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն ընթացքին յիշուեցան ներկայ հաւատացեալներու ի Քրիստոս ննջած ազգականները։
Հուսկ, հայր սուրբը առիթ ունեցաւ համախմբուելու եւ զրուցելու հաւատացեալներու հետ։ Իսկ ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այս տնօրինումին եւ հայր սուրբի ու ընկերակիցներու այցելութեան համար: