ԲԵԳԼԱՐԵԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՄԱՏՆԱՆԻՇ ԸՐԱՒ ԿԱՐՍ-ԿԻՒՄՐԻ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻՆ

Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան ու կա­պի նա­խա­րար Գա­գիկ Բեգ­լա­րեան Նիւ Եոր­քի մէջ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ ՄԱԿ-ի Տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին խոր­հուր­դի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ կազ­մա­կեր­պուած քա­ղա­քա­կան բարձ­րաս­տի­ճան ֆո­րու­մի նա­խա­րա­րա­կան հան­դիպ­ման։ «Ար­մէնփրէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս առ­թիւ ան մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց Կիւմ­րի-Կարս եր­կա­թու­ղիի չշա­հա­գոր­ծուե­լուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ «Կա­յուն զար­գազ­ման նպա­տակ­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը. յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րը հա­մար­ժէք աղ­բիւր­նե­րու, փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու եւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու հետ հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­նե­լով» խո­րագ­րուած է նա­խա­րա­րա­կան այս հան­դի­պու­մը, ո­րու ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան հա­մաշ­խար­հա­յին զար­գաց­ման օ­րա­կար­գին բազ­մաբ­նոյթ խնդիր­նե­րը։ Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը կանգ ա­ռին այդ օ­րա­կար­գի գան­ձատր­ման հետ զու­գորդ­ման մար­տահ­րա­ւէ­րին վրայ։ Մատ­նան­շուե­ցաւ ա­ռեւ­տու­րի, գան­ձատր­ման,  նո­րա­րա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու եւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ա­ռանց­քա­յին դե­րը։

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Բեգ­լա­րեան շեշ­տեց են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու զար­գաց­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ա­ռեւ­տու­րի, ներդ­րում­նե­րու եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խթան­ման ա­ռու­մով։ Կա­յուն զար­գաց­ման նպա­տակ­նե­րու ի­րա­գործ­ման տե­սան­կիւ­նէն Բեգ­լա­րեան կանգ ա­ռաւ փո­խադ­րու­թեան ցան­ցե­րու կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թեան վրայ։ Ան ներ­կա­յա­ցուց շարք մը կա­րե­ւոր նա­խագ­ծեր, ո­րոնք կեան­քի կը կո­չուէին Հա­յաս­տա­նի փո­խադ­րա­կան կա­պի դիւ­րաց­ման նպա­տա­կով։ Այս ծի­րին մէջ նա­խա­րա­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս խօ­սե­ցաւ «Հիւ­սիս-Հա­րաւ» մայ­րու­ղիին եւ Հա­յաս­տա­նի հա­րա­ւա­յին եր­կա­թու­ղա­յին ծրագ­րին մա­սին։ Բեգ­լա­րեան մտա­հո­գու­թիւն ար­տա­յայ­տեց դէ­պի ծով ելք չու­նե­ցող Հա­յաս­տա­նի են­թար­կուած ա­պօ­րի­նի շրջա­փակ­ման շուրջ, ո­րու հե­տե­ւան­քով չի շա­հա­գոր­ծուիր ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թեամբ միջ­պե­տա­կան են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րէն՝ Կիւմ­րի-Կարս եր­կա­թու­ղին։

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2015