ԼՈՆՏՈՆԻ «ԿՈԼՏՇՄԻՏ ՀՈԼԼ» ՊԱՆԴՈԿԻՆ ՄԷՋ ԱՆԳԼԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԿՈՂՄԷ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան ա­ւար­տեց դէ­պի Անգ­լիա կա­տա­րած իր այ­ցե­լու­թիւնը։ Անգ­լիա­հայ հա­մայն­քը ու­ղե­ւո­րու­թեան վեր­ջին հանգրուա­նին ի­րեն ի պա­տիւ ճաշ­կե­րոյթ մը կազմա­կեր­պեց Լոն­տո­նի «Կոլտշ­միտ Հոլլ» դահ­լի­ճին մէջ։ Իր ե­լոյ­թին ընթացքին Բա­կօ Սա­հա­կեան հա­կիրճ ներ­կա­յա­ցուց իր կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թեան այ­ցե­լու­թեան նպա­տակ­նե­րը, ամ­փո­փեց ու­նե­ցած շփում­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը եւ պա­տաս­խա­նեց ներ­կա­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։ Ըստ ի­րեն, թէ՛ հայ­կա­կան հա­մայն­քի եւ թէ անգ­լիա­կան զա­նա­զան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ հան­դի­պում­նե­րը բա­ւա­կան տպա­ւո­րիչ էին։ Սա­հա­կեա­նի հա­մոզ­մամբ, ա­նոնք նոր լիցք ու ո­րակ պի­տի հա­ղոր­դեն Ար­ցա­խի եւ Անգ­լիոյ մի­ջեւ կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման։ Ան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց Ար­ցա­խի բո­լոր բա­րե­կամ­նե­րուն՝ ա­նոնց դիր­քո­րոշ­ման, սկզբուն­քայ­նու­թեան, մար­դա­սի­րու­թեան եւ գոր­ծօն ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար։

Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի ի պա­տիւ սար­քուած ընթ­րի­քին ներ­կայ գտնուե­ցան Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Անգ­լիոյ Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յո­վա­կիմ Եպսկ. Մա­նու­կեան, ե­րես­փո­խան­ներ, հա­սա­րա­կա­կան եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ, պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ այլ հիւ­րեր։

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2015