ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներն ու անգամ մը եւս շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։ Նորընտիր թաղականները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ շեշտեցին, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։ Վարչայինները յետվաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութիւնը տուին Պատրիարքարան՝ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու համար։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական օրհնութիւնը տուաւ թաղային խորհուրդի անդամներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր եւ կրթանուէր գործունէութեանց համար։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը գնահատեց Գատըգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին շրջաններու ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի տարիներու վաստակը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն։

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2023