ՏՆՏԵՍԻ ԿԻՐԱԿԻՆ

Քրիստոնեայ իրականութիւնը եւ յայտնութիւնը կ՚առաջնորդէ դէպի աւելի՛ խորաթափանց հասկացողութիւնը ընկերային կեանքին օրէնքներուն։ Եկեղեցին Աւետարանէն կը ստանայ մարդու ճշմարտութեան ամբողջական յայտնութիւնը։ Ան երբ կը գործադրէ Աւետարանը հռչակելու իր առաքելութիւնը, Քրիստոսի անունով, կը վկայէ մարդուն, թէ ան ունի իր յատուկ արժանապատուութիւնը եւ անձերու հետ հաղորդութեան իր կոչումը. անոր կը սորվեցնէ արդարութեան եւ խաղաղութեան պահանջները, համապատասխան՝ աստուածային իմաստութեան։ Եկեղեցին տնտեսական եւ ընկերային հարցին բարոյական դատումով կը մերձենայ՝ երբ անձին հիմնական իրաւունքները կամ հոգիներու փրկութիւնը կը պահանջեն զայն։

Մարդը ի՛նքն է ամբողջ տնտեսական եւ ընկերային կեանքին հեղինակը՝ կեդրոնը եւ նպատակը։ Ընկերային հարցը վճռող կէտը այն է, որ Աստուծոյ կողմէ բոլորին համար ստեղծուած բարիքները իսկապէ՛ս հասնին բոլորին, արդար չափով եւ եղբայրսիրութեան բարի նպատակով։

Տնտեսական հարցին մէջ, այս մարզը մարդկային արժանապատուութեան յարգանքը կը պահանջէ գործադրութիւնը նախ ժուժկալութեան, որ է առաքինութիւն, չափաւորելու համար փարումը այս աշխարհի բարիքներուն. գործադրութիւնը ապա արդարութեան առաքինութեան, նախապահպանելու համար մերձաւորին իրաւունքները եւ ապա տալու ի՛նչ որ անկ է անոր. վերջապէս գործադրութիւնը համընկերութեան, այսինքն՝ ընկերակցութեան ըստ «ոսկեղէն կանոն»ին եւ ըստ առատաձեռնութեան Յիսուս Քրիստոսի. «հարուստ ըլլալով՝ աղքատացաւ, որպէսզի մենք հարստանանք իր աղքատութեամբ». (Բ ԿՈՐՆ. Ը 9)։ Այս իմաստով, «տնտես»ը՝ հոգատար է եւ մատակարար իրեն յանձնուած որեւէ բանի, ուրիշին անունովը գործակատարը։ Ուրեմն, «տնտես» եզրին առաջնակարգ յատկութիւնը պէտք է ըլլայ՝ վստահելիութիւն եւ անշո՛ւշտ հաւատարմութիւն։ Տնտեսին մեծագոյն եւ անհրաժեշտ հանգամանքն է վստահութի՛ւն ներշնչել։

Ահաւասիկ, այս իրողութեան մէջ, իրապէս հետաքրքրական է «Անիրաւ տնտես»ին առակը, որ կը պատմուի Ղուկասի Աւետարանին մէջ։ Ահաւասիկ, հարուստ մարդ մը եւ իր տնտեսը՝ որուն յանձնած է իր հարստութիւնը։ Այլ խօսքով՝ վստահած է իր տնտեսին։ Մինչ, հարուստ մարդը ամբաստանութիւններ կը լսէ տնտեսին մասին, ուստի կը կանչէ զայն եւ հաշիւ կը պահանջէ, եւ պաշտօնազուրկ կ՚ընէ։ Տնտեսը ինքնիրեն կ՚ըսէ. «Հիմա ի՞նչ ընեմ ես…». (ՂՈՒԿ. ԺԶ 3)։ Հնարք մը կը մտածէ եւ պաշտօնանկ ըլլալէ վերջ «բարեկամներ» շահելու նպատակով՝ իր նախկին գործատիրոջ պարտականներուն կը դիմէ եւ անոնց պարտքերը կը զեղչէ՝ մասամբ կը ջնջէ։ Այստեղ կարգադրութիւնը կասկած չկայ, որ պարտատէրերուն ի նպաստ եւ գործատիրոջ ի վնաս է, եւ ուրեմն տնտեսը վստահութիւնը չարաչար գործածած եւ անհաւատարմութիւն ցոյց տուած, անիրաւութիւն է գործած։

Թէ՛ բարոյապէս եւ թէ կրօնական զգացումներու տեսակէտէ ընդունելի եւ ներելի արարք մը չէ անիրաւ գործ կատարելը, մանաւանդ վստահութիւնը շահագործել եւ անհաւատարիմ գտնուիլ՝ մարդկային փոխյարաբերութիւններու նկատմամբ սարսափելի գործ մըն է։

Ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին, վերոյիշեալ առակը դժուարհասկնալի եւ հակասական առակի մը կը վերածուի, երբ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ես ալ կ՚ըսեմ ձեզի, բարեկամներ ըրէք ձեզի անիրաւ մամոնայով, որպէսզի երբ ան պակսի՝ ձեզ յաւիտենական յարկերու մէջ ընդունին». (ՂՈՒԿ. ԺԶ 9)։

Արդարեւ, կարելի՞ է որ քաջալերուի այսպիսի անիրաւ արարք մը։

Հոս պէտք չէ մոռնալ, որ առակներու շարադրութիւնը չէ էականը, այլ անոնցմէ փոխանցուած բարոյակա՛նը։ Ուստի, անիրաւ կամ անարդար մարդիկ կամ պաշտօնեաներ, եթէ ուզեն, կրնան համամիտ ըլլալ՝ ճարպիկութիւն, վարպետութիւն, հնարամտութիւն, եւ ասոնց նման վարմունքներ ունենալ իրենց գործին կամ պաշտօնին մէջ՝ իրենց նիւթական վիճակի ապագային ապահովութեան համար, մինչ այդչափ բան չեն կրնար ընել անոնք, որոնք «անիրաւ» չեն, զեղծարար չեն, եւ ընդհակառակը՝ «լոյսի որդիներ» են, այսինքն՝ նոր մտքով եւ նոր հաւատքով մարդիկ, իրենց կրօնական եւ բարոյական կեանքին մէջ։

Նաեւ՝ բոլոր մարդիկ այս աշխարհի «տնտես»ներն են, գործակատարներ՝ Աստուծոյ կողմէ կոչուած. անոնք ազա՛տ են վարուիլ ինչպէս որ կ՚ուզեն աշխարհի հարստութեան հետ։ Բայց ամէն ազատութիւն ունի իր պատասխանատուութիւնը, ինչպէս ամէն իրաւունք ունի իր փոխադարձ պարտականութիւնը եւ պարտաւորութիւնը, ուստի, ամէն ազատ գործունէութեան կը յաջորդէ անխուսափելի այս պատասխանատուութիւնը։

Անիրաւներ, կը կարծուի, թէ կը քալեն մեծ յաջողութեամբ, իսկ իրաւացիներ՝ նկուն։ Եւ պէտք է խոստովանիլ, որ այս հակադրութիւնը միշտ վրդոված է մարդկային բանականութիւնը եւ կը շարունակէ վրդովել։

Մենք հաստատակամ ըլլանք միշտ իրաւացի՛ ըլլալ, անիրաւները թո՛ղ մնան միշտ անիրաւ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 9 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 11, 2023