ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆՈՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) ընդհանուր քարտուղար փրոֆ. Ճերի Փիլէյը, որուն կ՚ընկերանար իր օգնականը՝ Անի Ղազարեան-Տրիսսին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։
Հարկ է նշել, որ փրոֆ. Ճերի Փիլէյ տակաւին նոր կոչուած է իր պաշտօնին եւ ներկայիս կ՚այցելէ քրիստոնեայ աշխարհի հոգեւոր առաջնորդներուն։ Ան ցարդ ընդունուած է Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին եւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ։ Ի շարունակութիւն ան փութաց նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութեան։ Զրոյցի ընթացքին նոր ընդհանուր քարտուղարը Նորին Ամենապատուութենէն տեղեկութիւններ ստացաւ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան, գործունէութեան եւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական իրականութեան շուրջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ յատկապէս ընդգծեց, որ Պոլսոյ Աթոռը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կարեւոր ու հարուստ աւանդութիւններով կեդրոններէն մին է եւ կը ջանայ իր հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս ընդառաջել իր հօտի զաւակներու կրօնական, բարոյական ու մշակութային պահանջներուն։
Տեսակցութեան ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան եկեղեցիներու միութեան, ինչպէս նաեւ Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի գումարման 1700-ամեակի յոբելեանը նշելու վերաբերեալ զանազան հարցերու շուրջ։
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց ընդհանուր քարտուղարի այցելութեան կապակցութեամբ եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց անոր՝ պատասխանատու առաքելութեան մէջ։