ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մեծ Պահքի 26-րդ օրն է:

Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն պահեցողութեան մասին մի քանի մտորումներ կը ներկայցնենք, որ արաբերէնէ թարգմանուած են:

Այսպէս.

Ներէ՛ մեզ Տէր, մենք որ մի քանի ժամ պահք կը պահենք եւ կ՚աճապարենք ուտելու, ախորժակով կ՚ուտենք ու կը ձեւացնենք, թէ պահք կը պահենք։ Ներէ՛ մեզի Տէր եւ օգնէ՛ մեզի, որ սորվինք պահեցողութեան իմաստը սոված փոքրիկներուն միջոցաւ. անոնք՝ որոնք պարտադրաբար պահք կը պահեն եւ չեն գիտեր, թէ ե՞րբ պիտի ուտեն. անոնք տարուան բոլոր օրերու ընթացքին պահք կը պահեն միսէն եւ համեղ կերակուրներէն, սակայն չեն գիտեր։ Անոնք է, որ Քու արքայութեանդ արժանի են, Տէ՜ր, որովհետեւ այս բոլոր բաներուն կը համբերեն։ Օգնէ՛ անոնց Տէր, մեղքացիր անոնց անօթի ստամոքսներուն, գթա՛ անոնց աչքերու արցունքներուն, անոնք իսկապէս սոված են։ Ո՜վ գթասիրտ, մի՛ անտեսեր զանոնք: 

Սուրբ պահեցողութեան ճանապարհորդութեան ընթացքին, մեր Փրկիչը քայլ առ քայլ կ՚ընկերակցի մեզի, որպէսզի խորհինք մեզմէ իւրաքանչիւրին նկատմամբ Իր ունեցած անսահման սիրոյ մասին։ Կ՚ընկերակցի, որպէսզի մեզ հասցնէ ճանապարհորդութեան աւարտին, զինուած՝ հոգեւոր զէնքերով եւ մեծ օրհնութեամբ, որոնք մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին մեր հետ կ՚ըլլան, թիկունք կ՚ըլլան մեզի ամէն ատեն։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Քեզի մեր Աստուած եւ կը փառաբանենք Սուրբ Անունդ՝ Քու մեծ սիրոյդ համար։ Մեր բոլորին համար աշխարհ եկար որպէս Արդար Ուսուցիչ՝ կեանք տուող ուսուցումներով։ Աշխարհ եկար որպէս բժշկող Բժիշկ՝ մէկ հպումովդ շատերը բժշկելով։ Աշխարհ եկար որպէս վստահելի Հովիւ եւ Փրկիչ՝ բոլոր անոնց որոնք կը հաւատան Քեզի, եւ Քու անունովդ քաւութիւն կը ստանան իրենց բոլոր մեղքերէն, Քեզի համար դեսպաններ դառնալով այս աշխարհին վրայ։ Քու անոյշ բոյրդ որ մեր վրայ տարածուելով սէր, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն կը բուրէ մեզմէ՝ բոլոր անոնց որոնց կը հանդիպինք, որովհետեւ Քու զաւակներդ ենք, Քու յատկութիւններդ կրողները, որպէսզի Քու Սուրբ սիրտդ ուրախանայ, որ մեզ սիրեց եւ ինքզինք տուաւ մեր փրկութեան համար: 

Հացով ու աղով մի՛ պահեր, մինչ մարդոց միսը կ՚ուտես դատելով ու չարախօսելով։ Մի՛ ըսեր, թէ պահք կը պահես, մինչ գերին ես ամէն տեսակ յանցանքներու։ Մի՛ հպարտանար, թէ պահք կը պահես, մինչ լեզուդ չես զսպեր։ Ան որ իր մարմինը սնունդէ կը պահէ, մինչ իր սիրտը՝ ատելութենէն եւ լեզուն՝ ստախօսութենէն չի՛ պահեր, այդպիսիին պահեցողութիւնը ի զուր է եւ իր դատաստանը աւելի մեծ է: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2023