ԵՒ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ

Երէկ երեկոյեան, Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ։ Սա ERVAB-ի 2023 թուականի առաջին ժողովն էր։ Աւելին, այս ժողովը նոր սկիզբի մը բնոյթը ունէր, որովհետեւ համայնքային կառոյցներու նորընտիր մատակարար մարմիններու ձեւաւորումին յաջորդած առաջին հաւաքը կը հանդիսանար։ Նորընտիր վարչայինները առաջին անգամ այս ձեւաչափով մէկտեղուեցան եւ քննարկումներ ծաւալեցին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի զանազան հրատապ հարցերուն շուրջ։ 

Ժողովը գլխաւորեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ ERVAB-ին ալ գլուխը կը գտնուի։ Իր կողքին էր Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, որ այս նոր շրջանին ERVAB-ի փոխ-ատենապետը պիտի ըլլայ։ Նիստի ընթացքին տեղեկացուեցաւ, որ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլի գլխաւորութեամբ յառաջիկայ շրջանին պիտի գործէ ERVAB-ը, պիտի ընտրուի ատենադպիր-քարտուղար մը եւ յառաջիկային պիտի ձեւաւորուին նաեւ զանազան յանձնախումբեր կամ ենթայանձնախումբեր՝ աշխատանքները համակարգելու եւ աշխուժացնելու նպատակով։

Երէկուան ժողովի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Պետրոս Շիրինօղլու, որ շեշտեց, որ 9 տարի վերջ համայնքային ընտրութիւնները տեղի ունեցան մօտաւոր անցեալին եւ մեր կառոյցներու մեծամասնութեան ղեկավարութիւնները փոխուեցան։ Սա եղաւ երկար գործընթաց մը, դժուարութիւններ դիմագրաւուեցան։ Բայց եւ այնպէս, զօրակցութիւնով, ձեռք ձեռքի տալով բոլոր խնդիրները հարթուեցան։ Այս փուլին Պետրոս Շիրինօղլու ընդգծեց նաեւ Տիգրան Կիւլմէզկիլի կողմէ բերուած նպաստը։

Երէկուան ելոյթին մէջ ատենապետ Շիրինօղլու շեշտեց, որ մեր կարգ մը վաքըֆներու պարագային մեծ զեղծումներ խնդրոյ առարկայ դարձած են։ Այս հանգամանքները աստիճանաբար արդէն կը պարզուին։ Ուստի, Պետրոս Շիրինօղլու խնդրոյ առարկայ վաքըֆներէն պահանջած է, որպէսզի անցեալ շրջաններու գործունէութեան վերաբերեալ պատրաստուին տեղեկագիրներ, որոնք պիտի ներկայացուին ERVAB-ին, Պատրիարքական Աթոռին եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին։

Շիրինօղլու նշեց, որ ներկայիս միայն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ընտրութիւնը տեղի չէ ունեցած։ Ան մատնանշեց, որ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու անցեալ տարի նշած էր, որ մէկ տարուան ընթացքին հիւանդանոցի ընտրութիւնն ալ տեղի կրնայ ունենալ, արդէն պատրաստուած կրնայ ըլլալ անոր ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը։ «Բայց, վերջին շրջաններուն ես ունեցայ լսում մը։ Ինծի ներկայացուեցաւ առաջարկ մը, որպէսզի նոր ձեւաւորուած համայնքային մատակարար մարմիններու ատենապետներէն վարչական խորհուրդ մը ձեւաւորուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին համար։ Ես ալ այս առաջարկին փոխարէն պատասխանեցի, որ նման որոշում մը չեմ կրնար առնել։ Այս հարցին շուրջ տակաւին մեր խօսակցութիւնները կը շարունակուին», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու։

Ընդհանուր առմամբ, Պետրոս Շիրինօղլու ընդգծեց, որ նոր շրջանին համայնքի վարչական առաջնահերթութիւնները պիտի ըլլան համայնքապատկան կալւածները, համայնքապատկան ազատ տարածքները՝ բոլորի պարագային սեփականութեան իրաւունքի կամ արժեւորման հարցերով հանդերձ։ Բաց աստի, հիմնական առաջնահերթութիւններու շարքին կը գտնուին մեր վարժարաններու կացութիւնները։ Շիրինօղլու նշեց, որ հարցականներու ենթակայ վաքըֆներու բոլորի պարագային ղեկավարութիւնները արդէն փոխուած են, սակայն անցեալ շրջանին առնուած քայլերուն կամ տրուած որոշումներուն հետեւանքով համայնքը ունեցած է մեծ կորուստներ։

Շիրինօղլու դիտել տուաւ, որ երկրին մէջ գնաճը անդադար կը բարձրանայ եւ այս իրավիճակը շատ աւելի կը բարդացնէ մեր վարժարաններու վերաբերեալ հարցերը։ Մեր համայնքէն կախեալ 14 դպրոցի մէջ ներկայիս 1900 աշակերտ կը գտնուի։ Այդ 14 դպրոցներու գրեթէ բոլորի պարագային նիւթական նեղութիւններ խնդրոյ առարկայ են։ Ան շեշտեց, որ այս բոլոր հանգամանքները մանրամասն նկատի ունենալով որոշումներ պէտք է ընդունուին։ Համայնքը պէտք է յստակ պատկերացնէ, թէ ո՛ր վարժարաններուն կարիքը ունի եւ այդ վարժարաններու պարագային ալ պէտք է ֆիզիքական ամրացման աշխատանքներ տարուին, որպէսզի անոնց շէնքերը պատրաստ ըլլան դիմակայելու Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած մեծ երկրաշարժին։ Բաց աստի, Պետրոս Շիրինօղլու մատնանշեց, որ մեր վարժարաններէ ներս ուսուցչագործող կրթական մշակներու նիւթական վիճակը շատ ծանր է եւ անոնց վարձատրութիւնները շատ հեռու են բաւարար, գոհացուցիչ ըլլալէ։

ERVAB-ի երէկուան ժողովին ընթացքին զանազան թաղերու կողմէ եղան արտայայտուողներ, որոնք տուեալ կառոյցի առկայ վիճակին եւ ակնկալութիւններուն, դիմագրաւած խնդիրներուն շուրջ բացատրութիւններ ներկայացուցին։ Այս շարքին էին Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան, Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլու, Պալաթի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Արիս Տեմիր, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեան, Ռումելիհիսարի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Օշին Փոլատ, Գատըգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Սարվէն Սերթշիմշէք, Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մինաս Մեծատուր եւ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Պերճ Զընկըք։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2023