ՍԻՆԱՆԵԱՆ ՎՇՏԱԿԻՑ

Հայաստանի սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան վերջին օրերուն ցաւակցական մը ուղարկած է նորոգ հանգուցեալ մարզական գործիչ Նազար Հանչէրի ընտանիքին։ Ծանօթ է, որ Նազար Հանչէրի անժամանակ կորուստը վերջերս մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։ Իր մահուան բօթը տխուր արձագանգ ստեղծած է նաեւ Հայաստանի մէջ։ Արդարեւ, լուսահոգի Նազար Հանչէր տասնամեակներէ ի վեր կը զբաղէր Հայաստանէն Թուրքիա եկած մարզական պատուիրակութիւններով։

«Ըլլալով համայնքի նուիրեալ անդամներէն մին՝ ան իր ներդրումը ունեցած է մարզական եւ երիտասարդական կեանքի աշխուժացման եւ խրախուսման գործին մէջ։ Յատկապէս մեծ է իր աւանդը Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի յանձնախումբի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ մարզական պատուիրակութիւններու բարձր մակարդակով հիւրընկալման գործին մէջ։ Ան նաեւ նպաստած է համայնքային մարզական կեանքի լուսաբանման եւ հանրայնացման՝ այդ եղանակով եւս աջակցելով երիտասարդներու ներգրաւուածութեան բարձրացման։ Պատահական չէ, որ համայնքին մէջ պարոն Հանչէրը կը յիշեն՝ որպէս ազնիւ ու պատրաստակամ մարդ։ Եւս մէկ անգամ կը յայտնեմ իմ անկեղծ ցաւակցութիւնները», նշուած է Զարեհ Սինանեանի ցաւակցականին մէջ։

Հարկ է յիշեցնել, որ հանգուցեալ Նազար Հանչէրի մահուան առթիւ ցաւակցական մըն ալ ուղարկած էր Հայաստանի Մարմնամարզի դաշնակցութեան նախագահ Ռոպերթ Էմմիեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 6, 2023