ԻՄԱՍՏԻ ՈՐՈՆՈՒՄ
Այն ամէն ինչ, որ գրեցի, իմաստի որոնում էր:
Իմ կարճ, անիմաստ (գուցէ իմաստալից) կեանքէն յետոյ այլեւս ամէն ինչ անիմաստ կը թուէր, կամ ես նկատած էի անիմաստութիւնը։ Ես անընդհատ կը գրէի, կը հաշուէի վայրկեանները, օրերը, տարիները եւ կը քննադատէի ներկայ իրավիճակը։ Առանձնութիւնը առաջինն էր, որ զիս տարաւ դէպի այս ճանապարհը։ Օտարութեան զգացումը զիս ստիպած էին հարցականի տակ դնել ամէն ինչ եւ սկսած էի դուրս գալ կեանքի նկատմամբ իմ դիրքորոշումներէն։
Ես կը գրէի, որովհետեւ գրելով մտածումներս շարունակական կը դարձնէի, գուցէ քանի մը վայրկեան կ՚ընդլայնէի իմ մտքի սահմանը։ Ալ չեմ գրեր մարդկութեան հետ խորհրդակցելու մասին, որուն ես պարտաւոր եմ իմ միտքերը առօրեային ներառելու որոնումներուս մէջ: Ես կը հեռանայի քաղաքէն՝ իմ առանձնութեան մէջ իմաստ փնտռելով: Իմ մտածումները զիս օտարեցին նախ քաղաքէն, յետոյ՝ կեանքէն։ Բոլոր հոգեկան վիճակներն ու մշակութային շարժումները, նաեւ առանձնութիւնը այժմ օտար էին ինծի համար։ Կեանքի իմաստը գտնելու իմ որոնումները գերակայած էին կեանքի այլ որոնումներէն եւ վերածուած՝ ապրելակերպի:
Չեմ գիտեր երբ ծագեցաւ առաջին հարցումը, բայց ան հետզհետէ դարձաւ այլ հարցումներու կծիկի։ Նախ հարցումներ կային, թէ ինչո՞ւ ես այսպէս կ՚ապրիմ, ինչպէ՞ս պէտք է ապրիմ, ինչո՞ւ կ՚ապրիմ, ո՞րն է կեանքի նպատակը… Աստիճանաբար հարցումները փոխուեցան եւ ստացան ընթացակարգային բովանդակութիւն։ Իմաստի որոնումները շարունակուեցան այլ բազմաթիւ հարցումներով. օրինակ՝ կեանքը կրնա՞յ իմաստ ունենալ, արդեօք ան անիմա՞ստ է, ի՞նչ է իմաստը, ի՞նչ իմաստ ունի ապրիլը, ինչո՞ւ հազարաւոր տարիներ կարելի չեղաւ գտնել պատասխան մը, ինչո՞ւ մեզմէ ոմանք կը փնտռեն պատասխանը, իսկ ոմանք՝ ոչ։ Ես շարունակեցի այսպիսի հարցումներով։
Շարունակ փնտռած ու հարցաքննած եմ այսպիսի հարցումներ։ Ի վերջոյ, թէեւ պատասխան չգտայ, բայց ապրեցայ այդ փնտռտուքը։ Այս փորձառութիւնը զիս ազատեց առանձնութենէն, օտարութենէն: Ես այլեւս նախկինին նման անհանգիստ չէի։ Իմ միակ մտահոգութիւնը կեանքի իմաստն էր, որուն կ՚առընչուէին մնացեալ բոլոր անհանգստութիւնները: Քանի մը տարի փիլիսոփայական գիրքեր կամ յօդուածներ կարդացի։ Քանի մը տարի առաջ, սեպտեմբերին մտածեցի, որ չեմ կրնար բաւարար չափով պատասխաններ գտնել եւ գտածներս ալ տարածել մարդոց։ Քանի որ ես տակաւին կը փնտռէի, զիս կը հետաքրքրէր նմանատիպ որոնումները եւ կ՚ուզէի հարցումեր աւելցնել իմ հարցումներուն: Իմ գրած յօդուածներով ես կ՚ուզէի, որ երբ կը գրեմ, իմաստի իմ որոնումը օգնէր մարդոց, հասկնամ ես զիս եւ ուրիշներ ըսելիք մը ունենան ինծի։
Թէեւ կարճ ժամանակէ ի վեր կ՚ապրիմ եւ անոր միայն քանի մը տարին էր փիլիսոփայութեան մէջ: Սա, պատասխանի համար կրնայ երկար ժամանակ թուիլ, այնուամենայնիւ, պատասխանի համար կարելի է նուիրել ամբողջ կեանք մը։ Իմ անձնական որոնումը չէ աւարտած: Բայց պէտք է ըսեմ, որ այսօրուայ արդիւնքը առնուազն փոխած է իմ կեանքի իմաստը։ Տարիներով ջանք թափելէ յետոյ ես չկարողացայ լեզուաբանական պատասխան մը ստանալ։ Բայց եւ այնպէս, իմ ապրելակերպը փոխուած է։ Հիմա ես կ՚ապրիմ աշխարհի մը մէջ, ուր ամէն ինչ հնարաւոր է եւ ճշգրիտ իմաստ չունի որեւէ բան: Հիմա ես կախուած եմ միայն երեւակայութեան՝ այս աշխարհի մէջ կեանքի անձնական իմաստ ստեղծելու համար։ Ես իմ կարելիութիւններուն ներքեւ ջանացի հատել աւանդական փիլիսոփայութեան սահմանները եւ ձեռք բերի հարցականի ուժ՝ ամէն ինչ հնարաւոր դարձնելու համար:
Իմ անպատասխան հարցումները գուցէ աւելի կարեւոր էին, քան պատասխանը: Թէեւ ես չկարողացայ որեւէ պատասխան գտնել, ես ունէի պատասխաններ տալու ուժ: Բայց այս չէր փափաքածս։ Ես դեռ կը փնտռէի իմաստը, որովհետեւ անհատ մը կրնար գերազանց գործեր ընել, ան կրնար հասնիլ անհնարին 60-70 տարուայ մէջ։ Ես կրնայի փիլիսոփայութեան ուժը տանիլ նոյնիսկ ժամանակի չափէն դուրս: Այս պատճառով ես շարունակեցի հարցնել. արդիւնքին ես կը քննադատեմ մարդկութիւնը։ Ժամանակը կ՚անցնի, ես կը գրեմ մարդասիրութեան մասին ու կ՚ընեմ կեանքի քննադատութիւն։ Բայց նախ պէտք է բացատրեմ իմաստի իմ որոնումը:
Լեզուն նման է լաբիւրինթոսի. եթէ մէկ կողմէն մօտենաս, գիտես, թէ ուր կ՚երթայ քու ճանապարհը։ Եթէ փորձես նոյն վայրին մօտենալ միւս կողմէն, այլեւս չես հասկնար, թէ ուր կ՚երթայ քու ճանապարհը։ «Իմաստ» բառը, որ մենք կ՚օգտագործենք, թէեւ ոչ ամբողջութեամբ, կրնայ սահմանուիլ հետեւեալ կերպով. բառի մը իմաստը անոր օգտագործումն է լեզուի մէջ, հասկնալը կը վերծանէ, իսկ իմաստ գտնելը՝ թարգմանութիւն է։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ