ՅՈՒՇԵՐ՝ ՊՕՂՈՍ ՆՈՒՊԱՐ ՓԱՇԱՅԻ ՄԱՍԻՆ

Գրող, թարգմանիչ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) քարտուղար Վահան Մալէզեան 1950 թուականին սկսած է գրի առնել իր յուշերը, որոնք հրատարակած է «Ճամբուս վրայ» եւ «Ճամբուս ծայրը» (Ա. եւ Բ.) հատորներուն մէջ: Այդ յուշերուն մէջ ուշագրաւ մանրամասներ կան նաեւ Պողօս Նուպար փաշային հետ իր մտերմութեան շուրջ:

Իր կեանքի մէկ շրջանը Վահան Մալէզեան բնակած է Պոլիս: Ան ծնած է 1871 թուականին՝ Ռումանիոյ Սուլինա քաղաքը, ուր իր հայրը՝ բժիշկ Ֆրանկիւլ Մալէզեան, կը գտնուէր առժամաբար, Միջազգային յանձնախումբի մը մօտ Թուրքիոյ առողջապահական պատուիրակի պաշտօնով:

Իր ծնունդէն վեց ամիս ետք, ծնողքին հետ տեղափոխուած է Պոլիս, ուր Օրթագիղի մէջ հաստատուած է Մալէզեան ընտանիքը: Բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ է Մալէզեան, ինչպէս նաեւ հեղինակը՝ ՀԲԸՄ-ի քայլերգին: Իր յուշերէն կը ներկայացնենք Պօղոս Նուպար փաշայի մասին հատուածներ, եւ այս յուշագրութիւնը ձեւով մը շարունակութիւնն է Նուպարաշէնի մասին մեր գրութեան:

*

Հ.Բ.Ը. Միութեան նախագահներուն գերազանց տիպարը եղած է աներկբայօրէն անոր հիմնադիրը՝ Պօղոս Նուպար փաշա, որ իր անձին եւ խօսքին բարձր հմայքովը գիտէր միշտ պատկառոտ ընծայել իր ներկայութիւնը, գլխաւորաբար ժողովներու մէջ, երբ անոնց տիրականօրէն կը նախագահէր: Ոչ ոք իրեն պէս գիտէր օրակարգին նախապէս իրեն հետ ուսումնասիրուած հարցերը ամփոփ կերպով ներկայացնել, խօսք առնողներուն միայն խօսք տալ, թոյլ չտալ որ խորհրդակցութեանց միջոցին շեղումներ եւ շաղակրատութիւններ տեղի ունենան, ի վերջոյ եզրակացնել յայտնուած կարծիքներն ու բանաձեւել տրուելիք որոշումը: Երբեմն մէկ ժամուան մէջ միաձայնութեամբ կը տրուէին կարեւոր որոշումներ, որոնք ուրիշ նախագահի մը օրով քանի մը նիստեր պիտի գրաւէին…

Շնորհիւ իր խոր զարգացումին, իր սուր դիտողութեան եւ արագ դատողութեան, ան շատ շուտ կ՚ըմբռնէր եւ շատ դիւրաւ կ՚արտայայտուէր: Իսկապէս խելացի, խորատես եւ ազդեցիկ մարդ էր, բայց ըլլալով մանաւանդ չափազանց տիրական, կարծուածին չափ դիւրին չէր իրեն հետ գործ ունենալ եւ մանաւանդ իր վստահութիւնը գրաւել: Պէտք է սակայն խոստովանիմ, թէ իմ առօրեայ յարաբերութեանս մէջ ես այդ կողմէն երբեք դժգոհելու պատճառ չեմ ունեցած, որովհետեւ առաջին օրէն ճանչցայ իր նկարագրին ու բնաւորութեան խոշոր գիծերը, եւ ըստ այնմ գիտցայ իրեն հետ վարուիլ պէտք եղած թաքտով եւ թաքտիքով, այնպէս որ առանց յաւակնութեան կրնամ ըսել, թէ աւելի յաճախ ես տիրեցի իր մտքին ու սրտին, քան ինքը փորձեց վերէն իշխել ինծի: Ու ես յաջողեցայ շուտով շահիլ իր թանկագին բարեկամութիւնը, առանց դոյզն ինչ նուաստանալու եւ կամ շողոքորթելու ինքը…

Գրեթէ իրմով սորվեցայ մեծ մարդոց հետ գործ ունենալ եւ կէս-դիւանագիտական միջոցներով հասնիլ նպատակին, որ այդ պարագային մէջ կը կայանար Ազգիս ու Բարեգործականին ծառայելուն մէջ, օգտագործելով անոնց գլուխը գտնուող ականաւոր ղեկավարներու վարկն ու հմայքը:

Երբեմն անողորմ կը դառնար Փաշան ու իր դիմացինը կը ցաւցնէր խիստ խօսքերով, որովհետեւ կա՛մ իր սիրած անձը չէր ան եւ կա՛մ իր ջիղերուն դպչող խօսքով արիւնը գլուխը կը հանէր: Իր մօտիկ բարեկամներուն, իր պաշտօնեաներուն եւ զաւակներուն ալ չէր խնայեր իր հեգնանքն ու կշտամբանքը:

Իմ մասիս. քսանհինգ տարի մօտէն գործակցեցայ Պօղոս Նուպարին հետ, եւ չեմ յիշեր, որ օր մը օրանց ան սիրտս վիրաւորած ըլլայ ծուռ նայուածքով մը կամ անճահ բառով մը. որովհետեւ օր մը օրանց չանցուցի չափը, որ պարտէր հաւասարակշռել մեր ամենօրեայ յարաբերութեան գրեթէ մտերիմ կապը: Նոյն խոհական, որքան վճռական վերաբերմունքովս կրցած եմ նաեւ մօտենալ ուրիշ նախագահներու եւ շահիլ անոնց եւս թանկագին բարեկամութիւնը եւ մանաւանդ վստահութիւնը:

Բացի իրաւագէտ-փաստաբանի հանգամանքէս, որպէս Avocat a la Cour d’Appel Mixte, ուրիշ պարագայ մըն ալ սատարած է իմ դիրքիս անկախութեան, որ թոյլ տուած է Պօղոս Նուպարներու հետ վարուիլ ու գործել, պաշտօնակից ու սեղանակից ըլլալ, առանց ընկերային դիրքէս աստիճան մը վար իջնելու, գրեթէ հաւասարէ հաւասար, ու տարակոյս չկայ, որ այս բանը էական ազդակը եղած է նաեւ Հ.Բ.Ը. Միութեան մէջ ձեռք բերած յաջողութիւններուս:

Արդարեւ, երբ ուրիշ ոեւէ մէկը պիտի փորձուէր օգտուիլ Ն. Վսեմութեան շատ բարձր դիրքէն եւ յարաբերութիւններէն, ես բացառութիւն կազմած եմ եւ իմ անձիս համար որեւէ ծառայութիւն եւ օգնութիւն չեմ ուզած Պօղոս Նուպարի կամ Գալուստ Կիւլպէնկեանի նման մեծազօր հայերէ, հակառակ որ իրենց ցոյց տուած անկեղծ համակրանքը, նաեւ բարեկամներու սրտցաւ խորհուրդներն ալ կը խրախուսէին զիս այս ուղղութեամբ: Ու մինչեւ վերջ յամառած եմ հայցող չըլլալ՝ պահելու համար իմ անկախ դիրքս, որ ինծի համար շատ թանկագին դրամագլուխ մըն էր, համոզուած ըլլալով որ այն օրը որ ես ալ իմ կարգիս խնդրարկու մը պիտի ըլլայի, իրենց միտքին մէջ անմիջապէս պիտի դասուէի ի շարս այն հայերուն, որ անոնց կը մօտենային անվրէպ շահադիտական ոգիով մը: Այդ իսկ պատճառով անոնց անմատչելի եւ անհաղորդ ուզած եմ մնալ, եւ կը յիշեմ Նուպարներու ապարանքը մտնելը աւելի դժուար էր հայու մը համար քան Խտիվին պալատը, ու վերջը նոյնպէս տեսայ որ ինչքա՛ն Տ. Կիւլպէնկեան եւս խոյս կու տար հայերու ներկայութենէն եւ պինդ կը փակէր իր ապարանքին դուռները, միշտ այն կասկածով, որ հայ մը անպայման իր դրամին ու դիրքին համար կը ջանայ իրեն մօտենալ:

Գուցէ ազգային մարզին մէջ անկախ մտածելակերպս, բայց առաւելապէս անձնական նկարագրիս տիրող մէկ բնոյթը. ես այդ իսկ պատճառաւ չկրցայ մէկ երկու հարուածով, նոյնիսկ սանկ շատ բարձրէն եկած յանձնարարականի մը շնորհիւ, երբ Նուպար Եգիպտոսի մէջ մեծագոյն ընկերութեանց ու դրամատուներու գլուխը կը գտնուէր իբր նախագահ, կամ մինչ Կիւլպէնկեան իր միջազգային կապերով ֆինանսական աշխարհի իշխաններէն մին կը համարուէր- այլոց նման իմ կարգիս հարստանալու ճամբան գտնել, բայց գոնէ սփոփանքը ունիմ որ կրցայ բարձրութեանս վրայ մնալ եւ այդ դիրքով աւելի անկախօրէն եւ հեղինակաւորապէս ծառայել իմ հասարակական կեանքիս մէջ:

Վերյիշումներուս մէջէն քանի մը դրուագներ աւելի յստակ գաղափար կու տան, թէ ի՛նչ եղած են յարաբերութիւններս Պօղոս Նուպար փաշային հետ, առաջին օրէն մինչեւ վերջը: Ատոնք առանձնապէս յուշագրած եմ «Քանիցս հրաժարեցայ», «Նուպարաշէն» եւ «Զղջում» վերնագրուած օրագրիս էջերուն մէջ:

Պօղոս Նուպար գրեթէ հայերէն չէր գիտեր. միայն իր կնոջը հետ ռամկաբարբառ հայերէն մը կը խօսէր: Կրնամ ըսել, թէ ինձմէ սորվեցաւ հայերէնը՝ ըստ բաւականի կատարելագործելով իր համեստ պաշարը: Անկէ աւելին, երեքս էինք՝ Աղաթօն, Անդրանիկեան եւ ես: Իր անմիջական շրջապատը, որ իր մէջ տակաւ առ տակաւ հրահրեցինք ազգային զգացումը, այնպէս որ բնազդօրէն մօտեցաւ ան հայութեան ամէն օր աւելի եւս. լիապէս գիտակցեցաւ ժողովուրդին պայմաններուն, ձգտումներուն եւ պէտքերուն, եւ յետոյ օրին մէկը տիրաբար իւրացուց հայկական դատը, անոր պաշտպանութիւնը ստանձնելով այնպիսի հաւատքով մը, խանդավառութեամբ ու անձնուիրութեամբ, որ իր անունը անմահացուց, հայ սիրտերու մէջ վառ պահելով երախտագիտական խոր զգացում մը:

Հայերէն լաւ չէր գիտեր, այդուհանդերձ իր բարեգործութեանց կարեւոր մասը հայերէն լեզուի եւ հայագիտութեան սահմանած է, որովհետեւ կը սիրէ հայերէնը եւ համոզուած է, որ մեր լեզուն մեր ազգայնութեան հիմն է, անոր պահպանումին գերագոյն երաշխիքն է: Քանի՜ հայերէն կամ հայանպաստ օտարալեզու հսկայ հրատարակութիւններ լոյս տեսած են իր դրամովը: Քանի՜ հայասէր կամ հայագէտ օտարազգիներու ալ ընձեռած է նիւթական լայն օժանդակութիւն:

Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ժողովը, երբ դեռ Գահիրէ էր, 1921-ին որոշում կայացուցած էր տօնել Նուպարի ծննդեան եօթանասնամեակը, եւ այդ միտքով միութիւններուն ուղղած էր շրջաբերական մը: Պօղոս փաշա հրաժարեցաւ այդ պատիւէն եւ նամակով մը սա տողերը ստորագրեց, որ մեծ հոգի մը կը մատնեն էապէս.

«Ես չեմ ուզեր որ անձնապէս ինծի վերաբերեալ որեւէ ցոյց տեղի ունենայ այս ճգնաժամային օրերուն, երբ դեռ անորոշ է մեզի վիճակուած բախտը: Անհրաժեշտօրէն պէտք է որ ամէն ցոյց եւ հանդիսակատարութիւն յետաձգուին լաւագոյն օրերու, երբ մեր հիւծիչ մտահոգութիւնները փարատած ըլլան եւ մեր բաղձանքները՝ իրականացած»:  

Ան ցոյց տուաւ նաեւ իր լայնամտութիւնը եւ լուրջ ու խոր հայրենասիրութիւնը այն սիրալիր եւ հաւատաւոր վերաբերմունքով ալ, զոր առաջին օրէն հանդէս բերաւ Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ, առանց ազդուելու հին տիրող ընկերական եւ տնտեսական րէժիմէն, այլ անոր մէջ տեսնելով հայ ժողովուրդին ազգային գոյութեան եւ ինքնութեան մշակոյթին ապահովման գրաւականը: Ու առաջիններէն եղաւ, անձնապէս եւ Հ.Բ.Ը. Միութեան միջոցաւ, օրուան կառավարութեան բերելու իր աջակցութիւնը, հայրենիքին մտաւոր եւ նիւթական վերաշինութեան ազգասիրական սխրալի գործին մէջ:

Ու կը յիշեմ դեռ մեր հանապազօրեայ հանդիպումները Շարա Նուպարի պալատին, Հելիոփոլիսի իր «արապեսք» դղեակին մէջ կամ Փարիզի իր բաղդատաբար անձուկ յարկաբաժնին մէջ, Ավընիւ Ուիլսըն, միշտ աշխատելու յօժարակամ: Գիտնալով թէ իրեն հետ ազատ խօսելու եւ իրմէ բան մը խնդրելու (օր չէր ըլլալ որ չդիմէին իմ միջնորդութեանս) յարմարագոյն պահը կէս-օրուան ճաշէն վերջին ժամն էր, սուրճի եւ սիկարէթի ժամը, այնպէս մը կը կարգադրէր ընդհանրապէս որ ցերեկուան ճաշին մնայի (մշտական էր իր հրաւէրը), եւ ստուգիւ իր բարի տրամադրութիւնը կը դիւրացնէր յաճախ իմ բարեխօսութիւնս այս կամ այն անձին այս կամ այն խնդրոյն նկատմամբ:

Որքա՜ն կենսական հարցեր իրենց լուծումը գտած են այդ պահուն, որուն կը յաջորդէր իր տիւանդորրը, հանդարտ սրտով: Ամէն անգամ որ օգտակար աշխատանք մը կատարած ըլլալու գիտակցութիւնը ունենար, հրաժեշտի վայրկեանին չէր ծածկեր իր գոհունակութիւնը, «լաւ աշխատեցանք, հէ՞» բացագանչելով:

Պօղոս փաշա կուսակցական չէր, բայց սկզբունքով կը բաժնէր Ռամկավար ազատական կուսակցութեան դաւանանքը եւ գործելակերպը. եւ ատոր ապացոյցն է համակրանքը եւ վստահութիւնը զոր ցոյց կու տար Ռամկավարներուն, իր անմիջական շրջապատին մէջ ընդունելով անոնք եւ անձնապէս օժանդակելով անոնց թերթերուն:

1922-ի վերջերը պէտք եղաւ սակայն որ վերջ դնեմ հասարակական կեանքիս եւ Բարեգործականի գործունէութեանս, որ այլեւս բոլոր ժամանակս եւ ուշադրութիւնս գրաւած էր: Հետզհետէ անկարելի դարձնելով փաստաբանական ասպարէզս, զոր հարկադրուած էի տարապայման սահմանափակել: Ու 1923 ապրիլին ընտանիքովս մեկնեցայ Եգիպտոսէն՝ վերջնականապէս հաստատուելու համար Պրիւսէլ, ուր աւելի անկախ եւ ապահով գործ մը, աւելի հանգիստ եւ հաճելի կեանք մը կը սպասէր ինծի: Հրաժեշտիս առթիւ Գահիրէի մէջ ինծի ընծայուեցան անմոռանալի պատուասիրութիւններ եւ գեղեցիկ յիշատակներ, զոր կը նկատեմ Եգիպտոսի մէջ ապրած 21 տարիներուս փառաշուք պսակումը: Փարիզէն անցնելուս չգտայ տաք վերաբերում, թէեւ իմ հրաժարականս եռ առնել տալու համար Փաշան եւ միւս պաշտօնակիցներս գերագոյն ճիգեր ըրած էին եւ մինչեւ իսկ զոհողութիւններ աչք առած էին: Կը սպասէի այլապէս սիրալիր ու պատուաբեր ընդունելութեան մը ինչպէս Գահիրէի ընկերներս հաւաստած էին, հիմնուելով մանաւանդ այն շատ գեղեցիկ նամակին վրայ, զոր Նախագահը ինծի ուղղուած էր Փարիզէն: Միութենէն քաշուելուս առթիւ, սքանչելի՜ նամակ մը զոր իրաւամբ կը նկատեմ գերազանց գնահատագիրը, որուն մէջ շատ դրուատալից բառերով կը յայտնէր, թէ իմ մատուցած երկարամեայ ծառայութիւններովս «արժանի եղած էր Հ.Բ.Ը. Միութեան»: Երբ իրեն այցելեցի, յանկարծ Փաշան ինծի առաջարկեց, որ պահեմ Կեդրոնական վարչութեան ժողովի անդամակցութիւնս եւ այդ հանգամանքով շարունակեմ Պելճիքայէն եւս տրամադրել իմ գործակցութիւնս: Մերժեցի, առարկելով, թէ հազիւ թօթափուած այդ ծանր պարտականութիւններէն չէի կրնար անուանապէս ստանձնել գործ մը, մանաւանդ այդ սիրելի գործը, առանց դրական լուրջ աշխատանքի եւ որեւէ պատասխանատուութեան, մանաւանդ որ կ՚երթամ նոր երկիր մը, նոր տուն եւ նոր գործ մը հաստատելու համար, որ ատենուան մը համար կը պահանջեն համալար ջանքերս:

Դժգոհ մնաց Փաշան, որովհետեւ առաջին անգամն էր, որ կը մերժէի իր մէկ խնդրանքը: Մեկնելուս պահուն, Աղաթօն պէյ մինչեւ դուռը ինծի ընկերացաւ՝ յուզուած դէմքով ըսելու համար, թէ ինչպէ՛ս կրցայ մերժել այդպէս չոր կերպով: Ուզեցի ցոյց մը ընել, բայց չեմ գիտեր, թէ այդ րոպէին հասկցա՞ն պաղ մերժումիս դրդապատճառը:

Սակայն եւ այնպէս այս բանը արգելք չեղաւ որ յետագային Փաշան նորոգէ իր հրաւէրը, այս անգամ շատ աւելի ջերմօրէն եւ ստիպողաբար, շատ աւելի ընդարձակ սահմանի մէջ ընծայուած գրեթէ լիազօրութեան պայմաններով, ինչպէս որ արգելք չեղաւ որ ես ալ վերջիվերջոյ տեղի տամ, ու ձգելով Պրիւսէլի հանգստաւէտ տունս եւ խոստմնալից գործս գամ կրկին լծուիլ Հ.Բ.Ը. Միութեան, որուն մեքենային քով մեռած ըլլալու փափաքս յայտնած էի Եգիպտոսէն մեկնումիս առթիւ խօսած հրաժեշտի ճառիս մէջ:

Փաշան այլեւս հանգիստ էր. որովհետեւ իր նախասիրած անձին վստահած էր այն մեծ աւանդը, որուն վրայ իրաւամբ կը դողար: Հազիւ երկու ու կէս տարի տեւեց մեր սրտագին գործակցութիւնը, զոր ափսո՜ս 1930-ին իր մահը դադրեցուց: Այդ շրջանին երկու գլխաւոր գործեր կատարուեցան իր նախաձեռնութեամբ իսկ:

Առաջին. իմ Ամերիկայի առաքելութիւնս, զոր հովանաւորեց ինծի համար շատ փաղաքշական պատգամագրով մը, եւ երկրորդ՝ Նուպարաշէնի ձեռնարկը, զոր իրագործեց իմ պնդումներուս վրայ, իր մահուան անկողնին մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2023