ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Նշանթաշըի «Մարքի» գեղարուեստասրահին մէջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեանի նկարներուն անհատական ցուցահանդէսը։ Հարկ է նշել, որ միաբան հայր սուրբը միեւնոյն ժամանակ յաջող նկարիչ մըն է եւ իր ստեղծագործութիւնները լայն ճանաչում գտած են գեղարուեստական շրջանակներէն ներս։ Իսթանպուլի մէջ առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ իր գործերուն ցուցադրութիւնը։ Հարկ է նշել, որ սա զօրակցութեան ձեռնարկ մըն է, որովհետեւ «Փարոս» ամսագրի խմբագրութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսի հասոյթէն բաժին դուրս պիտի բերուի Իսքենտէրունի եւ Վաքըֆլըգիւղի աղէտեալներուն։ «Մորալ» խորագրեալ այս ցուցահանդէսին ժամանակ ներկայացուած ստեղծագործութիւնները այցելուներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձան։

Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեանի ցուցահանդէսի բացման ընդունելութիւնը պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որուն կ՚ընկերանային նաեւ Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Հաւաքոյթի ընթացքին «Փարոս» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիս եւ «Մարքի» գեղարուեստասրահի սեփականատէր Արթին Քահրաման ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները, որոնք առիթ ունեցան նաեւ անմիջականօրէն զրուցելու Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեանի հետ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2023