ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ա­մե­րի­կա­յի հայ­կա­կան հա­մա­գու­մա­րի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի հա­մա­նա­խա­գահ Վան Գրի­գո­րեա­նը։ Հարկ է նշել, որ Վան Գրի­գո­րեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ։

Ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը՝ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան կա­րե­ւո­րեց հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րը բարձ­րա­ձայ­նե­լու եւ լու­ծե­լու ուղ­ղեալ Ա­մե­րի­կա­յի հայ­կա­կան հա­մա­գու­մա­րի տաս­նա­մեակ­նե­րու բեղմ­նա­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ան նոյն­պէս կա­րե­ւո­րեց այդ կա­ռոյ­ցի շա­րու­նա­կա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հետ։ Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար՝ Վան Գրի­գո­րեան ներ­կա­յա­ցուց Ա­մե­րի­կա­յի հայ­կա­կան հա­մա­գու­մա­րի յա­ռա­ջի­կայ ծրագ­րե­րը։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն մէջ ի­րա­կա­նա­ցուող ձեռ­նարկ­նե­րուն։

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015