«ՈՏՔԻ՛ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»Ի ՆԱՄԱԿԸ

Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի սա­կա­գի­նի բարձ­րաց­ման հար­ցին բե­րու­մով ստեղ­ծուած բո­ղո­քի ա­լի­քը կը շա­րու­նա­կուի։ «Ո՛չ թա­լա­նին» նա­խա­ձեռ­նու­թեան կող­մէ բարձ­րա­ցուած աղ­մու­կը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել երկ­րին օ­րա­կար­գը։ Ներ­կա­յիս այդ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը վե­րա­նուա­նուած է որ­պէս «Ոտ­քի՛ Հա­յաս­տան»։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կայ­ա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Ոտ­քի՛ Հա­յաս­տան»ը ե­րէկ բո­ղո­քի երթ մը կազ­մա­կեր­պեց Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յէն՝ Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան շէն­քի յա­րա­կից տա­րած­քէն ցու­ցա­րար­նե­րը քա­լե­ցին մին­չեւ իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան գրա­սե­նեա­կը՝ փո­խան­ցե­լու հա­մար ի­րենց նա­մա­կը Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նին։ Այդ նա­մա­կը ըն­թեր­ցուե­ցաւ նաեւ Դա­ւիթ Սա­նա­սա­րեա­նի կող­մէ։ Նա­խա­ձեռ­նու­թեան նա­մա­կին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս նշուած է, թէ պի­տի շա­րու­նա­կուի քա­ղա­քա­ցիա­կան անհ­նա­զան­դու­թիւ­նը այն­քան ժա­մա­նակ, մին­չեւ որ Հա­յաս­տա­նի հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը կար­գա­ւո­րող յանձ­նա­ժո­ղո­վը չե­ղեալ յայ­տա­րա­րէ իր ո­րո­շու­մը՝ ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի սա­կա­գի­նը բարձ­րաց­նե­լու մա­սին։

«Ե­թէ մին­չեւ Օ­գոս­տո­սի 1-ը յանձ­նա­ժո­ղո­վը չըն­դու­նի այդ ո­րո­շու­մը, մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք քա­ղա­քա­ցիա­կան անհ­նա­զան­դու­թիւ­նը այն­քան ժա­մա­նակ, մին­չեւ որ պե­տու­թիւ­նը քրէա­կան գոր­ծեր չյա­րու­ցէ ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տը փլուզ­ման եզ­րին հաս­ցու­ցած բո­լոր պաշ­տօ­նեա­նե­րուն դէմ», ը­սաւ Դա­ւիթ Սա­նա­սա­րեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015