ԻՐԱՆԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ
Իրանի Մշակոյթի եւ իսլամական առաջնորդման նախարար Ալի Ճանաթի վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրնկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան իրանցի իր պաշտօնակցին հետ քննարկեց երկու երկիրներու մշակութային համագործակցութեան հեռանկարներուն վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Բաց աստի, Ալի Ճանաթի տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նախագահ Սարգսեանի մօտ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին մշակոյթի ոլորտէն ներս ձեւաւորուած կապերուն շուրջ։ Անոնք համակարծիք են, որ այդ կապերը ամուր հիմքեր կը ստեղծեն Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները քաղաքական, տնտեսական եւ այլ գետիններու վրայ զարգացնելու եւ խորացնելու առումով։ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշեց, որ մշակութային ժառանգութեան պահպանման շրջագծին մէջ համագործակցութիւնը վերջին տարիներուն կ՚ունենայ որակական նոր դրսեւորումներ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի տարածքէն ներս հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման գծով կատարուող աշխատանքին եւ այդ ժառանգութեան նկատմամբ ցուցաբերուող հոգատար վերաբերմունքին համար։ Սար-գըսեան վստահեցուց, թէ Հայաստանի մէջ եւս նման վերաբերմունք գոյութիւն ունի իրանական պատմամշակութային ժա-ռանգութեան նկատմամբ։
Ի լրումն այս բոլորին, Ալի Ճանաթի ուղեւորութեան շրջագծով այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրնկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։