ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ ԽՕՍՔԸ՝ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ «ԵՐԵՔ ՈՍԿԵՂԷՆ ԲԱՆԱԼԻՆԵՐ՝ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՔ ԴՌՆԵՐ ԲԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»

Ուսումնական տարուայ վերջն է՝ դպրոցական հունձքի շրջան։ Սերունդներ կը պատրաստուին հրաժեշտ տալու իրենց դպրոցական կեանքին եւ նոր կեանք մտնելու: Որքա՜ն յուշեր կան՝ ուսումնական կեանքին հետ կապուած եւ որքա՜ն անորոշութիւններ՝ նոր կեանքին հանդէպ: Այսօր կեանքը այլեւս նոյն երազայինը չէ, ինչ որ էր ժամանակին: Դժուարացած են օրերը, բրտացած են ապրելու պայմանները եւ փշոտ դարձած են ճամբաները, որոնցմով պիտի քալէ երիտասարդը: Բայց միեւնոյն ժամանակ, երիտասարդի հոգւոյն մէջ երբեք չի մարիր երազը, կրակը, խանդը եւ ապրումի հանդէպ անսահման ձգտումները: Մեծահասակներ իրենց խորհուրդներով կը պատեն դպրոցն ու վարժարանը աւարտող երիտասարդին միտքը, անվերջ կեանքի դասեր կու տան, կը զգուշացնեն վտանգներէ, փորձութիւններէ եւ բնականաբար նաեւ օրհնանք եւ բարեմաղթանք կը յղեն նոր ուղի բռնած երիտասարդին:

Հայ բանաստեղծութեան մեծերէն մին՝ Դանիէլ Վարուժանի արձակ էջերու եւ ելոյթներու մէջ կայ խօսք մը, որ ան արտասանած է ուսումնական վկայականներ բաշխելու ընթացքին: Իր կարճատեւ կեանքի ընթացքին անմահ բանաստեղծը ամէն ջանք գործադրած է՝ նուիրուելու իր ժողովուրդի կրթութեան, յառաջդիմութեան գործին: Եւ պատահական չէ, որ գրաքննադատներ Դանիէլ Վարուժանի ստեղծագործութեան էութիւնը կը նկատեն գեղեցկութեան, ուժի ու աշխատանքի փառաբանութեան տարերքը։ Վարուժան ուսուցչութիւն ըրած է զանազան վարժարաններու մէջ՝ Սեբաստիոյ Արամեան վարժարանը, Թոքատի Ազգային ճեմարանը, Բերայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանը: Բանաստեղծը վստահ էր, որ «մեր ժողովուրդի հոգին ծարաւ է», եւ «լոյսի կուժը անհրաժեշտ է մօտեցնել անոր շրթունքներուն»: Եւ ան, «լոյսի կուժը» ձեռքին ապրած է մինչեւ իր եղերական կեանքի վերջը: Ժամանակակիցներ իրենց յուշերու մէջ կը յիշատակեն Դանիէլ Վարուժանի կրակոտ, հայրենասիրական եւ մարդասիրական ոգիով տոգորուած ելոյթները՝ Պոլսոյ մէջ, զանազան հասարակական, մշակութային ձեռնարկներու ընթացքին:

Ցաւօք, ատոնց մէկ մասին վերաբերեալ կարճ տեղեկութիւներ կան օրուայ մամուլին մէջ եւ ոչ բոլոր ելոյթները հասած են մեզի: Պահպանուած են սակայն Դանիէլ Վարուժանի՝ փունջ մը արժէքաւոր ելոյթները, որոնց կարգին՝ ընթացաւարտներուն ուղղուած խօսքը:

Ընթացաւարտներուն ուղղուած խօսքէն առաջ, ինչպէս կը տեղեկանանք օրուան մամուլէն, Դանիէլ Վարուժան ինք կը բաժնէ աւարտական վկայականները: Երանելի է այն սերունդը, որ 20-րդ դարու մեր ամենամեծ գրողներէն մէկուն ձեռքէն ստացած է իր կեանքի այդ կարեւոր վկայականը եւ լսած՝ արժէքաւոր բանաստեղծութեան մը համազօր անոր բանաւոր խօսքը:

Գրողի «Հուսկ բանք» («Վերջին խօսքերը») գրութեան հետ միասին կը ներկայացնենք նաեւ անոր արձակէն «Հերոս» գրութիւնը, որոնք երկուքն ալ արդիական շունչ ունին այսօր:

ՀՈՒՍԿ ԲԱՆՔ

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

Ազնի՛ւ հանդիսականներ.

Ամառ է եւ հունձքի եղանակ. դուք կ՚ուզէք գաղափար մը կազմել մեր մշակած արտերուն վրայ։ Այդ ձեր իրաւունքն է։ Մենք երկու տեսակ արտ ունինք՝ այն, որ հասունցած է եւ այս տարի կը հնձենք, եւ ա՛յն, որ դեռ կանանչ է եւ ի լինելոյ։ Այս վերջինը կը կազմեն մեր բոլոր սա աշակերտները, զուարթ եւ աշխոյժ պատանեակները, զոր դուք կարմիր ու ոսկետառ մատեաններով վարձատրեցիք՝ իւրաքանչիւրը իր արժանիքին համեմատ։ Այժմ կարմիր-կարմիր մրցանակներով երփնուած են այդ մատաղ աշակերտները։ Դուք այդ կանանչ արտը բոսոր կակաչներով պճնեցիք՝ տալով անոնց հրավառ արշալոյսի մը երեւոյթը՝ լի Յոյսով եւ ապագայի Խոստումով։

Ընդունեցէք մեր շնորհակալութիւնը։

Միւս հնձուած արտը սա հինգ երիտասարդներն են, մեր այս տարուան շրջանաւարտները։ Այդ հասկաթուռ երախայրիքը կ՚ընծայենք Կեանքին ու Ազգին։ Բայց սնոտի պարծանքը չունինք ըսելու, թէ բոլորովին մեր արդիւնքը կը կազմեն անոնք. երբե՛ք։

Մեր միամեայ պաշտօնավարութիւնը՝ եօթը տարուան գործ չէր կրնար տեսնել։ Մենք նմանեցանք այն ժամագործին, որուն արուեստին ու խնամքին կը յանձնեն արդէն իր անիւներովը, սլաքներովը ու զսպանակներովը բոլորովին շինուած ժամացոյց մը՝ ժամացոյց մը որ հակառակ այս բոլորին՝ կը կաղայ իր ճշտապահութեանը մէջ, տասը վայրկեան, քառորդ մը, կէս ժամ ետ կը մնայ, կը խաբէ գործածողը։ Մենք առինք այդ գործիքը, ուսումնասիրեցինք, աշխատեցանք անոր վրայ, ու բաղդատմամբ աւելի խոշոր այդ մեքենաներուն աւելցուցինք փոքրիկ անուակ մը, փոքրի՛կ, բայց կարեւո՜ր, ժամացոյցը ճշտապահ եւ գործածելի ընելու համար։ Ու յետոյ աւելցուցինք ոսկի ջնարակը, գեղեցիկ ըրած ըլլալու համար մեր տուած արդիւնքը։

Եւ ահաւասիկ արդիւնքը, ահա հինգ շրջանաւարտ պատանիները, զոր կ՚ընծայենք… Կեանքին ու Ազգին։

(Այստեղ պ. Վարուժան, շրջանաւարտներուն վկայականները բաշխելէ վերջ, խօսքը անոնց ուղղելով՝ ըսաւ).

Սիրելի՛ աշակերտներ, բարեկամնե՛ր.

Այսուհետեւ, Ուսումնարանը պիտի թողուք այսօր, եւ ես ուրիշ ի՛նչ կրնամ ձեզի ըսել, բայց եթէ կրկնել սպարտացի ծնողքին այն բառերը, երբ պատերազմի համար պատրաստելէ վերջ իր զաւակը, տուաւ անոր նիզակին հետ լայնակումբ ասպարը եւ ըսաւ. «Կամ վահանովդ դարձիր, կամ վահանիդ վրայ»։ Պաշտպանման ու յարձակման ծառայող ձեր վահանը՝ անխոցելի Ուսումն ու Գիտութիւնն է եւ զանոնք խորհրդանշող՝ Վկայականը։ Ատոնք տուինք ձեզի եւ ահա ձեզ ճանապարհ կը դնենք։ Կամ անոնցմով կը դառնանք, կամ անոնց զոհը կ՚ըլլաք։ Երբեք չենք ներեր ձեզի, որ դրժէք ամբարած ձեր Ուսման դէմ, կամ զայն թողուք կեանքի ռազմադաշտին վրայ ու փախուստ տաք։ Այդ պարագային դուք կ՚ըլլաք թշուառական դասալիքներ՝ կարեկցութիւն մուրալու միայն արժանի։

Լաւ համոզուեցէք, որ դպրոցը ամէն բան ձեզի չտուաւ, եւ չէ՛ր ալ կրնար ամէն բան տալ։ Յաջողութիւնը դուք անձամբ այսուհետեւ պիտի գտնէք։ Մենք անոր ճամբան միայն սորվեցուցինք։ Ձեզի տուինք երեք ոսկեղէն բանալիներ՝ յաջողութեան երեք դռներ բանալու համար։

Առաջին դուռը, պարոննե՛ր, Երազի ու Սրբութեան դուռն է, ուրկէ կը մտնէք ընտանեկան օճախը։ Ընտանիք մը պիտի պահպանէք եւ ընտանիք մը պիտի կազմէք։ Անոնց բաղկացուցիչ տարրը, հիմն ու շաղախը, ձեր մէջն իսկ պէտք է փնտռել, - սրտին սէրը եւ մտքին լոյսը։ Եթէ դուք գիտցաք սիրել հայր, մայր, քոյր ու եղբայր, եթէ անոնց յոյսերը պսակեցիք, քրտինքը սրբեցիք, անձնուիրաբար աշխատելով անտրտունջ եւ հեզահամբոյր կրցաք հանգչեցնել ձեր ծնողաց վաստակաբեկ ոսկորները եւ արժանաւոր յաջորդը, պահեստի ուժը եղաք ձեր հօր, դուք այդ պարագային կրցած էք լիուլի սիրել եւ երջանիկ ըլլալ ու երջանիկ ընել ընտանեկան օճախը։ Եթէ դուք կրցաք ձեր հօր ըրածէն բան մը աւելի ընել, պարզ քարէ շէնքէն վերջ՝ մարմարէ շէնքը բարձրացնել, ձեր արենակիցները քիչ մը աւելի նիւթական ու բարոյական վիճակի մը մէջ փոխադրել, դուք այդ պարագային վստահ կրնաք ըլլալ, թէ այդ դուռէն յաջողապէս ներս մտած էք եւ թէ ձեր առած Ուսումը ընտանեկան յարկին մէջ ու լուսասփիւռ ձեղնաջահը եղած է արժանաւոր կերպով, եւ թէ վերջապէս յաջողութեամբ գործածած էք այն առաջին ոսկեղէն բանալին՝ զոր յանուն Երջանկութեան տրուեցաւ ձեզի։

Երկրորդ դուռը մռայլ ու ծխապատ, փոշիով ու սոսկումով ծեփուած պղնձէ դուռն է, որ կը բացուի կեանքին կրկէսին վրայ, ուր ձեր նմաններն օրն ի բուն կը գօտեմարտին, հացին յաւիտենական կռիւը կը մղեն։ Հոն դուք պիտի չգտնէք գորովը ձեր ծնողքին, ներողամիտ նայուածքները ձեր դաստիարակներուն, գութի քաղցր խօսքեր, սիրոյ մրմունջներ։ Հոն նենգն ու մռունչը գոյութիւն ունին, պիտի քարընդոտեն ու մղեն ձեզ դէպի կորուստի անդունդը, ձեր անկումին վրայ հաստատելու համար յետոյ իրենց յաղթութիւնն ու շահի ոսկեղէն հորթը։ Դուք քաջասիրտ ու ինքնավստահ պէտք է մտնէք այդ խառնուրդին մէջ։ Այդ պայքարէն յաղթական ելլելու համար մի փնտռէք ուրիշ զէնքեր, ուրիշ զրահներ, որոնք որքա՛ն անպատիւ՝ այնքան ալ անվստահելի են սովորաբար։ Ձեր զէնքը ձեր առած գիտութիւնն է, որուն վրայ կրնաք վստահիլ եւ յաջողապէս եւ պատուաւորապէս մղել ձեր պայքարը։ Այդ զէնքը պարտաւոր էք դեռ կատարելագործել կեանքին մէջ, օրուան պահանջներուն, միջավայրի պէտքերուն ու փորձառութեան դասերուն պատշաճեցնելով։ Վերջապէս կեանքի հրեղէն հնոցին մէջ ջրդեղել պէտք է ա՛յն, զոր Ուսումնարանը տուաւ ձեզի եւ որուն վրայ դուք կրնաք ապահով կռթնիլ եւ ուղղել մէկ կողմէն ձեր հարուածը չարին ու վնասակարին դէմ, եւ միւս կողմանէ՝ ձեր եղբայրական ձեռքը դէպի բարին ու շինարարը։ Այն ատեն, սիրելի պարոննե՛ր, դուք յաջողապէս գործածած պիտի ըլլաք նաեւ այն երկրորդ ոսկեղէն բանալին, զոր յանուն Յաջողութեան տրուեցաւ ձեզի։

Երրորդ դուռը արիւնլուայ եւ լալաճռինչ դուռն է, զոր պիտի բանաք մտնելու համար Հայրենի երկիրը, փշաստա՜ն ու բուրաստա՜ն։ Դուք պիտի չճանչնաք միմիայն տունէն խանութ տանող ուղին։ Դուք իբրեւ դաստիարակուած երիտասարդներ, հաւատարիմ պիտի ըլլաք տոհմային կրթութեան ու հայ արիւնին, որ սերունդէ-սերունդ եկած՝ ձեր երակներուն մէջ կը հոսի։ Մենք զձեզ երբ կը հանենք Ուսումնարանէն իբրեւ շրջանաւարտներ, չենք ուզեր խառնել այն մարդերուն հետ, որոնց համար աշխարհը իրենց ստամոքսի մեծութիւնն ու արժէքը ունի միայն, որոնք իրենց շուքէն անդին չեն ուզեր խորհիլ եւ ոչ ալ գործել իրենց շահաստանէն անդին։ Մենք ձեզ զինուորագրուած տեսնել կ՚ուզենք այն փոքրաթիւ մտաւորականներու գունդին, որոնք ընտրեալներն են ազգին իբրեւ խորհող ու պայքարող ըղեղներ, որոնք ունին տիեզերական սիրտ մը, որ այս երկրին բոլոր տարրերուն համար ու ի մասնաւորի իրենց ազգակիցներուն ի շահ՝ իրենց ուսման եւ կարողութեան լաւագոյն մասը կը զոհաբերեն, որոնք գրական կամ գիտական, քաղաքական կամ տնտեսական ամուր սկզբունքներու տիրացած՝ այս աւեր ու աւերակ երկրին ճակատագիրը դարբնելու համար իրենց մտածումը մուրճ կ՚ընեն ու իրենց լուսաւոր ճակատը՝ սալ անխորտակելի, որոնք, վերջապէս իտէա՜լ ունին՝ առանց որոյ հայ զարգացած երիտասարդ մը կամ զզուելի եսապաշտ մըն է եւ կամ բուսական կեանքով ապրող ոչնչութիւն մը։ Իտէա՜լ ունեցէք, պարոննե՛ր, չարդարացնելու համար Կէօթէի ամբաստանութիւնը, թէ հայը ծալապատիկ նստած կը հաշուէ, կամ գոնէ ցոյց տուէք թէ հայուն հաշուածը չէ միայն տափակ մետաղը, այլ նաեւ յոյսի եւ լոյսի բոլոր այն շիթերը, որոնցմով օր մը պիտի պսակէ յաղթական կոթողը իր ցեղին քաղաքակրթութեան։ Եւ ի՛նչ կռուանի վրայ պիտի բարձրանայ այս կոթողը, անոր խարիսխը, պարոննե՛ր, պէտք է հաստատել լոյսին եւ քրտինքին վրայ, Գաղափարին ու Աշխատանքին վրայ։ Խորհի՜լ ու կիրարկե՜լ- ահա փրկութիւնը անհատին ու մարդկութեան, որուն ի շահ ինկածները նահատակներ են եւ յաղթողները՝ անմահներ։

Նոյն կռուանին վրայ հաստատեցէք ձեր գոյութիւնը՝ ձեր ճիգերուն հետ եւ պիտի տեսնէք, որ յաջողապէս գործածած պիտի ըլլաք նաեւ այն երրորդ ոսկեղէն բանալին, զոր յանուն Յաղթանակին տրուեցաւ ձեզի։

Ուսումնարանին այս երեք աւանդներովը կը մեկնիք ուրեմն։ Մի մոռնաք այս Հաստատութիւնը, որ սահմանուած է կատարելու մեծ ու փրկարար գործ մը՝ մասնաւորապէս այն Հասարակութեան մէջ, որ բաղդատմամբ միւսներուն՝ աւելի շատ պէտք ունի տոհմային դաստիարակութեան ու զոհաբերող նկարագրի։

Յոյսով ու հաւատքով լեցուն, գօտեպնդուած խրախոյսով՝ ահա ճամբայ կը դնենք զձեզ։

Յիշեցէ՛ք սպարտացի մօր պատուէրը։ Եւ երբ օր մը երկարամեայ կեանքի պայքարէն վերջ վերադառնաք ու այցելէք այս Ուսման Վառարանը, որուն շուրջ ձեր պատանեկան օրերն անցուցիք, ձեր ճակատներէն ցոլացող ճառագայթը անեղծ ու մաքուր մնացած ըլլայ՝ նման այն ճառագայթին, որ ցոլքն է այս Հաստատութեան ձեղունէն կախուած Լուսաւորչի աւանդական կանթեղին։

ՀԵՐՈՍԸ

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

Շոբենհաւուեր երեք գերմարդեր կ՚ընդունի. Սուրբը, Հանճարը, Հերոսը: Ան լաւատեսներուն լաւատեսը կը դառնայ, երբ կ՚ըսէ, թէ անոնք կ՚ապրին կեանքին կատարելութիւնը եւ գեղեցկութիւնը. եւ այս հանգամանքով արդէն կարելի կ՚ըլլայ ըսել, թէ անոնք կ՚ապրին Տիեզերքը։ Տիեզերքը, որ ի հարկէ ընդունայն տեղը կառուցուած պիտի ըլլար, եթէ ոչ ոք գտնուէր զայն վայելող գիտակցաբար կամ անգիտակցութեամբ։ Խօսինք միայն Հերոսին վրայ։ Ան այնքան գերմարդկային յատկանիշներով կը ներկայանայ, որ հիները զայն աստուածներու դասին մէջ կը դնէին. հիները իրենց կրօնքը կազմեցին ի յետնագունէ եւ այսպէսով բարձրացան մարդէն հերոսին եւ հերոսէն Աստուածին։ Հելլէններուն դիքը մարդիկ են՝ կատարեալ իրենց մարմնով, կատարեալ իրենց հոգուով, իրենց միտքը ուժի ի՛նչ սաստկութիւն որ յղանար, բազուկնին զայն կը շարժէր։ Հոգեկան եւ մարմնաւոր բոլոր կարողութիւններուն ներդաշնակութիւնը էակի մը մեծութեան առաջին պայմանն է։

Եւ ներդաշնակ ու մեծ էակ մը՝ կեանքին օրէնսդիրն է, ան դիքերու ազգէն է, դիւցազն է, զի անիկա կամ սպաննեց վիշապը, որ արարչութիւնը կը թունաւորէր իր աւերներով, կամ ստեղծեց պատմութեան ոսկի շրջան մը, կրօնք մը, որ ո՛չ թէ միայն կեանքը կ՚արփաւետէ, այլ նաեւ գերեզմանն եւ գերեզմանին հեռաւոր գաղտնիքը։ Այս առաւելութեամբ օժտուած մարդուն մէջ՝ մարդիկ տեսան աստուածի մը սաղմը եւ աստուածուհիի մը վարդաբոյր համբոյրը անոր ճակատին վրայ։

Այն բոլոր հանգամանքով, որով առասպելներն ու զրոյցները մեզի հերոսները կը ներկայացնեն, անոնք մարգարէներէն աւելի բան մը ունին։ Անոնք փոխանակ միայն աստուածներուն շունչը զգալու իրենց հոգիին մէջ, իրենց մարմնովը իսկ կը հպէին անմահի մը մարմնոյն, վասնզի հերոս ըլլալու համար հարկաւոր է, որ մարմինը հոգիին հաւասար աստուածացած ըլլայ։ Մարգարէն ապագան կը տեսնէ, հերոսը կը պատրաստէ զայն։ Մէկը օրէնսգէտն է, միւսը՝ օրէնսդիրը, առաջինն Աստուծոյ դեռ չսերմանուած խօսքը կը հնձէ, վերջինը դեռ չհնձուած խօսքը կը սերմանէ. այս վերջինը այնքան մօտ է երկնաբնակներուն, որոնց ձեռքին մէջ ստէպ կը խառնուի իր ձեռքը, անոնցմէ կ՚առնէ ճօշանը, ե՛ւ սաղաւարտը, ե՛ւ լախուրը, ե՛ւ նիզակը, ե՛ւ սուրը եւ անոնց առաջնորդութեամբ կը դիմէ դէպի Յառաջդիմութեան կռիւները։ Հերոսները անիւներէն են, որոնց վրայ շրջան կ՚առնէ յառաջդիմութիւնը։ Եթէ բարեշրջումը իրաւցնէ առանց գիտակից ազդակի կ՚իրագործուի դարերուն ընթացքին մէջ, բայց միշտ հերոսի մը պէտք ունի իր դատավճիռն ընդունելու համար։ Տարիները մարդկային մտքին խաղաղ աշխատութեամբ կը սերմանուին, բայց դարերը հերոսի արիւնով կը հասուննան։ Իմաստասէրները եւ ընկերաբանները կու գան շաղուել իրենց վարդապետութիւններով յառաջդիմութեան շաղախը, լաւագոյն կենցաղի մը մտատիպարը, բայց հերոսն է, գերմարդը, որ այդ լաւագոյն կեանքի շէնքին հիմունքը պիտի հաստատէ, մարմար մարմարի վրայ պիտի զետեղէ, պիտի տեղաւորէ լուսակառոյց սիւները, երկաթները պիտի ձգէ որմէ որմ, մինչեւ որ կերտուի քաղաքակրթութեան տաճարը, սիւները շողան, եւ խորանը պատրաստ ըլլայ ընդունիլ կարենալու համար գաղափարին զոհը, եւ այդ զոհը՝ ինքն է՝ տաճարը կառուցանող նոյն այդ հերոսը. իր արիւնը պիտի հեղուի սեղանին վրայ իբրեւ դրոշմը իտէալին տիրապետութեան։

Այս գռեհիկ աշխարհին վրայ ամէն գերմարդ զոհ մըն է։

Եւ առանց զոհի հերոս չկայ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2023