ՄՏԱԾԵԼ ԶԱՅՐՈՅԹԻ ՄԱՍԻՆ -Բ-

Կը շարունակենք խորհրդածել զայրոյթի զանազան երեսակներուն եւ ազդեցութիւններուն մասին։

Զայրոյթը մեր ամենահիմնական զգացումներէն մին է՝ ինչպէս սէրը, տխրութիւնը, վախը, ողորմածութիւնը կամ կարեկցանքը… Ինչպէ՞ս վարուիլ այս զգացողութեան հետ, որուն ակամայ կը յանձնուին մարդիկ եւ կը դժուարանան վերահսկել զայն, այդ զգացումը կը ձեւաւորուի տուեալ պահուն առնուած որոշումներով: Վնասը, որ մարդ կը պատճառէ դիմացինին՝ իր անզուսպ կամ անսանձ զայրոյթով, կրնայ դրսեւորուիլ նոյնիսկ չափաւորութեան սահմանները հատելով ու հասնելով ծայրայեղութեան։ Պէտք է խօսիլ այն մարդոց սխալներու մասին, որոնք կ՚ապրին զայրոյթի ակունքին։

Զայրոյթը, ցասումը, նոյնիսկ բռնութիւնը սահմանափակուելու, վիրաւորուելու, անարդարութեան կամ սպառնալիքի պարագային յայտնուած զգացումներ են, որոնք կրնան սաստկանալ կամ սանձուիլ, երբ կը վերահսկուին:

Զայրոյթը կարելի է ճիշդ արձագանգի վերածել կրթութեան, գիտակցութեան, պատասխանատուութեան եւ անձնական «ենթակառուցուածքի» միջոցով: Ուստի զայրոյթը պէտք է զսպել, չափաւորել եւ անոր բացասական ազդեցութիւնը ճիշդ ուղղորդել։ Զայրոյթի կառավարման մասին ամէն ինչ կը ձեւաւորուի մեր յոյզերու, միտքերու, իմացութեան եւ դաստիարակութեան հիման վրայ: Հակառակ պարագային զայրոյթը հեշտութեամբ կրնայ վերածուիլ վիրաւորական եւ վնասաբեր վարքի:

Պէտք է նշել, որ մարդիկ կրնան զայրոյթ յառաջացնել եւ կամ զայրանալ: Հետեւաբար, նախքան բարկանալը, պէտք է սորվինք վերահսկել զայրոյթը, պոռթկումը: Մենք պէտք է նկատի ունենանք, որ լրջօրէն կը խաթարենք դիմացինի դատողութիւնը, ընկալումը, տրամադրութիւնը, խնդիրներ լուծելու, նաեւ ստեղծագործական կարողութիւնը: Զայրոյթ զգալը նոյնքան վատ է, որքան զայն ապրիլը: Խնդրայարոյց իրավիճակներու մէջ անհրաժեշտ է հասկնալ հետեւեալը. վերլուծական մօտենալ իրադարձութիւններուն՝ առանց յանցագործ մը փնտռելու։

Շատ կարեւոր է բարեխղճօրէն մտածել, ձերբազատիլ մեր նախապաշարումներէն, փորձել վերլուծել իրադարձութիւնները եւ հաւասարակշռուած օգտագործել մեր յոյզերը: Նախ պէտք է սորվիլ ինքնաքննադատութիւնը։ Պէտք է մտածել, թէ արդեօք մեղաւո՞ր ենք, ո՞ւր սխալած ենք եւ ի՞նչ կրնանք ընել։ Այնպէս որ, ամենակարեւոր հարցերէն մէկն է, որ մենք մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին մեր ժամանակի շատ լուրջ մասը կ՚անցընենք՝ զսպելու համար այն զգացումները, որոնք կրնան զայրոյթ յառաջացնել եւ անդառնալի սխալներ պատճառել։

Զայրոյթը, ընդհանուր առմամբ, բնականոն, առողջ զգացում մըն է: Բայց երբ ան դուրս գայ վերահսկողութենէ եւ դառնայ կործանարար, բարդ խնդիրներ կրնայ յառաջացնել. օրինակ՝ մեր աշխատանքային կեանքի, մեր անձնական կամ ընկերային յարաբերութիւններու մէջ…

Երբ մենք կը բարկանանք, դժբախտաբար կը հայհոյենք կամ կը բղաւենք բաւական «գունաւոր» արտայայտութիւններով, որոնք յաճախ կ՚արտացոլեն մեր ներքին մտածումները: Բայց երբ մենք զայրանանք, մեր մտածումները կրնան չափազանցուած եւ տրամաթիք ձեւով արտայայտուիլ:

Զայրոյթը կը յաղթահարենք, երբ տրամաբանականօրէն կը մտածենք եւ ըստ այդմ կը շարժինք։ Արդարեւ՝ զայրոյթը արագօրէն կրնայ տրամաբանութեան սահմաններէն դուրս գալ՝ նոյնիսկ եթէ մտածենք, թէ արդար ենք ու իրաւացի։ Նման իրավիճակներու մէջ պէտք է կեդրոնանանք ո՛չ միայն արդիւնքին, այլեւ՝ խնդրի բովանդակութեան եւ լուծման հասնելու ռազմավարութեան վրայ։ Սա կրնայ ապահովել նուազագոյն վնասով յաղթահարել ստեղծուած իրավիճակը։ Այսպէսով, կարելի է սորվիլ սանձել յոյզերը եւ ըլլալ աւելի համբերատար, եթէ նոյնիսկ խնդիրը չլուծուի։

Բոլորս կ՚ուզենք արդարութիւն, երախտագիտութիւն, հաշտութիւն, նաեւ ամէն ինչ իրականացնել մեր մտածելակերպով, մեր մտադրած ճանապարհով: Երբ սա տեղի չունենայ, գրեթէ բոլորս կը վրդովինք եւ կը հիասթափուինք. հիասթափութիւնը կը վերածուի զայրոյթի, եթէ մեզմէ շատերու պահանջները չկատարուին:

Մեր սովորական հակազդեցութիւնը կ՚ըլլայ հիասթափութիւն եւ ցաւ, եթէ մեր ուզածը չկարողանանք ստանալ: Բայց սա զայրոյթ չէ՛։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•շարունակելի 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2023