ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՏԵՍՆԷ՝ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 175-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԻՆ ՀԱՄԱՐ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պաքըրգիւղի ընտանիքը այս օրերուն կ՚ապրի խանդավառութիւն մը՝ Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յուշամատեանի շնորհանդէսին ընդառաջ։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն, որուն կ՚ընկերանար անդամուհիներէն Քոզէթ Աւանուս։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի նախ նուիրեցին յուշամատեանէն օրինակ մը։ Հիւրերը նշեցին, որ դպրոցի 150-ամեակին ժամանակ արդէն յուշամատեան մը հրատարակուած էր, ուստի, յաջորդած քառորդ դարը ամփոփուած է այժմու՝ 175-ամեակի յուշամատեանին մէջ, ինչ որ համալրած է հաստատութեան անցեալին, գործունէութեան եւ առաքելութեան վերաբերեալ պատմական տուեալներու ամբողջը։ 1844 թուականին հիմնուած դպրոցին 175-ամեակը զուգադիպած էր 2019 թուականին։ Այդ ժամանակ նախկին տնօրէնուհիներէն Հերմինէ Պենլիօղլուի կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններով պատրաստուած էր յուշամատեանը։ Անշուշտ, Պենլիօղլուի ուսումնասիրութիւնը ունի կարեւոր նշանակութիւն՝ քանի խօսքը կը վերաբերի այնպիսի ժամանակահատուածի մը, երբ ինքն ալ անձամբ գործի գլուխ գտնուած է եւ ունեցած՝ անհրաժեշտ վկայութիւններ։
Մարի Եանճը եւ Քոզէթ Աւանուս նշեցին նաեւ, որ յուշամատեանի հրատարակութենէն վերջ, դժբախտաբար, վրայ հասած էր համավարակը եւ յառաջացած էին արտասովոր պայմաններ։ Հետեւաբար, շնորհանդէսը ակամայ յետաձգուած էր։ Այժմ, Պաքըրգիւղի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ պատրաստութիւն կը տեսնէ այս գինեձօնը կազմակերպելու նպատակով։ Անշուշտ, ձեռնարկը կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ ո՛չ միայն գիրքը ծանօթացնելու, այլեւ անոր բովանդակութիւնը արժեւորելու տեսակէտէ։