ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՑԵՐ

Ապրիլեան սուրբ նահատակներու յիշատակութեան առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին, որու ընթացքին ընթերցուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ ուղարկուած պատգամը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան քարոզին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Էրտողանի պատգամին համար։

Ապրիլի 24-ին առթիւ պատարագեց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Արարողութեան ընթացքին հայոց սուրբ նահատակներէն բարեխօսութիւն հայցուեցաւ։ Այսպէս, բարեխօսութեան կարգի ընթացքին հայոց սրբադասուած նահատակներու բարեխօսութեան խնդրանքով աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած։ Նախագահ Էրտողանի պատգամը ընթերցուեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր ալ մասնակցեցան արարողութեան, որու ընթացքին երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Խաչիկ Սրկ. Սարըլը, Գէորգ Սրկ. Ներկիզ, Ալէն Տիրան Սրկ. Ներկիզեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։

Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզին մէջ կարեւորեց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը՝ ամբողջ տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան տեսակէտէ։ Ան շեշտը դրաւ նաեւ երկու ազգերու միջեւ խաղաղ համակեցութեան անհրաժեշտութեան վրայ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ տեղւոյն թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղան մը սարքեց ի պատիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ հոգեւոր հայրերուն։  

Երեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2023