ԱՐՓԻԱՐԱՁԱԳԻՆ ԵՐԱԶԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ

Ժամանակը աշխարհագրութենէն աւելի կը փոխէ մարդոց մտայնութիւնները եւ իւրաքանչիւր նոր հասակ առնող ծնունդի հետ կամայ թէ ակամայ կը նկատենք հինէն դէպի նոր գացող մարդկութիւն մը՝ նոր ըմբռնումներով ու նկարագիրներով: Սակայն ինչպէս ամէն անորոշութիւն, նոյնպէս այս նորին մառախլապատ վիճակը կը մտահոգէ մեզ, որովհետեւ մարդկութեան նկարագիրի եւ «յառաջդիմութեան» պարագային իւրաքանչիւր նոր հինին կատարելագործումը չէ որ կ՚արտացոլացնէ եւ այնպէս ինչպէս գրեթէ ամէն բանի հինը, նոյնպէս ալ մարդկութեան հինը կը սկսի դառնալ մեծարուած ու յարգի:

Դարեր առաջ ծնունդ առնող նորերը պահելով իրենց հիներունը, որոշ չափաւոր նորութիւններ կ՚որդեգրէին, ինչ որ յստակ հասարակաց գիծեր կը ստեղծէր հինին եւ նորին միջեւ, որովհետեւ նորերը իրենց նորութիւններուն կողքին ունէին հիներուն գիտակցութիւնը, մինչ այսօր իրարմէ անջատուած ու թշնամացած վիճակ մը կը կրեն հիներն ու նորերը:

Մեր թուականէն 115 տարիներ առաջ՝ շաբաթ 18 հոկտեմբեր 1908 թուականին Արփիարաձագ գրչանունով գրող մը «Զիկ-Զակ» քաղաքական եւ գրական շաբաթաթերթին մէջ կը գրէ «Փըսը փըսը» խորագրեալ յօդուած մը (գուցէ մարգարէութիւն մը), ուր կը խօսի ու կ՚երազէ այն ազատութեան մասին, որ մերօրեայ հիներուն թշնամին է: Յօդուածագիրը իր լուրջ բողոքը կը ներկայացնէ այն մասին, որ ֆրանսացի կամ անգլիացի աղջիկը իր առօրեայ պտոյտէն կրնայ տուն վերադառնալ իր ցանկացած ժամուն, մինչեւ իսկ շատ անգամ լուսաբացին, մինչ հայ օրիորդը կը զրկուի այդ մենաշնորհ-իրաւունքէն: Կը բողոքէ, որ «Էսբանեօլ» աղջիկը իրաւունք ունի տղայ մը սիրելու եւ անոր հետ ամուսնութիւն կնքելու, սակայն հայ օրիորդը զրկուած կը մնայ առանձնաշնորհէն:

Աւետի՜ս քեզ Արփիարաձագ. այսօր հայ օրիորդը կրնայ ընել այն բոլորը՝ որուն երազը ունէիր. ան այսօր իր պտոյտէն տուն կը վերադառնայ ցանկացած ժամուն եւ «Էսբանեօլ»ներուն պէս կրնայ սիրել իր նախընտրած տղան եւ այլ աւետիս մը այն կապակցութեամբ, որ այս բոլորը ընելուն համար այլեւս բոզ կամ լկտի չի կոչուիր:

Արփիարաձագ ինչքա՜ն յառաջդիմած պիտի ըլլայ, որ 1908 թուականին կ՚երազէր տեսնել հայ օրիորդներ, որոնք իրենց սիրահարներուն հետ բերան բերանի կը համբուրուին եւ ոչ ոք իրաւունք կ՚ունենայ զիրենք բամբասելու:

Առաջ այս սխալ կարծիքը կ՚ունենանք, որ ժամանակը ի՛նք կը փոխէ մարդուն մտածելակերպը, մոռնալով որ ո՛չ թէ ժամանակը մարդուն, այլ մարդն է որ կ՚իշխէ ժամանակին վրայ եւ ըմբռնումներուն հեղինակը ոչ թէ ժամանակը, այլ մարդը ի՛նք կը դառնայ: Արփիարաձագ իր գրութեան մէջ արդարացիօրէն կ՚ըսէ. «Հայ օրիորդը ազատ պիտի ըլլայ իր գաղափարները յայտնել ընտանեկան եւ ընկերական շրջանակի մը մէջ». արդարացի պահանջ մը՝ մանաւանդ 115 տարի առաջ բարձրաձայնուած, սակայն այդ պահանջուած ազատութիւնը եւս պարտի ունենալ իր սահմանները եւ ո՛չ միայն օրիորդներու պարագային, այլ ընդհանրապէս երիտասարդութեան:

Միտքի ու խօսքի ազատութիւնը մարդուն տրուած մեծագոյն պարգեւն է, սակայն այդ մէկը եւս պէտք է ունենայ սահմաններ. օրինակ՝ ամէն մարդ ազատութիւն ունի ըսելով չի նշանակեր ազատութիւնը ունին յայտարարելու թէ 1+1 կ՚ընէ երեսուն՝ պարզապէս որովհետեւ ազատ են:

Ցաւ ի սիրտ, Եւրոպայի հանդէպ հիւանդութիւն մը կը տեսնենք նաեւ մեր հին մտաւորականներուն մօտ. հասկնալի էր ու մինչեւ օրս է, որ եւրոպական համալսարաններու ուսման մակարդակը ունի բարձր ու մրցունակ չափանիշներ՝ համեմատած տեղական մեր համեստ համալսարաններու հետ, սակայն այդ մէկը երաշխիք չէ Եւրոպայի երիտասարդական կեանքի, կենցաղի եւ ըմբռնումներու ճշդութեան: Մեր գրողները յաճախ նախանձով նայած են եւրոպացի երիտասարդութեան, առանց նկատի ունենալու, որ այդ ազատութեան որդեգրումը պիտի վտանգէր մեր վարքն ու բարքը, ըմբռնումներն ու համոզումները:

Արփիարաձագ այդ փակ-մտութիւնը ձեւով մը կը կոչէ հայու նկարագիր եւ վերոյիշեալ երազներու իրականացումին դիմաց կը խոստանայ յայտարարել. «Ահ, այն ատեն միայն պիտի հասկնամ թէ հայուն նկարագիրը փոխուած է». ազատութիւն ըսելով հայուն նկարագիրը փոխե՞լ պէտք է հասկնանք: Մեր նպատակը պէտք չէ ըլլայ երբեք հայուն նկարագիրը փոխել, որովհետեւ կանգուն կրնայ մնալ այն ընկերութիւնը, որ հինը քանդելու փոխարէն հինին վրայ իր ամուր հիմքը կը դնէ ու կը բարձրանայ. մեր հայու նկարագիրը փոխելը պարզապէս ուրիշինը ընդօրինակել կրնայ ըլլալ եւ այսօր այդպէ՛ս, ընդօրինակուած նկարագրով երիտասարդութիւն մը կը տեսնենք՝ հեռու հայու նկարագիրէ:

Երիտասարդութիւն մը ո՛չ թէ համբուրուելով եւ կամ ցանկացած պահու տուն գալով կը չափորոշուի, այլ իր իղձերով, երազներով, իտէալներով ու գաղափարներով եւ այսօր ճամբաները համբուրուող եւ կամ իրենց «ազատութիւն»ը վայելող երիտասարդներու փոխարէն կարիքը ունինք գիտակից ու մանաւանդ ցաւակի՛ց երիտասարդներու, որոնք պատրաստ են նուիրուելու մեր ազգային կեանքին՝ աւելի բիւրեղացնելու եւ իմաստաւորելու համար զայն:

Սիրելի Արփիարաձագ, կ՚երազէիր մերօրեայ երիտասարդներուն նման երիտասարդութիւն մը տեսնել, սակայն ի տարբերութիւն քեզ, մենք այսօր կ՚երազենք մեր շուրջ տեսնել քո՛ւ ժամանակուանդ նման երիտասարդներ, որոնց պակասը մեծապէս կը զգանք:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -226-

Համոզուած եմ, թէ ամէն բժիշկ պէտք է մասամբ ըլլայ նաեւ մանկավարժ, մանաւանդ եթէ գործ ունի պատանիներու հետ: Այս համոզումը ունիմ, որովհետեւ ամբողջ պատանեկութիւն մը զոհը դարձայ անմանկավարժ բժիշկի մը:

Տակաւին տասն տարեկան էի, երբ ամբողջ դասարանով աչքի քննութեան ենթարկուեցանք. դասարանակիցներէս մի քանի հոգի ընթերցանութեան պահուն ակնոց գործածելու յորդորը ստացան. սակայն իմ պարագաս այդպէս չէր: Քննութենէն անմիջապէս ետք բժիշկը նայելով դէմքիս ըսաւ. «Մինչեւ մեռնիս ակնոց պիտի գործածես»:

Վստահաբար իրաւունք ունէր, սակայն տասը տարեկան պատանիի մը համար «մինչեւ մեռնիս» բառը դատապարտութեան պէս բան մըն էր եւ մանկավարժութենէ հեռու այդ մօտեցումը պատճառ եղաւ, որ աւելի քան տասը տարի հեռու մնամ ակնոցի գործածութենէն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023