«ԿՐՕՆԸ ԹՈ՞ՅՆ ՄԸՆ Է…»
Կրօնը թոյն է եւ տիրող դասակարգի ձեռքին հզօր զէնք մը:
Անցեալին, մանաւանդ յետցեղասպանութեան շրջանին եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան հանդէպ ատելութիւն մը բռնկեցաւ եւ այդ ատելութիւնը հասաւ այն աստիճանի, որ 1923 թուականին Թիֆլիզի մէջ հրատարակուեցաւ «Կորչի Կրօնը» անուամբ միօրեայ թերթ մը, որմէ վերցուած է վերոյիշեալ «կրօնը թոյն է» արտայայտութիւնը:
Մեծ եղեռնէն առաջ ալ գոյութիւն ունէր այդ ատելութիւնը, որովհետեւ կար խաւ մը, որ կը հաւատար, թէ կրօնը մարդիկը բթամիտ կը դարձնէ, որովհետեւ դարեր շարունակ եւ մինչեւ այսօր մարդիկը խաբելու ամենէն ազդու միջոցը եղած է կրօնը, որով կարելի եղած է թէ՛ անոնց որոշումներուն վրայ իշխել եւ թէ տիրանալ անոնց նիւթական հարստութիւններուն:
Կրօնը միշտ ալ զէնք մը եղած է, որովհետեւ մարդոց համար ունեցած է հոգեւոր աշխարհէն շատ աւելի տարբեր բնոյթ մը. կրօն եւ մարդ մարդկային ամբողջ պատմութեան ընթացքին եղած են անբաժան եւ այնքան ժամանակ որ գոյութիւն ունեցած է մարդը, գոյութիւն ունեցած է եւ պիտի ունենայ նաեւ կրօնը: Սակայն կրօնը մարդկային պատմութեան ընթացքին բաժնուած է երկու մասի.- ազատական եւ ստրկական եւ շատեր հայուն ունեցած կրօնը լոկ ստրկական կը նկատէին, այդ իսկ պատճառով կ՚ուզէին, որ հայը կրօնի ազդեցութենէն դուրս գալով սկսի մտածել որպէս «ազատ» մարդ՝ առանց ազդուելու կրօնի պարտադրած օրէնքներէն ու կանոններէն:
Ստրկական կրօնի ինչ ըլլալը հասկնալու համար բաւարար է կարդալ «Կորչի Կրօնը» հրատարակութեան միակ թիւը, ուր յստակ հակակրօնական քարոզչութիւն կը տարուի, շատ յանդուգն ու յախուռն բառերով ճոխաբանուած:
«Կրօնը թշնամի է գիտութեան եւ ազատութեան, որովհետեւ անոր հիմքերը տգիտութիւնն ու ստրկութիւնն են». կրօնի պարագային ազատութիւնն ու ստրկութիւնը միշտ ալ եղած են քննարկելու նիւթ. դուն որպէս մարդ անհատ հօրդ թելադրութիւնները կը կատարես, որովհետեւ կը վախնա՞ս, թէ ոչ կը յարգես. կատարողը այդ մէկը վերագրած է յարգանքի, իսկ ականատեսը՝ վախի եւ այս եղած է կրօնի ինչութեան հիմնական կռիւը: Միշտ ալ հարցականի տակ դրուած է այն իրողութիւնը, թէ մարդ արարածը կրօնի թելադրածները կատարած է իր ազա՞տ կամքով, թէ ոչ ակամայ՝ անոր պարտադրութիւնը զգալով. խաւ մը նկատի առած է կրօնի թելադրած «պէտք է»ները, իսկ այլ խաւ մը «պէտք չէ»ները եւ անոնց միջեւ ստեղծուած է ազատ-ստուրիկի վիճաբանութիւնը:
Դժբախտաբար, շատ շատեր, մանաւանդ գաւառներու եւ գիւղերու մէջ մարդիկ կրօնը ընդունած են որպէս անքնին ու անզննելի երեւոյթ եւ անոնց հաւատալիքը համոզումէ աւելի եղած է վախի արտայայտութիւն մը: Շատ շատեր իրենց ամբողջ կեանքը չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը պահեցողութեամբ անցուցած են ո՛չ թէ որովհետեւ հասկցած են այդ օրերուն խորհուրդը, այլ որովհետեւ այդպէս «պարտադրուած» է կամ քահանան այդպէս քարոզած ու հարկադրած է: Շատեր իրենց ամբողջ կեանքը կիրակի օրերը եկեղեցի գացին ո՛չ թէ որովհետեւ հասկցան խորհուրդը պատարագին, այլ գացին, որովհետեւ չերթալը կրնար չորրորդ պատուիրանին դէմ մեղք նկատուիլ:
Այս բոլորին մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է նաեւ ոչ-ուսեալ եկեղեցականներու գոյութիւնը։ Ժամանակի պայմանները նկատի ունենալով եկեղեցին ունեցած է մարդուժի պակաս եւ արժանաւորներ չգտնելով եկեղեցական պաշտօնի կոչած է ոչ-կրթուած անհատներ, որոնք համոզելու փոխարէն պարտադրելը աւելի գրաւիչ ու դիւրին գտնելով ստրկութեան ոգի մը ստեղծած են անոնց միջեւ:
«Ոչ մէկ պատերազմ մարդկութենէն այնքան զոհեր չէ պահանջած, ինչքան կրօնական մոլեռանդութիւնները». այնպէս ինչպէս մենք՝ հայերս ամէն գնով այսօր կը փորձենք մոռացութեան տալ մեր եղբայրասպան կռիւները, նոյնպէս մարդկութիւնը այսօր կը փորձէ մոռացութեան յանձնել կրօնի պատճառով անցեալին թափուած արիւնները, որովհետեւ սիրոյ եւ եղբայրութեան կրօնի հետեւորդները մոռնալով իրենց հաւատացած կրօնի թելադրութիւնները այնքա՜ն սպանութիւններ գործեցին, որ յաւիտեանս որպէս ամօթ պիտի մնայ պատմութեան էջերուն մէջ: Քանի՜ քանիներ քարկոծումով կամ այլ միջոցներով զոհը դարձան իրենց կրօնի թելադրութիւններուն, որովհետեւ սխալները խոշորացոյցներով նայելով հանդերձ չտեսան «ձեզմէ ով անմեղ է առաջին քարը թող նետէ» պատուէրը եւ առաջին քար նետողները մի՛շտ ալ գտնուեցան:
Ձեր կեանքին մէջ հաւատացէք միայն այն բաներուն՝ որոնց հանդէպ ունիք համոզում. մենք՝ հայերս սովոր ենք կոյրի պէս կրկնել այն՝ ինչ կը լսենք, առանց ստուգելու կամ քննելու անոնց էութիւնը. իւրաքանչիւր եկեղեցական վերջաւորութեան մարդ արարած է եւ ենթակայ է սխալելու, այդ իսկ պատճառով կուրութեամբ պէտք չէ լսել ու ընդունիլ բոլոր այն բաները, որոնք խորաններէն կը լսուին, որովհետեւ ցաւ ի սիրտ, անցեալին մարդուժի պակասը մինչեւ օրս կը գործէ եւ կօշկակարն ու ոսկերիչը յանկարծ կրնան եկեղեցական դառնալ:
«Կորչի Կրօնը» թերթը իր խմբագրականը կը վերջացնէ «Կեցցէ կրօնի կապանքներէն ազատուած մարդկութիւնը» կոչով, իսկ մենք այդ խօսքը կը փոխենք «կեցցէ՛ տգիտութեան կապանքներէն ազատած մարդկութիւն»ով, որովհետեւ աշխարհի վրայ չկայ աւելի մեծ չարիք՝ քան տգիտութիւնը, որ ազգերու, որոնց կարգին մեր կործանման պատճառը պիտի ըլլայ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -227-
Յունաստանի մէջ եկեղեցւոյ թշնամի անձ մը երկխօսութիւն ունենալով սկսաւ մեղադրել եկեղեցին հեթանոսական բոլոր հարստութիւնները քանդելուն համար: Համոզուած էր, թէ այն ժամանակ ունեցած ենք շատ մեծ հարստութիւններ, սակայն քրիստոնէութիւնը կործանած է այդ բոլորը:
Համբերութեամբ լսելէ ետք ուզեցի այդ ենթադրեալ «հարստութենէն» օրինակներ տայ. «բոլորը քանդեցին ու նոյնիսկ պատմիչները չգրեցին որ գիտնանք»:
Հիմա հարց. Տգիտութիւնը Քրիստոնէութեան այդ բոլորը կործանե՞լն է, թէ ոչ խօսակիցիս է՝ որ կ՚ափսոսայ «հարստութեան» մը համար, որուն ինչ ըլլալը անգամ չի գիտեր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան