ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Պերճ Գուզիքօղլուի։ Ներկայ էր նաեւ Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան։

Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները Պատրիարքարան փութացած էին՝ խնդրելու համար Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան, որ պիտի կատարուի յառաջիկայ 7 մայիսին։ Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեան եւ ծրագիրներուն մասին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել Գուրուչէշմէի վարիչներու հրաւէրին եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց։

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2023