ԾԱՓԱՀԱՐԵԼԻ ՄԵՆԵՐԳՆԵՐ

Համաշխարհային պարի օրուան առթիւ շաբաթավերջին յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի մէջ։ «Բերայի ձայներէն դէպի քայլեր» խորագրեալ ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ «Կրան Բերա»ի համալիրէն ներս, որ Սերքըլ տ՚Օրիանի պատմական շէնքն է։ Երաժշտութեան ու պարի համադրութիւնով պատրաստուած եզակի ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու յայտագրին մասնակցութիւն բերին մեր համայնքէն համակրելի մենակատարներ՝ Ալին Եաղճըօղլու, Արթիւր Պաղտասարեան եւ Մուրատ Իչլինալչա։

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2023