ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՆԱԽԱԳԻԾ ՄԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յայտնի համայնքային գործիչ Նշան Գարա այս շրջանին կարեւոր ծրագիր մը կը հովանաւորէ Հայաստանի մէջ։ Ծանօթ է, որ Նշան Գարա՝ որպէս վարչային եւ մտաւորական տասնամեակներէ ի վեր կարեւոր ներդրում մը կը բերէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին։ Ի լրումն այս բոլորին, Նշան եւ Այտա Գարա ամոլը բարեգործութիւններ ալ կը կատարեն իրենց նուիրատուութիւններով։
Այժմ իրենց զօրակցութեամբ Հայաստանի մէջ կը սկսի «Նշան եւ Այտա Գարաեաններ» արհեստներու, արուեստներու եւ թեքնոլոժիներու կեդրոնի կառուցումը։ Փարաքարի մէջ կը կառուցուի այս համալիրը, որու հիմնարկէքի արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Նշան եւ Այտա Գարա ամոլը։ Հաւաքոյթի ընթացքին Նշան Գարա հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։
Այս նախաձեռնութեան կը մասնակցի նաեւ Տեղեկատուութեան թեքնոլոժիներու կեդրոնը։ Ծանօթ է, որ Նշան Գարան ալ մասնագիտութեամբ ճարտարապետ է։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Նշան եւ Այտա Գարա ամոլը։