ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան այսօր կ՚այցելէ մայրաքաղաք Անգարա, ուր կը մասնակցի Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) Խորհրդարանական վեհաժողովի գագաթաժողովին։ Այս տարի սոյն խորհրդարանական վեհաժողովի հիմնադրութեան 30-ամեակն է եւ այժմու գագաթաժողովը կազմակերպուած է այս յոբելեանին առթիւ։ Ալէն Սիմոնեանի կողմէ գլխաւորուած Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այսօր կէսօրուան ժամերուն արդէն հասաւ Անգարա, ուր «Էսէնպողա» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ պատշաճ արարողակարգով։ Պատուիրակութեան միացաւ նաեւ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան։

ՍԾՏՀԿ-ի 30-ամեակի գագաթաժողովը կը կազմակերպուի Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի տանտիրութեամբ։ Այսօր երեկոյեան հիւր պատուիրակութիւններուն ի պատիւ կը կազմակերպուի պաշտօնական ընթրիք, իսկ բուն գագաթաժողովը տեղի կ՚ունենայ վաղը։ Հաւանական են նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Մասնաւորապէս, գագաթաժողովին խորհրդարանի նախագահներու մակարդակով մասնակից երկիրներուն միջեւ կը կատարուին երկկողմանի տեսակցութիւններ։ Ուստի, չի բացառուիր, որ Մուսթաֆա Շենթոփի եւ Ալէն Սիմոնեանի միջեւ ալ տեղի ունենայ երկկողմանի հանդիպում մը։ 

Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը վաղը օրուան երկրորդ կէսին պիտի վերադառնայ Երեւան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2023