ՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԱՌԱՋՈՐԴ ԹՐՔԱԿԱՆԻՆ
Հայ մշակոյթի, թատրոնի եւ արուեստի ներկայ վիճակը քննարկելը կը ձգենք ուրիշներու եւ կը բաւարարուինք կեդրոնանալով այն իրողութեան վրայ, որ անցեալին՝ մօտաւորապէս դար մը առաջ, հայերը ունեցած են արուեստի մեծ ճաշակ ու հմտութիւն եւ չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք, որ Պոլսոյ մէջ թրքական թատրերգութիւնն ու արուեստը նոյնիսկ մեծ դասեր ու օգուտներ կը քաղէ հայկական մշակոյթէն:
Այդ արուեստի մեծութեան փաստերէն մին կ՚ըլլայ այն, որ թրքական տօնախմբութիւններու, մեծ հանդէսներու եւ ժողովրդական խնջոյքներու ժամանակ թուրքերու համար ելոյթ կ՚ունենային տեղի հայկական թատերախումբերը, որոնց շատ անգամ ներկայ կ՚ըլլային նոյնիսկ փաշաներ ու մեծ պաշտօնեաներ: Թուրքիոյ մէջ տեղի կ՚ունենար հաւաքական թլփատութիւններ՝ փաշաներու կողմէ կազմակերպուած եւ այդ հանդիսութիւններուն նոյնիսկ ելոյթ կ՚ունենային հայկական թատերախումբեր:
Թուրքիոյ մէջ արուեստի տարածման մեծագոյն դեսպաններէն մին եղած է երաժշտահան, հայկական ազգային օփերայի հիմնադիր, մշակութային եւ հասարակական գործիչ Տիգրան Չուխաճեան, որ եղած է Եւրոպայի մէջ իր բարձրագոյն կրթութիւնը ստացող առաջին հայ երաժիշտը եւ համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք վերադարձած է Պոլիս ու հիմնած առաջին երաժշտական-թատերական խումբը՝ սկզբնական շրջանին «Օթթոմանեան օփերայի թատրոն» եւ ապա «Թրքական օփերայի հայկական թատերախումբ» անուամբ:
Չուխաճեանի երաժշտախառն թատրոնը նորութիւն մըն էր թուրքերուն համար. թուրքեր լաւապէս կը հետեւէին հայ երաժշտահանի ելոյթներուն, մանաւանդ որ Չուխաճեան ելոյթ կ՚ունենար Սուլթան Պայազիտի հրապարակին, ինչպէս նաեւ Կէտիկփաշայի յայտնի թատրոնին մէջ:
Չուխաճեան եւրոպական օփերաներ թարգմանելով ելոյթներ ունեցաւ Պոլսոյ մէջ, ինչ որ ուշադրութիւնը գրաւեց նաեւ թուրք հանրութեան. այդ օփերաներու գովքն ու ազդեցութիւնը Պոլսոյ սահմանները անցնելով հասան մինչեւ Աթէնք, Եգիպտոս, Եւրոպա եւ այլուր, ինչ որ որոշ հետաքրքրութիւն մը ստեղծեց թուրք մշակութասէրներու մօտ: Չուխաճեանի ներկայացումներէն ետք է, որ առաջին անգամ Շաքիր փաշայի եւ Աթէնքի նախկին դեսպան Ակեահ էֆէնտիի ջանքերով թարգմանուեցան եւրոպական շարք մը օփերաներ:
Հետաքրքրական է սակայն, որ թրքական առաջին օփերայի ներկայացումներուն ամբողջ բեմական կարգադրութիւնը յանձնուեցաւ Յակոբ Վարդովեանի խումբին մաս կազմող ֆրանսացի Պ. Մէնատիէին: Յիշեալ ներկայացումները Թուրքիոյ մէջ մեծ յաջողութիւն արձանագրեցին:
Չուխաճեանի եւ այլոց տարբերութիւնը այն էր, որ Չուխաճեան արեւելեան երաժշտութիւնը դաշնաւորեց եւրոպական նուագախումբերու համար, մինչ թուրք երաժշտահաններ, ինչպէս օրինակ՝ Ահմէտ Միթհատ իրենց երաժշտութիւնները յօրինեցին լոկ թրքական թատրոնի երաժիշտներուն համար եւ այդ տարբերութիւնն է, որ փայլք տուաւ Չուխաճեանի արուեստին:
Հայկական թատրոնը թուրքերուն մէջ այլ յեղաշրջում մըն ալ ստեղծեց. մահմետական խստապահանջութեամբ կնոջ արգիլուած էր տղամարդոց դիմաց բեմ բարձրանալ եւ հայ թատրոնը եկաւ յեղաշրջելու այդ քարացած համոզումը. Թուրքիոյ տարածքին առաջին կին դերասանները եղան հայեր. ի դէպ անոնք քննադատութեան արժանացան նաեւ հայերու կողմէ. շատեր զիրենք որպէս պոռնիկ պիտակաւորեցին. հակառակ այդ քարացած համոզումներուն, Պոլսոյ հայկական թատրոնը ունեցաւ աւելի քան հարիւր հայ դերասանուհիներ, որոնցմէ շատեր յաջողեցան իրենց անունը փորագրել պատմութեան էջերուն մէջ: Թուրքիոյ արուեստի պատմութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մոռնալ հայ կին դերասանուհիներ Երանուհի եւ Վերգինէ Գարագաշեան քոյրերը, ինչպէ՞ս կրնան մոռցուիլ Սիրանոյշ եւ Աստղիկ քոյրերը: Ինչպէ՞ս կրնայ մոռցուիլ Յովհաննէս Աճէմեանը, որ հայերէնի չափ յաջողութեամբ ներկայացումներ կ՚ունենար նաեւ թրքերէն լեզուով:
Անցեալի հայկական թատրերգութեան թատրոնի եւ արուեստի մեծութիւնը կը փաստուի այն ճշմարտութեամբ, որ հակառակ աւելի քան դար մը կեանք ունեցող արուեստի գոհարներ, դար մը ետք նոյն հետաքրքրութեամբ եւ հաճոյքով գնահատանքի կ՚արժանանան մերօրեայ հանդիսատեսին կողմէ եւս: Մինչեւ օրս մեծ սքանչացումով հայ հանդիսատեսը կը սքանչանայ Չուխաճեանի աւելի քան 148 տարուան կեանք ունեցող «Լէպլէպիճիների Հօր-հօր աղա» ներկայացումով եւ կամ 155 տարուան կեանք ունեցող «Արշակ Բ.»ով:
Ցաւ ի սիրտ, մերօրեայ թատրոնը արուեստ կը նկատէ աւելորդաբանութիւններն ու ամօթալի «կատակ»ները. ցաւ ի սիրտ, ամէն բեմի վրայ ներկայացուած եւ ծափահարուող ելոյթ արուեստ կը նկատենք: Մերօրեայ թատրոնին խեղճութիւնը պարզապէս կարելի է հասկնալ այնքանով, որ հինով է որ կը հպարտանանք, հինով է որ կ՚ապրինք՝ քան ներկայով:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -233-
Դժբախտաբար Լիբանանի մէջ երբեք առիթը չէինք ունեցած 115 տարուան կեանք ունեցող «Անուշ օփերա»ն. թատերական ներկայացումներ յաճախ տեղի կ՚ունենային, սակայն օփերան Լիբանանի պայմաններուն մէջ քիչ մը դժուար էր:
Այդ իսկ պատճառով Հայաստան հաստատուելու առաջին ընելիքներէս մին եղաւ ներկայ գտնուիլ «Անուշ օփերա»յի ներկայացման. հրաշալի՜ ներկայացում, որ աւելի քան դար մը կեանք ունենալուն, կը յաջողի յուզել, ոգեւորել եւ արուեստի կատարեալ յագեցում տալ հանդիսատեսին: Ամէն հայ մարդ, նուազագոյնը մէկ անգամ պէտք է որ վայելէ այդ զգացումը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան