ՄԵԾԱՀԱՆԴԷՍ ԿԱՐԳ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ապրեցաւ յատկանշական շաբաթավերջ մը։ Կիլիկեան Աթոռի միւռոնօրհնութեան արարողութիւնը շաբաթավերջին ուշադրութեան արժանացաւ եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ։ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որու ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ներկայացուցին Վիրահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան եւ Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որոնց կ՚ընկերանար նաեւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Դաւանակից եկեղեցիներէն եւ այլ քոյր եկեղեցիներու կողմէ ներկայացուցիչներ եւս մասնակցեցան միւռոնօրհնութեան, որ ձօնուած էր 2015-ի ոգեկոչումներուն։ Միեւնոյն ժամանակ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին զուգադիպած արարողութիւններուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։
Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ կատարուեցաւ սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը, որու ընթացքին Կիլիկեան Աթոռի գահակալը տուաւ իր պատգամը։ Հրապարակուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին պատգամը, որու մէջ նշուած էր հետեւեալը. «Սրբացեալ մեր նահատակներու եւ բոլոր սուրբերու բարեխօսութեան աղերսով այժմ կը միաւորենք մեր աղօթքները Սուրբ Միւռոնի օրհնութեան առիթով՝ հայցելով, որ Տէրը անոր պարգեւէ մեզի հոգեւոր խաղաղութիւն, դէպի Աստուած անսայթաք ընթացք եւ մեր կեանքը պահպանէ խաղաղութեան ու բարօրութեան մէջ»։
Շաբաթ երեկոյեան կատարուած միւռոնօրհնէքի արարողութենէն վերջ, երէկ Անթիլիասի Ս. Գր. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, իսկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ համերգ մը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ գլխաւորուած Պատրիարքարանի պատուիրակութիւնը այսօր յետմիջօրէին հրաժեշտ կ՚առնէ Պէյրութէն։ Անթիլիասի վանքէն դուրս գալէ առաջ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հրաժեշտի հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։