«ՄԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՀԵՐՈՍԸ» -Ա.-
«Ռուսական գրականութեան փարթամ գետը ամբողջութեամբ կը բխի Կովկասի ձիւնոտ գագաթներուն մէջ ծնած այս պարզ աղբիւրէն», կ՚ըսէ Կոկոլ՝ ողջունելով «Մեր ժամանակի հերոսը» գիրքը, որ Միխայիլ Եուրեւիչ Լերմոնթովի միակ վէպն է։ Գիրքի գլխաւոր հերոսը՝ Փեչորին դասուած է ռուսական գրականութեան ներշնչման գլխաւոր աղբիւրներու շարքին, ինչ որ կը համարուի աննախընթաց: Իր հոգեբանական վերլուծութեամբ ոգեշնչելով ռուս գրողներու 19-րդ դարու սերունդը, վէպը խոշորացոյցի տակ կ՚առնէ բարիի եւ չարի, անմեղութեան եւ փտածութեան միջեւ բախումը։
Յատկապէս 19-րդ դարու առաջին կէսին, «անպէտ» մարդու տեսակը, որ յաճախ կը մատնանշուի ռուս գրականութեան մէջ, կը քննարկուէր այդ ժամանակաշրջանի գրողներու մեծամասնութեան կողմէ։ Այս հանգամանքը, որ կը ցոլացնէ այդ ժամանակաշրջանի հասարակութեան հոգեկան եւ ընկերային երեսակը, կը ներկայացնէ մանաւանդ ազնուական դասակարգէ մտաւորականները, որոնք չեն կրնար օգտագործել իրենց տաղանդը որեւէ ոլորտէ ներս, բայց ունին բազմաթիւ իտէալներ եւ երբեք չեն կրնար հասնիլ իրենց նպատակներուն: Անոնք կ՚աշխատին, բայց չեն կրնար արդիւնաւէտ քայլերու ձեռնարկել եւ կը հակասեն հասարակութեան, իրենց ներաշխարհին ու կեանքի իրողութիւններուն։ Ռուսաստանի մէջ «անհարկի» մարդկային տեսակի յառաջացումը սերտօրէն կապուած է կրթութեան մակարդակի եւ որակի, նաեւ հասարակութեան ընկերատնտեսական կառուցուածքի հետ:
Վէպի գլխաւոր հերոսը՝ Փեչորին նկարագրուած է որպէս այդ ժամանակուայ արդի անհատականութիւնը, որու հետքերը յետագային կը նկատուին նոյնիսկ Ժան-Փոլ Սարթրի եւ Ալպէռ Քամիւի ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Քամիւ արդէն ռուս գրականութեան սիրահար մըն էր։ Փեչորին կ՚ազդէ նաեւ «Հայրերն ու որդիները»ի Պազարով կերպարին վրայ։ Իր մութ դիմանկարով, որ կ՚առաջնորդուի չարութեամբ եւ անհիմն բռնութեամբ, Փեչորին կը պատմուի գիւղական վայրերէ ներս եւ կը մխրճուի «կիսաառասպելական» ինքնութեան մէջ, քանի ան վէպի մը հերոսն է, բայց կը ցոլացնէ իրողութիւնը։ Փեչորին կը գործէ նոյնիսկ չարի սահմաններէն դուրս եւ «մաքրուած» է խիղճէն։ Ան նաեւ կը տեսնէ մարդկային գոյութեան մութ կողմերը եւ չի մտածեր բռնութեան ողբերգական հետեւանքներու մասին։ Կը ձգտի ուրիշներու դժբախտութեան ու կործանման: Իր զինուորական հա-մազգեստը դաժան ուժի կեղտոտ զարդն է։
Լեւ Թոլսթոյ Լերմոնթովի մասին ըսած է. «Մեր երկրին մէջ դեռ ոչ ոք այդքան կատարեալ, յաջող եւ բուրաւէտ արձակ մը ստեղծագործած է»:
«Մեր ժամանակներու հերոսը», մէկ խօսքով, անմոռանալի գլուխ գործոց մըն է, որ ստուերի տակ մնացած է ռուսական այլ դասական ստեղծագործութիւններու կողմէ։ Չափազանցութիւն չ՚ըլլար ըսել, թէ նշեալ վէպը ռուսական գրականութեան ներշնչանքի ստորգետնեայ աղբիւրն է։ Պէտք չէ անտեսել այն հանգամանքը, թէ վէպը նաեւ ռուսական ոչնչապաշտութեան մասին գրի առնուած լաւագոյն երկերէն մէկն է։
Ինչպէ՞ս անհատը, որ կորսնցուցած է կեանքի իմաստի հանդէպ զգայնութիւնը, կը յայտնուի գոյութեան անիմաստութեան ու մահուան սարսափի դիմաց եւ, միեւնոյն ժամանակ, զգայուն կ՚ըլլայ։ Սա ցոյց կու տայ, որ ան կրնայ թէ՛ կեանքին մօտենալ անսահման հետաքրքրութեամբ եւ թէ անտարբեր մնալ բոլոր տեսակի արժէքներու նկատմամբ…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•շարունակելի…