ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Ե­րե­ւա­նի Մամ­լոյ ա­կում­բի հիմնադ­րու­թեան 20-ա­մեա­կը շա­բա­թա­վեր­ջին նշուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։ Յո­բե­լե­նա­կան հա­ւա­քոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Սե­նե­կա­յին ե­րաժշ­տու­թեան տան մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­ւա­քոյ­թի ընթաց­քին ե­լոյ­թով մը հան­դէս եկաւ Ե­րե­ւա­նի Մամ­լոյ ա­կում­բի նա­խա­գահ Պո­րիս Նա­ւա­սար­դեան, որ նշեց, թէ աշ­խա­տե­լով լրա­տուա­կան դաշ­տէն ներս՝ լրագ­րող­նե­րը մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նին հան­րու­թեան հա­սու­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ըստ ի­րեն, վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րը լրագ­րող­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ բա­ւա­կան լա­րուած էին՝ հա­շուի առ­նե­լով աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան մար­տահրա­ւէր­նե­րը, որոնք ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կ՚ազ­դեն այս մաս­նա­գի­տա­կան բնա­գա­ւառին վրայ։ «Այ­սօր լրա­տուա­կան դաշ­տէ ներս ա­մե­նա­հիմ­նա­կան հար­ցը ներ­քին եւ ար­տա­քին քաղա­քա­կան հար­ցե­րու լու­սա­բան­ման ճա­նա­պար­հին, ինչ­պէս նաեւ մեր երկ­րի զար­գաց­ման ու­ղի­նե­րուն մէջ քա­րոզ­չու­թեան ու լրա­տուու­թեան տար­բե­րա­կումն է», յայ­տա­րա­րեց Պո­րիս Նա­ւա­սար­դեան։

Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի Լրագ­րող­նե­րու միու­թեան նախա­գահ Աստ­ղիկ Գէոր­գեան պար­գե­ւատ­րեց Պո­րիս Նա­ւա­սար­դեա­նը։ Բաց աս­տի, յո­բե­լե­նա­կան տարուան լա­ւա­գոյն ու ա­մե­նատ­պա­ւո­րիչ լու­սան­կա­րին հա­մար մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցաւ «Ֆո­թո­լուր» գոր­ծա­կա­լու­թեան թղթա­կից Վահ­րամ Պաղ­տա­սա­րեան։ «Վա­լե­րի Այ­տի­նեան» մրցա­նա­կին իր հրա­պա­րա­կագ­րու­թիւն­նե­րու շար­քով ար­ժա­նա­ցաւ Վահ­րամ Մար­տի­րո­սեան։ «Տիգ­րան Նաղ­դա­լեան» մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցաւ «Ար­մէնիա» հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան «Ժա­մը» լրա­տուա­կան ծրագ­րի գլխա­ւոր խմբա­գիր Գնել Նալ­պան­տեան։ Մար­զաշ­խար­հի նկատ­մամբ թարմ հա­յեաց­քի հա­մար՝ Վե­րա Մար­տի­րո­սեան, տե­ղա­կան ինք­նակա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու բա­րե­փո­խում­նե­րը լա­ւա­գոյնս լու­սա­բա­նե­լու հա­մար՝ «Հետք» առ­ցանց լրա­տուա­մի­ջո­ցի աշ­խա­տա­կից Սա­րա Պետ­րո­սեան ար­ժա­նա­ցան մրցա­նա­կի։ Ար­զու­ման Յա­րու­թիւ­նեանն ալ պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ հան­րա­յին կա­րե­ւո­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող խնդիր­նե­րը ժա­պա­ւէն­նե­րու եւ ըն­կե­րա­յին գո­վազ­դի ձե­ւա­չա­փին մէջ լա­ւա­գոյնս ներ­կա­յա­ցու­ցած ըլ­լա­լու հա­մար։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015