ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս նախարարը այս առթիւ յայտարարեց հետեւեալը. «Եկած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գծով բանակցութիւնները աշխուժացնելու ժամանակը»։ Ռուս նախարարին համոզմամբ, այս ուղղութեամբ գոյութիւն ունին անհրաժեշտ հիմքերը։ «Հաշուի առնելով արդիւնքի նկատմամբ ընդհանուր տրամադրութիւնը եւ նպատակաուղղուածութիւնը, մենք կրնանք ապահովել այդ յառաջընթացը», ըսաւ Լաւրով։
Իր կարգին, Էլմար Մամէտեարովն ալ ընդգծեց, որ Իրանի միջուկային ծրագրի կարգաւորման շուրջ աւարտած երկարատեւ բանակցութիւնները յոյս կը ներշնչեն, որ կարելի է լուծել նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը։ «Կարգաւորումը կը դրուի շուտափոյթ ճեղքման ուղիի վրայ», ըսաւ ազէրի նախարարը։
Հարկ է նշել, որ ռուս եւ ազէրի նախարարներուն տեսակցութիւնը զուգադիպեցաւ այն օրերուն, երբ Մոսկուայի մէջ ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ բանակցութիւններ ծաւալեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները։ Սէրկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ Էլմար Մամէտեարովը հիւրընկալելու առընթեր հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Բաց աստի, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք տեղեկացուց, թէ այսօր Երեւանի մէջ կը մէկտեղուի Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։
«ԻԹԱՐ ԹԱՍՍ» գործակալութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Մոսկուայի մէջ իր ազէրի պաշտօնակիցը հիւրընկալելու ժամանակ Սէրկէյ Լաւրով ընդգծած է այն համոզումը, թէ կրնան տեսանելի ապագային յառաջընթաց մը ապահովելու համար հասնին արդիւնքներու։ Ռուս նախարարը ընդգծած է, որ իրենք համահունչ աշխատանք կը տանին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու համաձայնութիւններուն շրջանակներէն ներս։ «Ամերիկացի եւ ֆրանսացի մեր գործընկերներուն հետ մենք մշտական կապի մէջ ենք։ Կը կարծեմ՝ արդիւնքներու հասնելու ընդհանուր տրամադրութիւն մը կայ ու մենք կրնանք տեսանելի ապագային այդպիսի յառաջընթաց մը ապահովել», ըսաւ նախարար Էլմար Մամէտեարով։
«Ինթէրֆաքս» գործակալութեան հաղորդումներով, Էլմար Մամէտեարովն ալ Մոսկուայի մէջ փափաք յայտնած է, որ Ռուսաստան՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ որպէս Ատրպէյճանին ու Հայաստանին ամենամօտիկ երկիրներէն մին, իր ջանքերը կրկնապատկէ, եռապատկէ, որպէսզի շուտափոյթ արդիւնք մը ապահովուի։
Հարկ է նշել, որ ընդամէնը շուրջ երկու ամիս առաջ՝ Մայիսի վերջաւորութեան Մամէտեարով Մոսկուայի մէջ տեսակցած էր Լաւրովի հետ։ Այդ ժամանակ երկօրեայ բանակցութիւններուն նիւթը եղած էր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը։ Իսկ այս անգամուան այցելութիւնը զուգադիպեցաւ նաեւ միջնորդներու դէպի հակամարտութեան տարածքաշրջան նոր ուղեւորութեան ընդառաջ։ Մոսկուայի շփումներէն միջոց մը առաջ Էլմար Մամէտեարով յայտնած էր, թէ որպէս փոխզիջում կրնան վերատեսութեան ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, միայն Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Ի պատասխան, Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ Մովսէս Յակոբեան յայտարարած էր, թէ Մամէտեարովի ցանկութիւնը անընդունելի է իրենց համար։