ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔ
Արդի-ժամանակակից կեանքը հիմնուած է գիտութեան վրայ։ Այսօր, կեանքի վայելքները գիտութեան կը պարտին իրենց գոյութիւնը։ Եթէ ուշադրութեամբ ուսումնասիրուի, կը տեսնուի որ գիտութիւնը երկու կարեւոր յատկութիւն ունի, որոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն։
Գիտական մտածելակերպը անցեալ դարերուն շատ ազդեցիկ չէ եղած, քանի որ ճարտարագիտութիւնը տակաւին չէր տարածուած։ Գիտութեան ստեղծած ապրելակերպը հետզհետէ հաստատուած է ընկերութեան մէջ։
Հասարակա-մարդկային միտքը ժամանակի ընթացքին եթէ նոյնիսկ այլասերի, վատասերի, գիտութեան բարիքը պիտի շարունակէ իր ազդեցութիւնը գործել։ Ասիկա որքա՛ն կը տեւէ, պատասխանել դիւրին չէ, քանի որ ապագան գիտնալ դժուար է, եթէ ոչ՝ անկարելի՛։ Եւ այս կը նշանակէ, որ բացասական կամ դրական՝ գիտական տեսակէտը մարդկային իրականութեան համար կարեւոր եւ անհրաժեշտ իրողութիւն մըն է։ Եւ ինչպէս արուեստը, նո՛յնպէս գիտութիւնն ալ երկուստեք հանգամանք եւ դիրք կը ներկայացնէ։ Արդարեւ, ստեղծողը եւ արարածը նոյն էութիւնը չի կրնար ըլլալ, իրարու նկատմամբ տարբեր մտային եւ մարմնաւոր արժէքներ կը ներկայացնեն։
Բոլոր ստեղծողները զօրաւոր զգացողութիւն մը ունին. ասիկա, անիմանալի եւ անբացատրելի հաւատքի մը արտայայտութիւնն է. այնպէս, որ եթէ այդ մէկը պակսի՝ գիտութիւնը չի կրնար ներկայացնել իր արժէքը։ Այս կը նշանակէ՝ որ գիտութիւն եւ հաւատք անբաժան են եւ կ՚ամբողջացնեն զիրար. ըսենք՝ առանց հաւատքի գիտութիւն, առանց գիտութեան հաւատք գոյութիւն չ՚ունենար։ Չէ՞ որ Ս. Գիրքը կ՚ըսէ. «Քննեցէ՛ք գիրքերը…»։ Եւ ինչպէս Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կը բանաձեւէ. «Հասկնալով հաւատալ, հաւատալով հասկնալ»։
Շատեր կ՚ուզեն իբրեւ «մրցակից»ներ ներկայացնեն, կամ կը փորձեն «հակառակորդ»ներ նկատել գիտութիւնը եւ հաւատքը։ Բայց հաւատք եւ գիտութիւն երբեք «մրցորդ»ներ չեն, այլ՝ նպատակի մը հասնելու ջանացող, ճշմարտութեան ձգտող ուղեկիցներ, ճամբու ընկերներ։
20-րդ դարու երեւելի իմաստասէր Bertrand Russell կ՚ըսէ, թէ՝ մտածումի ազատութեան հիմնական պայմանն է՝ հաւատքի ազատօրէն եւ ինքնակամ քննարկումը։ Ուստի հաւատքը երբեք հրամայականոն դրութիւն մը չէ. անիկա տոկմա (=dogme) պէտք չէ նկատուի, որովհետեւ հաւատքը մարդս ճշմարտութեան առաջնորդող ճամբայ մըն է, եւ քննարկելով աւելի ապահով կերպով կարելի է հասնիլ ճշմարտութեան։ Եւ այս իսկ պատճառով ալ հաւատք եւ գիտութիւն երբեք չեն հակասեր զիրար, ընդհակառակը՝ զիրար կ՚ամրացնեն, կը զօրացնեն։
Կեանքի ընդհանուր պատմութիւնը, փորձառութիւններ, գիտնականներու եւ հոգեւորականներու, հաւատքի մարդոց կեանքեր կը վկայեն եւ կ՚ապացուցանեն, որ հաւատք եւ գիտութիւն մի՛շտ համընթաց եղած են. հաւատացեալ գիտնականներ, գիտուն եւ ազատամիտ հոգեւորականներ, հաւատքի մարդիկ միշտ լուսաւորած են մարդկային կեանքի ընթացքը։
Արդարեւ, հմտութիւն եւ իմաստութիւն է միացնել հաւատքը եւ գիտութիւնը, իսկ պարզամտութիւն եւ դիւրահաւանութիւն՝ իրարմէ հեռացնել եւ բաժանել, օտարացնել հաւատքը եւ գիտութիւնը։ Չէ՞ որ մարդ մտքի, հոգիի եւ մարմնի ամբողջութիւն մըն է, ուր այս երեքը ներդաշնակ կերպով կը կազմեն «մարդ»ը…
Կարելի՞ է մերժել եւ ուրանալ «հոգի»ին գոյութիւնը։ Կարելի՞ է մերժել եւ ուրանալ «միտք»ին գոյութիւնը։ Ո՛չ։ Ուստի կարելի չէ նաեւ մարդ արարածին ֆիզիքական-մարմնական էութիւնը։ Ապա ուրեմն պէտք է ընդունիլ անոնց կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը մարդկային կեան-քին համար։ Մարդ հաւատքով կ՚ազնուացնէ հոգին, գիտութեան բարիքներով կը զարգացնէ միտքը, հա՛ցով կը պահպանէ եւ կը գոյատեւէ կենդանութիւնը՝ կեանքը։ Ուրեմն ինչո՞ւ ուրանանք հաւատքը, ինչո՞ւ մերժենք գիտութիւնը եւ ինչո՞ւ հեռու մնանք աշխարհի վայելքներէն եւ բարիքներէն։
Ապրի՛նք հաւատքով եւ գիտութեամբ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 13 2023, Իսթանպուլ