«ԿԵԱՆՔԸ ՊԱՅՔԱ՛Ր Է» Կ՚ԸՍԵՆ…

Կեանքին որպէս «պայքար» մը՝ կռիւ մը, մաքառում մը կարծող տեսանկիւնէ մը մօտեցողներ, կեանքը «կռիւ» մը կարծողներ կան. բնական է ասիկա, քանի որ կեանքը ապրիլ դիւրին չէ՝ դժուար ընթացք մըն է։

Բայց պէտք է կեանքը եւ կեանքը ապրիլ զանազանուին իրարմէ. «կեանք»ը տարբեր բան մըն է, «կեանքը ապրիլ»ը՝ բոլորովին տարբե՛ր։ Արդարեւ, կեանքը ապրիլ պայքար կրնայ պահանջել, որովհետեւ անիկա «ճամբայ» մըն է, եւ ճամբան քալել աշխատանք կը պահանջէ, ջանք կ՚ենթադրէ, եւ ամէն աշխատանք, գոնէ աշխատողին ինքն իրեն հետ պայքար մըն է։ Սակայն «կեանք»ը՝ ինք խաղաղութեամբ կ՚աճի եւ համերաշխութեան մէջ կը զարգանայ, հաշտ կացութիւն մըն է։

«Կեանք»ին այսպիսի աչքով մը նայիլ՝ կարելի է նկատել որպէս անգործութիւն, անշարժութիւն կամ ամլութիւն, ինչ որ կը նշանակէ՝ ապրելու ներուժը կորսնցնել։ Եւ այս պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարդ ուղղուի դէպի կրօնք եւ իմաստասիրութիւն։ Արտաքին աշխարհին մէջ որքան որ օտար եւ անտարբեր երեւի, որքան որ աննպաստ տեսնուի, իրականին անտեսանելի ներդաշնակութիւն մը՝ համեմատութիւն մը կը գտնուի։ Աշխարհի ստեղծագործութենէն մինչեւ օրերս իրականացած զարգացումները կը համարուի որպէս վերջին հանգրուան։

«Hamlet» գլուխ գործոց մըն է անտարակոյս, բայց քիչեր կը յիշեն, «Առաջին նաւաստի»ին՝ «Աստուած օրհէ ձեզ…» խօսքը։ Իրենց կեանքի միակ զբաղումը այս դերը կատարելն է այն հաւաքականութեան համար կարելի է կարծել, որ այն անձերը Hamlet-ներու, Horatio-ներու եւ նոյնիսկ Guildenstern-ներու հետ երբեք յարաբերութիւն չունին։ Նաեւ անոնք որ նուիրուած են հոգեւոր կեանքի, այս չի նշանակեր, որ անոնք հիացած են աշխարհային կեանքէն։ Արդարեւ, մենք կ՚ապրինք աշխարհի վրայ, ուստի պէտք չէ մերժենք աշխարհը՝ որ մեզի աւանդուած, վստահուած է Աստուծոյ կողմէ։ Ասիկա քրիստոնէական անուրանալի սկզբունք մըն է՝ կայսրին պատկանածը կայսրին, Աստուծոյ պատկանածը Աստուծոյ տա՛լ։ Ուստի, կատարեալ են անոնք՝ որոնք կրնան ներդաշնակել հոգեւոր կեանքը եւ աշխարհայինը, հաշտ են իրենք ներքին աշխարհին եւ արտաքին աշխարհին ապրումներուն։

Յիսուս լաւագոյն տիպարը եղաւ այս ներդաշնակութեան՝ Ան ապրեցաւ որպէս կատարեալ մարդ այս աշխարհի վրայ, բայց երբեք չբաժնուեցաւ Իր աստուածային բնութենէն։ Ան փորձութիւններով լեցուն աշխարհի վրայ ապրեցաւ բոլորովին անմեղ կեա՛նք։ Եւ երանելի՜ են անոնք՝ որոնք Քրիստոսի օրինակով տիպար կեանք կ՚ապրին։

Այնքան դժուա՞ր է ապրիլ կեանքի ճշմարտութիւններուն մէջ, այն ի՛նչ որ աւանդուեցաւ մեզի Քրիստոսի կողմէ, այնքան դժուա՞ր է ներդաշնակել հոգին եւ մարմինը։ Չէ՞ որ «մա՛րդ» ենք, օժտուած ենք բանականութեամբ, ուր կը գտնենք մեր գերազանցութիւնը միւս արարածներու նկատմամբ եւ կը հպարտանանք մեր խելքով, միտքով. բայց մենք ունինք նաեւ խի՛ղճ, որ մեր մէջ Աստուծոյ ձայնն է, եւ դժբախտաբար յաճախ չենք իմանար, չենք անդրադառնար անոր ներկայութեան։

Եւ եթէ կ՚ուզենք ճշմարիտ քրիստոնեաներ ըլլալ, պէտք է մեր կեանքով, ապրելակերպով «տիպար» ըլլանք, եւ ո՛չ թէ խօսքով. ուստի չի՛ բաւեր «Ես քրիստոնեա՛յ եմ», ըսել, այլ պէտք է «քրիստոնեայ ըլլա՛լ»։ Այս ալ կ՚իրականանայ ապրիլ աշխարհի վրայ բանականութեամբ՝ խիղճը առանց անտեսելու եւ առանց անտարբեր գտնուելու։ Կեանքը ապրելու համար պէտք է պայքարիլ, բայց ո՛չ թէ թշնամական զգացումներով, այլ՝ հաշտութեան ձգտումով, որովհետեւ կեանքը ի՛նք հաշտութիւն է՝ խաղաղութիւն, որուն հիմքն է սէ՛րը։

Եւ կեանքը կ՚արժէ ապրիլ երբ հոն կայ հոգեւոր պայքար, որուն նպատակն է հաշտութիւն եւ խաղաղութի՛ւն։

Մարդկութիւնը կը մերժէ ինքնակեդրոն կեանքը, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ հայելի մըն է «մարդ»ուն, ան պէտք է մօտենայ իր նմանին համակրական հասկացողութեա՛մբ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 16 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2023